Ծերանոցի մէջ դժուար էր յաղթահարել օրերու միապաղաղութիւնը։ Օրաթերթերը, առհասարակ ընթերցումը որոշ չափով կը զբաղեցնէին զինք, բայց Վեհանոյշի համար աւելի կարեւոր էր մարդկանց հետ շփումը։ Խօսիլ, խորաթել զանազան նիւթերով ու կիսել յիշատակներ։ Ո՛չ անցեալի յուշերուն հետ չէր ապրեր ան, բայց կը սիրէր այդ գունագեղ անցեալն ալ վերյիշել։ Մանկութենէն սկսեալ բազում ապրումներ դեռ վառ էին իր յիշողութեան մէջ։ Անշուշտ որ բազում անուններ կամ դէմքեր անհետացած էին տարիներու հոլովոյթով կուտակուած փոշիի խաւի մը տակ։ Բայց միւս կողմէ իրենց մանրամասնութիւններով զարմանք պիտի պատճառէին զինք լսողներուն։
Յաճախ կը հարցնէին. «Այսքան մանրամասնութիւնը ինչպէ՞ս կրցած ես պահել մտքիդ մէջ»։ Ան ալ իր կարգին կը զարմանար թէ այս բոլորը ինչպէ՞ս կրնան մոռցած ըլլալ։
Խնդիրն այն էր թէ տիկին Վեհանոյշը ծերանոցի քանի մը տասնեակ բնակիչներու մէջ կը դժուարանար զրուցակից ճարել։
Սա անցնող քանի մը օրերուն արդէն որոշ տպաւորութիւններ ունեցած էր ծերանոցի բնակիչներէն ոմանց մասին։ Օրինակ զգոյշ պէտք էր ըլլալ տիկին Արաքսիի հանդէպ, որ յաճախ իր շուրջինները կը մեղադրէր գողութիւնով։ «Օղերս գողցան» ըսելով իրար կը խառնէր ամբողջ ծերանոցը, եւ քանի մը օր ետք իր սենեակէն կը յայտնուէին գողցուած կարծած օղերը, պարզապէս ինք տեղ մը դրած ու մոռցած էր։ Յաջորդ օր նոյն պատմութիւնը կը կրկնուէր, ուրիշ իր մը կ՚անհետանար Արաքսիի սենեակէն, բայց անոնց կորսուելու պատճառը կը մնար նոյնը «գողցան»։
Էօժէնի հետ ալ դիւրին չէ։ Ծերերուն խնամողները կը փորձեն գոնէ շաբաթը մէկ անգամ զինք լոգցնել, բայց 90 ամեայ Էօժէնի կը մերժէ, ըսելով թէ մայրը պիտի գայ ու զինք լուացնէ։ «Մամաս վերջն ալ մազերս պիտի հիւսէ»։ Այս ըսած պահուն չէր անդրադառնար թէ եթէ անտեսենք քանի մը թել սպիտակած մազերը՞ Էօժէնի համարեա Ճաղատ էր։
Հապա Հրաչին ի՞նչ ըսես։ Օրուայ բոլոր ժամերուն կարելի է հանդիպիլ իրեն։ Հազիւ քանի մը վայրկեան կրնայ աստել եւ ապա դժգոհ է անոր այս շրջիկութենէն։ Փորձած են նախ զգուշացնելով հետզհետէ սաստելով իրեն հասկցնել թէ պէտք չէ ծերանոցի տարածքէն հեռանայ եւ զբօսնի ամէն տեղ։ Բայց ի զուր։ Հրաչ իր այդ շրջիկութեան շնորհիւ կ՚ընդունի զանազան նպաստներ։ Այս նպաստներու գլխաւորն է ծխախոտը։ Հիւանդներու մերցաւորներ երբ որ հանդիպին, կամ թէյով մը սուրճով մը կը հիւրասիրեն զինք կամ ալ նոյնիսկ դրամական օգնութիւն առաջարկողներ կը պատահին։
Նոյնիսկ եթէ եղանակը անյարմար է պարտէզ շրջելու համար, Հրաչ կ՚այցելէ հիւրանոցի դեղարանի բաժինը, այնտեղ անկիւն մը աթոռի մը վրայ թառած, այո ինչպէս հաւնոցի մէջ ճիւղի մը վրայ կը թառին հաւերը, Հրաչ ալ այդպէս կը թառի աթոռի մը ու անձայն կը հետեւի դեղարանի անցուդարձին, նոյն անձայնութեամբ կը խմէ դեղագործին մատուցած թէյը, երեք կամ չորս կտոր շաքարով քաղցրացուցած կերպով։
Դուրսէն դիտողներու համար խաբկանք մըն է ծերանոցի բնակիչները նոյնացնել, ընդհանրացնել եւ բոլորը միասին ընկալել «ծերերը» ըսելով։
Նոյնիսկ իրենց աշխատանքին բերմամբ օրուայ որոշ ժամերը իրենց հետ անցնող պաշտօնէութիւնը, դիւրաւ կը տարուէին այս խաբկանքին։
Տիկին Վեհանոյշ սակայն դուրսէն նայող մը չէր։ Ան շատ կարճ ժամանակի մէջ յայտնաբերեց իւրաքանչիւրի առանձնայատկութիւնները։ Աւելին այդ դիտարկումներով վերլուծութիւններ ալ կատարեց։ Օրինակ քուշարկեց թէ կին կամ այր, ինչ տարիքի ալ ըլլան չի դադրիր մարդ արարածի սեռային հետաքրքրութիւնները։
