Իրարմէ հարիւրաւոր քիլոմեթրեր հեռու ապրող, թերեւս երբեք իրարու չհանդիպած երեխաներ միաւորուեցան իրենց հասարակաց մշակութային ժառանգութեան մէկ մասնիկը հանդիսացող Թամզարայի շուրջ։ Ոմանք Պոլսոյ մէջ երգեցին, ուրիշներ՝ Կիպրոսի մէջ պարեցին, իսկ ուրիշներ Հայաստանի մէջ նուագեցին իրենց աւանդական երաժշտական գործիքները։ Տարբեր վայրերու մէջ կատարուած ձայնագրութիւններն ու տեսագրութիւնները միաւորուեցան մէկ երաժշտական եւ տեսողական ստեղծագործութեան մէջ։
Նախագիծին արտադրութիւնն ու համանուագային մշակումն իրականացուց Արի Ալիճիեան (Հալաճեան), հայկական աւանդական երաժշտութիւնը նորովի մեկնաբանելով երեխաներու ձայներուն, պարերուն եւ երաժշտական գործիքներուն միջոցով։ Նախագիծին մասնակցեցան Պոլսոյ «Քառասուն Մանկանց Դպրաց Դաս» մանկական երգչախումբը, խմբավար Սերճան Կազերօղլուի ղեկավարութեամբ, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի Nanor Junior Dance Group պարախումբը՝ գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց Գրիգոր Քելեշեանի ղեկավարութեամբ։
Հայաստանէն երիտասարդ երաժիշտ Նաիրա Խաչատրեան իր տհոլի, իսկ Նարեկ Սարգսեան՝ պլուլի եւ շուիի կատարումներով իրենց մասնակցութիւնը բերին ստեղծագործութեան։ Պոլիսէն Ռաֆֆի Տէրքէվորգեան եւս մասնակցեցաւ՝ տհոլի եւ կոպալի կատարումներով։
Նախագիծին տեսողական աշխարհը նոյնպէս ձեւաւորուեցաւ տարբեր երկիրներէ արուեստագէտներու համագործակցութեամբ։ Տեսահոլովակին մոնթաժը իրականացուց Արթօ տաւուլճուեան, իսկ շապիկին ձեւաւորումը պատրաստեց Հայաստանէն երիտասարդ նկարչուհի Մանէ Փաշինեան։
«Թամզարա»ն միայն աւանդական մեղեդիի մը համանուագային նոր մեկնաբանութիւնը չէ, այլ նաեւ տարբեր երկիրներու մէջ մեծցող նոր սերունդներու՝ իրենց հասարակաց մշակութային ժառանգութեան շուրջ համախմբուելու պատմութիւնը։ Ստեղծագործութիւնը կը յիշեցնէ մշակոյթի սերունդէ սերունդ փոխանցման մէջ երեխաներուն ունեցած կարեւոր դերը եւ արուեստին՝ աշխարհագրական սահմանները յաղթահարող միաւորիչ ուժը։
«Թամզարա | ԹԱՄԶԱՐԱ» հրապարակուեցաւ 20 Նոյեմբեր 2026-ին՝ Երեխաներու Համաշխարհային Օրը, թուային երաժշտական հարթակներու վրայ, իսկ տեսահոլովակը՝ YouTube-ի միջոցով։
Երեք աշխարհագրական շրջաններէ երեխաներ՝
Մէկ հասարակաց մշակութային ժառանգութեան շուրջ. Թամզարա
Երգահան, գործիքաւորող եւ նուագախումբի ղեկավար Արի Ալիճիեան (Հալաճեան), Նոյեմբեր 20-ի՝ Երեխաներու Համաշխարհային Օրուան առիթով, Թուրքիայէն, Հայաստանէն եւ Կիպրոսէն երեխաները համախմբեց հայկական աւանդական Թամզարա պարին շուրջ։



