Նենէս՝ (մորս մեծ մայրը) Ովսաննան, երբեք մինակ չէր։ Ուր որ երթար, ձայները իրեն կը հետեւէին։
Ճիչերը ուշ գիշերով կու գային զինք գտնելու, երբ անկողին կը մտնէր՝ հանգիստ փնտռելով։
Ամէն անգամ որ կծու կերակուր ուտէր, կ՚ըսէր, թէ անիկա իրեն թշնամին կը յիշեցնէր՝ թէ ինչպէս կ՚այրէր։
Առօրեայ գործերն անգամ կրնային յիշողութիւն մը արթնցնել, որ գիսաստղի պէս կը սլանար ու կը հասնէր իր գիտակցութեան առաջին գիծը։ Գետնախնձոր մաքրած կամ լուացք ծալլած ատեն յանկարծ կը քարանար՝ կրկին հոն ըլլալով, սարսափի պահու մը մէջ։
Վերապրողներու սերունդին համար անցեալը ներկային մէջ կ՚ապրէր՝ ճնշող ու բառացի կերպով։ Միլիոնաւոր ուրիշներու նման, նենէս իր վիշտը կրեց մինչեւ վերջ՝ ունենալով միայն այն մխիթարութիւնը, թէ իրմէ ետք եկողներս երբեք պիտի չմոռնայինք։
Այս պատմութեան ծանրութիւնը ժառանգեցի այնպէս, ինչպէս մարդ կրնայ ժառանգել իր քիթին ձեւը կամ աչքերուն գոյնը։ Պատմութիւնները դարձան ժառանգական կազմիս մէկ մասը՝ ներծծուած ու բնական։
Ի տարբերութիւն նենէիս, որ ծնած էր Ատանայի եւ Մարաշի միջեւ գտնուող փոքր քաղաքի մը մէջ, ես մեծցայ Լոս Անճելըսի արուարձաններու նիրհուն համայնապատկերին մէջ։ Մինիվանները ծանրաշարժ կ՚ընթանային լայն ու խնամուած պողոտաներով՝ երեխաները դպրոցէն արուեստի դասեր, ապա փոքրերու մարզախաղեր տանելով։ Փակ առեւտրական կեդրոնները մեր ընկերային կեանքին կորիզն էին․ վայրեր, ուր կրնայինք գտնել ուտելու, գնում ընելու եւ զուարճանալու համար ամէն անհրաժեշտ բան, ապա դարձեալ լեցուիլ մեր ինքնաշարժներուն մէջ։
Թէեւ Ամերիկայի մեծ մասը այսպէս կ՚երեւի, իմ ծննդավայրս երկու առումով բացառիկ էր՝ բազմամշակութայնութեան ամրոց եւ համաշխարհային հայկական սփիւռքի կեդրոն։ Աշխարհի բոլոր կողմերէն հայեր տուն հաստատած էին այս քաղաքին մէջ՝ կազմելով բազմազան խճանկար մը, որ կ՚արտացոլացնէր Լոս Անճելըսի աւելի լայն նկարագիրը։ Իսկ Ապրիլ 24-ին բոլորս կը համախմբուէինք։
Այդ սգաւոր օրը ձեռնարկութիւնները կը փակուէին, ծնողները իրենց զաւակները դպրոց չէին ղրկեր, իսկ մենք բոլորս փողոցները կը լեցնէինք՝ արդարութիւն պահանջելու։ Զայրոյթի եւ վիշտի խառնուրդէն մղուած՝ կը տենչայինք մեր նախնիներուն պատմութիւնները խաւարէն դուրս բերել։
Ճանաչման համար մղուող պայքարը մնայուն տեղ գրաւեց ամերիկահայ սփիւռքի կեանքին մէջ, որուն մայրաքաղաքը Լոս Անճելըսն էր։ Թէեւ այս դատը կը միաւորէր մեզ՝ բազմաշերտ ու բազմիցս տեղահանուած ժողովուրդ մը, միաժամանակ մեզ անցեալին մէջ կը պահէր։
