Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի ալ Հրանդ Տինքի ծննդեան օրը՝ 15 Սեպտեմբերը կը նշուի յատուկ միջոցառումով։
Սոյն միջոցառումը էականօրէն մրցանակատուչութեան հանդէս մըն է, ուր կը յայտարարուին տուեալ տարուայ պարգեւ ստացողները։
Հրանդ Տինք Հիմնարկի նախաձեռնութիւնով կազմակերպուած Միջազգային մրցումի թեկնածուներու անունները նախապէս կ՚առաջարկուին անհատներու կամ կազմակերպութիւններու կողմէ։ Ամէն տարի մարդու իրաւունքներու, ոլորտին մէջ ներդրում ունեցած գործիչներ, կը գնահատուին միջազգային դատակազմի մը կողմէ, առաջարկուած այդ թեկնածուներու մէջէն։
Սովորաբար ճշտուած անուններէն մէկը կ՚ըլլայ Թուրքիայէն, իսկ մէկը աշխարհի որեւէ երկրէ։
Այս տարուայ մրցանակաբաշխութիւնը պիտի կայանայ 15 Սեպտեմբեր երեքշաբթի օր, ժամը՝ 20.00-ին Հարպիյէ քաղաքապետարանի Մուհսին Էրթուղրուլ թատերասրահին մէջ։
Օրուայ հանդիսավարն է Շեպնեմ Հասսանիսօկհի։
Իսկ գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն՝ Մարալ Այվազ, Արի Պարոքաս եւ Սաշա Սերափ։
Առաջարկուած մրցանակի յաւակնորդները կը ծանօթացուին «Լոյսեր» խորագրեալ յատուկ բաժնի մը մէջ։
Մրցանակաբաշխութիւնը ուղիղ եթերի դրութեամբ պիտի հաղորդուի Հրանդ Տինք Հիմնարկի ընկերային ցանցերէն։ Դահլիճի մէջ հետեւելու համար կը պահանջուի արձանագրուիլ Հրանդ Տինք Հիմնարկին 0212 240 33 61 հեռախօսահամարով։



