Մոսկուայի ատրպէյճանական համայնքի ղեկավար Պախթիար Հասանով արտաքսուեցաւ Ռուսիայէն։ Այս մասին կը հաղորդէ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» գործակալութիւնը: Լրատուամիջոցին տեղեկութիւններով։ Հասանով ներգաղթեալներու պահման կեդրոնէն տեղափոխած են օդակայան՝ արտաքսելով Ատրպէյճան։
Մոսկուայի ատրպէյճանցիներու ազգային-մշակութային ինքնավարութեան ղեկավարի ռուսական անձնագիրը չեղարկուած էր 2025-ին։
Իր կարգին, Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը միջազգային հետախուզութիւն յայտարարած էր երեք ռուս քաղաքացիներու նկատմամբ` «երկրի տարածքային ամբողջականութեան խաթարման, սահմանադրական կարգի տապալման ուղղուած կոչերուն եւ ազգամիջեան թշնամանքի հրահրման համար»։
Ատրպէյճանական աղբիւրներու համաձայն հետախուզութիւն յայտարարուած է «Մոսկուա 24» պատկերասփիւռի կայանի լրագրող Իվան Քնեազեւի, Ռուսիոյ հաղորդակցութեան նախարարի խորհրդական, քաղաքական ճարտարագէտ Ալեքսէյ Չատաեւի եւ լրատուամիջոցներու փորձագէտ Սեմէոն Ուրալովի նկատմամբ։
Ատրպէյճանի դատախազութեան պնդումով՝ վերոնշեալ անձերը Յուլիսին եւ Օգոստոսին հեռարձակուած հաղորդումներուն ընթացքին «Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ անոր որոշ քաղաքացիներուն դէմ բռնութիւն կիրարկելու կոչեր ըրած են»։