Մենք այնքան խեղդուեցանք մեր իսկ պատմութեան ծանրութեան տակ, որ մոռցանք ներկային մէջ պատմել մեր պատմութիւնը։ Հայ մշակոյթի արտայայտութիւնները վերածուեցան մասունքներու՝ ժամանակին մէջ առկախուած, պաշտուելու եւ պահպանուելու համար։ Աղէտէն երեք սերունդ հեռու ծնած եւ ձուլումի ալիքներուն դէմ պայքարող երեխայի մը համար անցեալը սահմանափակ բան կրնայ տալ ներկային։
Ես աւելիին կարօտը ունէի՝ վայրի մը, ուր հայութիւնը ոչ միայն անցողակի փորձառութիւն կամ գծիկով միացած ինքնութիւն էր, այլ շօշափելի ու առօրեայ իրականութիւն։
Այս մղումը զիս տարաւ Հայաստանի Հանրապետութիւն՝ բոլոր հայերուն խորհրդանշական հայրենիքը, պարարտ հող մը, ուր կրնայի արմատաւորել ինքնութիւնս։ Հակառակ Հայաստանի մէջ զարգացուցած պատկանելիութեանս խոր զգացումին՝ իմ սեփական արմատներս անոր սահմաններէն դուրս կը գտնուին։ Օր մը որոշեցի այցելել այն պետութիւնը, ուրկէ նախնիներս աւելի քան դար մը առաջ արտաքսուած էին։
Ես զիս գտայ Պոլսոյ մէջ
Ահա թէ ինչպէս 2025-ի Յունիսին ես զիս գտայ Պոլսոյ մէջ՝ հանդիպելու անոնց, որոնք մնացին։
Մեկնումէս առաջ սփիւռքահայ բարեկամներս ու ընտանիքիս անդամները ծանր արտայայտութիւններով զիս զգուշացուցին․
«Փողոցին մէջ հայերէն մի՛ խօսիր»։
«Անունդ յայտնելէ առաջ վստահ եղիր, որ հանդիպած անձիդ կրնաս վստահիլ»։
«Մարմնիդ վրայէն հայկական խորհրդանիշները հանէ՛»։
Անհանգստութիւնս այնքան մեծ էր, որ Պոլսոյ օդակայանը ոտք դնելու պահուն ես զիս փախստականի կամ լրտեսի պէս կը զգայի, որուն ծպտումը որեւէ վայրկեան կրնար բացայայտուիլ։
Ներգաղթի պաշտօնեայի ծանր կոպերուն ետեւ՝ աշխարհի տարբեր սահմանային անցակէտերուն վրայ պաշտօնեաներու մօտ տեսած նոյն անտարբեր հայեացքին մէջ, կը փնտռէի նշաններ, թէ թերեւս գիտէր, որ ես հոն չէի պատկանիր։ Շապիկիս տակ պահեցի այն վզնոցը, զոր երբեք չեմ հաներ։ Անոր վրայ կան չար աչք մը, անունիս առաջին տառը՝ հայերէնով, եւ Տատիկ Պապիկի՝ Արցախի ազգային յուշարձանին փոքրիկ կախազարդը, զոր ինծի նուիրած էին հոն ամէն ինչ կորսնցուցած բարեկամներ։
Հակառակ սկզբնական անհանգստութեանս՝ քաղաքը զիս եւս հմայեց, ինչպէս իրմէ առաջ այնքան ուրիշներ․ իր բլրաշարքերով, շողշողուն ծովապատկերով եւ գունագեղ թաղամասերով, ուր ամբողջ քաղաքակրթութիւններ կարծես կը միաձուլուէին։ Պոլիսը իր սեփական յաճախականութեամբ կը թրթռայ, իսկ հայկական համայնքը այդ համանուագին անբաժանելի մասն է։
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան ֆինանսական աջակցութեամբ եւ լուսանկարիչ Ալեքսիս Փազումեանի ընկերակցութեամբ՝ լրագրական աշխատանքս կառուցեցի մէկ հարցումի շուրջ․ ի՞նչ կը նշանակէ այսօր Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալ։ Ժամերով կը կորսուէի զրոյցներու մէջ՝ զրուցակիցներուս կեանքի մանրամասնութիւնները ներծծելով այնպէս, ինչպէս տարիներ առաջ ներծծած էի նենէիս պատմութիւնները։
