Պատերազմի ընթացքին նախ իրողութիւնն է, որ կ՚անհետանայ։ Մանաւանդ մերօրեայ պատերազմներու մէջ ամէն ինչ հիմնուած է ընկալումներ գոյացնելու վրայ։ Քարոզչամեքենան կ՚աշխատի թէ իր լսարանին եւ թէ հակառակորդի մօտ իրողութեան հակասող ընկալումներ ձեւաւորելու համար։ Նման ռազմավարութիւնը կը պահանջէ սուտ ու կեղծիք, մերժում եւ ուրացում։
Իրանի դէմ ուղղուած յարձակումներու ընթացքին յաճախ կը տեսնենք այս հաստատումներու վառ օրինակները։
Ամերիկացիներ կը ռմբակոծեն նախակրթարան մը, կը սպաննեն 170-ի մօտ աշակերտներ եւ անոնց տասնեակներով ուսուցիչները, եւ ապա կը փորձեն արդարանալ, պնդելով թէ դպրոցի անմիջական հարեւանութեան էր իսլամական վարչակարգի պահակազօրքը։
Երբ կը հերքուի այս պնդումը, անոնք շուտով կ՚ուրանան իրենց կատարած մարդասպանութիւնը, մեղադրելով հակառակորդը։ Արդարեւ ԱՄՆ նախագահ Թրամփ առանց երեսը կարմրելու պնդեց թէ իրանցիներ իրենք ռմբակոծած են իրենց դպրոցը։ Ցաւալին այն է որ այս տեսակի կոպիտ սուտերը անգամ որոշ շրջանակներու մէջ լուրջի կ՚առնուին, յանուն կրօնական խտրականութեան։
Նշենք թէ ամերիկեան յարձակումներէն ծանր վնասներ ստացած են Իրանի ենթակառուցուածքը եւ ըմպելի ջուրի պաշարները։ Կարճ խօսքով թշնամին կը փորձէ երկրի բնակչութեան դիմադրելու կարողութիւնը վերացնել, բայց այս ուղութիւնով կը մատնուի լայնածաւալ հակազդեցութեան։ Իրանցիներ որքան ալ դժգոհ ըլլան երկրի ներքին քաղաքականութենէն, չեն դիմեր արտաքին ուժերու զօրակցութեան, երկրէ ներս իշխանափոխութեան ձգտելով։
Միւս կողմէն Իսրայէլեան աւազակութիւնը կը շահագործէ պատերազմական վիճակը եւ երբ համաշխարհային ուշադրութիւնը ուղղուած է Իրանի, առիթէն օգտուելով կը խախտէ Կազզայի մէջ գոյացած զինադադարը եւ անխնայ կը ռմբակոծէ Պաղէստինի խաղաղ բնակչութիւնը։ Աւելին՝ ան իր յարձակումներուն թիրախ դարձուցած է Լիբանանը, ներառեալ մայրաքաղաք Պէյրութը։
Այս ու նման պայմաններու մէջ է որ նշուեցաւ 8 Մարտ Բանուոր Կիներու Միջազգային Օրը։
Ինչպէս նախորդ տարիներ Իսթանպուլի կուսակալութիւնը կամ Պէյօղլուի գաւառապետութիւնը իբրեւ կանխամիջոց փակեցին Իսթանպուլ քաղաքի ամենամարդաշատ թաղամասերը։ Պատնէշներով արգելափակեցին փողոցները թէ ինքնաշարժերու երթեւեկութեան եւ թէ մարդկանց անցումին։
Նոյնիսկ քաղաքի կեդրոնական հրապարակին բացուող մեթրօկայանները իրենց բաժինը ստացան պաշարման այս արտակարգ միջոցներէն։
Այս բոլորը կը պատահէին այնպիսի ժամանակաշրջանին, երբ սովորական երեւոյթ դարձած է կիներու փողոցներու վրայ սպանութեան դէպքերը։
Իշխանութիւնները հանդուրժողութիւն չունին կին կոչումը իսկ լսելու։ Անոնք կը նախընտրեն կինը տեսնել իբրեւ ընտանիքի միաւոր։ Բայց անդին կը մնայ պարզ իրողութիւն մը, կիներու կեանքը ամենաշատ վտանգուած է այդ ընտանեկան յարկի տակ։ Վիճակագրութիւններու համաձայն կիները սպանողներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը այդ նոյն կանանց կամ ամուսիններն են, կամ ալ նախկին ամուսինները։ Առնուազն մերժուած սիրելիներ։
Ահաւասիկ յստակ իրողութիւն մը եւս, որ կը քօղարկուի այրիշխան համակարգի զանազան կառոյցներու կողմէ։
Հետզհետէ աւելի մեծ իմաստ կը ստանայ «Փրկութիւն չկայ առանձին, կամ բոլորս միասին կամ ոչ ոք» կարգախօսը։