Նաեւ գուշակեց թէ մարդու մանկութենէն կամ երիտասարդութենէն սկսեալ իւրացուցած կիրքերը, սովորոյթները ծերութեան տարիներու ալ աւելի տեսանելի կը դառնան։ Ուրիշ տեսակ ինչպէս բացատրել բոլորին կողմէ Յակոբիկ կոչուած 94 ամեայ ծերունին, որ երբ տեսնես աջ ձեռքը միշտ տաբատին առջեւ։ Միշտ զբաղում մը ունի առջեւին հետ։ Քանի քանի անգամներ զինք զգուշացուցին «ամօթ է» ըսելով, բայց անօգուտ։ Վերջապէս բոլորն ալ համոզուեցան թէ իր այդ շարժումը ոչ թէ գիտակցութիւնով, բան մը հասկցնելու մարմաջով է, այլ անգիտակցաբար։
Այսպիսին էր Վեհանոյշի միջավայրը Ազգին Տան մէջ։ Բայց թող չկարծուի թէ կենդանութեան նշոյլներ ալ չկային։ Կային այդ նշոյլները, որոնք մերթ ընդ մերթ բողոքի մը ձեւով կը յայտնուէին։ Այդպէս եղած էր նախորդ կիրակի, երբ երիտասարդ հիւանդապահուհի մը խստօրէն սաստեց տիկին Մաքրուհին, որ պարտէզը, ծառի մը շուքին տակ նստած կը ծխէր։ «Չե՞ս գիտեր որ ծխելը արգիլուած է։ Սա ծառին կպցուած ազդարարութի՞ւնն ալ չես տեսներ»։
Այս ըսելով մատնացոյց ըրած էր հիւանդանոցի բոլոր ծառերուն կպցուած ազդանշանը, ուր սիկար մը նկարուած էր, վրայէն կարմիր շեղ գիծով մը չեղարկուած։ Տիկին Մաքրուհի զայրացաւ այս յանդիմանութեան եւ փոխադարձեց հայհոյանքով. «Ծառերուն այդ ազդանշանը կպցնողին ուղեղը…» ըսելով։ Ապա շարունակեց հայհոյանքը «Քու այդ երկար լեզուն ալ…»։
Շշմած էր երիտասարդ հիւանդապահուհին, մանաւանդ կինէ մը այդ տեսակ հայհոյանք լսելով։ Պահ մը տատամսեցաւ «արդեօք շատ առաջ գացի» խորհելով, բայց շարունակութիւնը գերազանցեց եւ մատով ցոյց տուաւ յիմարանոցի շէնքը։
Որքան ալ ջղայնացած ըլլայ, տիկին Մաքրուհին այդ սպառնալիքի դիմաց կուլ տուաւ մինչեւ շրթներուն հասած պոռթկումը։ Այդ պահուն է որ վրայ հասաւ բժշկապետը։ Իմանալով բանավէճի բնոյթը, ձեռքը բերաւ տարեց կնոջ ուսին եւ հանգիստ ձայնով ըսաւ. «Այս հիւանդանոցի մէջ ծխելու արգելք չեղած միակ վայրը իմ սենեակն է, երբ որ ուզես կրնաս այցելել, միասին կը ծխենք»։
Իսկապէս ալ բժշկապետը, որ միաժամանակ կանանց հիւանդութիւններու մասնագէտ էր, ահռելի ծխամոլ մըն էր նաեւ։ Բացի ծխամոլ ըլլալէ, ալ նաեւ ծխողներու պահապան հրեշտակն էր եւ իր սենեակին մէջ ծխելու առաջարկը նախապէս ալ ըրած էր զանազաններուն։
Այս բոլորը դիտելէ, մտքին մէջ կշռելէ, մեկնաբանելէ ետք Վեհանոյշի համար հրաշքի համազօր յայտնութիւններ եղան Վարուժան Քէօսէեանի եւ այր ու կին Պօղոս եւ Ալիս Վարժապետեաններու հետ ծանօթանալը։
Վարժապետեաններու հետ ծանօթացումը դարձեալ վէճի մը ականատես ըլլալու պատկեր մըն էր։ Պարոն Պօղոս խիստ զայրացած էր իր ազգանունին «տ» տառի փոխարէն «թ» գրուելուն։ «Ինչպէ՞ս կը համարձակիք «թ» գրելու։ «Պեթ» վերջածանցը կը դրուի վատ նշանակութիւն ունեցող բառերու վերջաւորութեան։ «Մուսիպեթ» կամ «ճենապեթ»ը այդպիսի բառերու օրինակներ են։ Ալ չեմ խօսիր «պեթեր» բառի մասին։ Մինչ Վարժապետը ուսուցիչի իմաստ ունի։ Մենք եօթը սերունդ ուսուցիչ եղած գերդաստանի մը շնորհիւ կը կրենք Վարժապետեան ազգանունը։ Դուք ինչպէ՞ս կը համարձակիք մեր անունը պեթ գրելու»։
Այս առարկութիւնը լսելով ուրախութիւն մը ծագեցաւ Վեհանոյշի սրտին մէջ։ Յայտնի է որ լաւ բարեկամութիւն պիտի ընէ Վարժապետեաններուն հետ։
(Շարունակելի)




