20Յուլիս 2026, Երկուշաբթի իրիկուն, Գնալը Կղզիի մէջ, Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի անուան Մարզական Փառատօնը սկիզբ առաւ հոգեւոր եւ աշխարհիկ հանդիսութեամբ։
Հանդիսութիւնը կը գլխաւորէր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, իր շուրջ ունենալով Իշխանաց Կղզեաց Քարոզիչ եւ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը։ Փառատօնը կազմակերպուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ, Ներսէսեան Դպրաց Դասու, Կազդուրման Կայանի, Շիշլի Մարմնակրթական Միութեան եւ Թաքսիմի Մարզական Միութեան համագործակցութեամբ։ Կազմակերպութեան գործին ներդրումը բերած է Ռաֆֆի Քալք։
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ ժամը 21.00-ին մասնակից մանուկներու եւ իրենց ծնողներու թափորով։ Անոնց կը միանային նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցիէն, Ներսէսեան Դպրաց Դասէն, Կազդուրման Կայանէն, Շիշլի Մարմնակրթական Միութենէն, Թաքսիմի Մարզական Միութենէն վարիչներ ու մարզիկներ։ Այնուհետեւ, անոնք ուղղուեցան Կազդուրման Կայանէն դէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի։
Խումբին կ՚ընկերակցէր Ռաֆֆի Տէր Գէորգեանի առաջնորդութեամբ կազմուած նուագախումբը։ Սոյն ուղեւորութեան ընթացքին կատարուեցաւ ճրագավառութիւն։ Այնուհետեւ թափորը հասաւ եկեղեցի եւ զանգակի ղօղանջներով համախմբուեցաւ զանգակատան մօտ։ Այստեղ խումբին անդամներ օրհնութիւնը ստացան մեր Հոգեւոր Պետին։
Ներկաներ Սրբազան Պատրիարք Հօր առաջնորդութեամբ աղօթեցին Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի հոգւոյն խաղաղութեան համար եւ Աստուծոյ առաջնորդութիւնը խնդրեցին խաղերու ընթացքին։ Միասնաբար արտասանուեցաւ Տէրունական Աղօթքը եւ երգուեցաւ «Տէր ողորմեա»ն։ Ներկաներուն մեծագոյն փափաքն էր, որ Աստուած անսասան պահէ հայեցի մթնոլորտով զուարճանալու առիթները։
Այստեղ, Հայր Սուրբը շնորհակալութեան խօսք մը արտասանեց եւ փառք տուաւ, որ այս տարի եւս մանուկներ եւ իրենց ընտանիքները խաղաղ են։ Իսկ Պատրիարք Հայրը օրհնութիւնը բերաւ ներդրում ունեցողներուն, գլխաւորութեամբ Հայր Սուրբին եւ կարեւորութիւնը շեշտեց, թէ կեանքի մէջ շատ իմաստալից է լաւ յիշատակներ թողելը։ Մաղթեց, որ այս խաղերը առիթ դառնան լաւ յիշատակներ հաւաքելու համար։
Թափորը անցաւ եկեղեցւոյ շուրջի փողոցներէն։ Գիշերը աւարտին հասաւ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ Յակոբ Կիւլէչի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած հայկական պարերով։
Խաղերը պիտի աւարտին 24 Յուլիս, Ուրբաթ։
Յիշենք որ Մեսրոպ Բ. Սրբազան իր պատրիարքութեան օրերուն մտայղացած էր նախաքրիստոնէական աւանդոյթի մը Նաւասարդեան մարզական խաղերու վերածնունդը։ Այս ուղղութիւնով կոչ ըրած էր համայնքի մարզակումբներուն եւ այսպէսով սկիզբ առած էին Գնալը Կղզիի մէջ ամառնային սահմանափակ ողիմպիականի մը բնոյթը ունեցող այս խաղերը, որոնք իր մահէն ետք դարձան իբրեւ աւանդութիւն պոլսահայ ընկերական ու եկեղեցական կեանքի մէջ։



