Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոս Տենիս Ճորքայեֆ յայտարարած է, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն 4 Մայիսին երկօրեայ այցելութիւն պիտի տայ Հայաստան։
Ան հանդիպում պիտի ունենայ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ եւ պիտի մասնակցի Երեւանի մէջ կայանալիք Եւրոպական Քաղաքական Համայնքի վեհաժողովին։