Իմ համայնքիս նման, Պոլսահայերն ալ միատարր ամբողջութիւն չեն։ Հարցազրոյցներ ունեցայ տարբեր տարիքի եւ մասնագիտութեան տէր մարդոց հետ՝ ականաւոր մտաւորականներէն եւ Մեծ Շուկայի թրքախօս արհեստաւորներէն մինչեւ քաղաքական գործիչներ, գեղարուեստական համարձակութեամբ աչքի ինկող թատերախումբի անդամներ եւ նոյնիսկ խոհարար մը։

at the debut of "The Ones Who Stayed" exhibition
in Los Angeles on April 30, 2026. (Photo: Meg Aghamyan)
Թէեւ հայկական վայրերը յաճախ աննկատ կերպով կը ներկայանային՝ աննշան դռներու ետին կամ նեղ նրբանցքներու վերջաւորութեան, ներս մտնելէ ետք կենսունակ աշխարհ մը կը բացուէր։ Պոլսոյ մէջ արեւմտահայերէնը կը շարունակէ ապրիլ, իսկ դարաւոր աւանդութիւնները նոր ձեւեր կը ստանան։
Մինչ սփիւռքահայերը հակուած են Թուրքիան նկատելու իբրեւ վայր մը, ուր ժամանակին կայինք, Պոլիս այցելութիւնս փշրեց այդ պատումը։ Կորուստը, անկասկած, հայկական փորձառութեան առանցքային թեմաներէն է, սակայն այս համայնքը կը յենի նաեւ շարունակական ներկայութեան ոչ նուազ կարեւոր ժառանգութեան մը վրայ։
Հրանդ Տինքի խօսքերէն ներշնչուած՝ ծրագիրս կոչեցի Անոնք, որոնք մնացին՝ բնիկ ժողովուրդի մը յարատեւ ոգին արտայայտելու համար։ Այս խորագիրը ուղղութիւն տուաւ լուսանկարներու եւ հարցազրոյցներու այն հարուստ արխիւին հանդէպ մեր մօտեցումին, զոր ես ու Ալեքսիսը մեզի հետ բերինք։ Ապրիլ 30-ին, գրեթէ մէկ տարուան պատրաստութենէ ետք, Լոս Անճելըսի մէջ հանրութեան ներկայացուցինք մեր աշխատանքը՝ համանուն ցուցահանդէսով։
Հայերէնով անուանումը աւելի հզօր կը հնչէր՝ մենք հոս ենք։ Տեղի այս հաստատ հռչակումը՝ «մենք հոս ենք», կ՚առնչուէր ցուցահանդէսին առաջադրած էական հարցումին․ եթէ բացակայութեան փոխարէն ներկայութիւնը, իսկ ջնջումին փոխարէն կենսունակութիւնը կեդրոնացնէինք, ինչպէ՞ս պիտի տեսնէինք մենք մեզ։
Հարիւրաւոր մարդիկ հաւաքուեցան բացման՝ զիս յուզելով ու զարմացնելով իրենց անկեղծ հետաքրքրութեամբ այն երկրի հայկական կեանքին հանդէպ, որ մեզի՝ սփիւռքահայերուս համար, գրեթէ բացառապէս կապուած է սեփականազրկման եւ ջնջումի հետ։
Ծրագիրը իրական ժամանակի մէջ շարունակաբար զարգացնելու նպատակով հիւրերուն առաջարկեցինք բացիկներ լրացնել հետեւեալ հարցումով․ «Մենք հոս ենք» ի՞նչ կը նշանակէ ձեզի համար։
Ճամբորդութեանս նախապատրաստութեան ընթացքին ստացած մռայլ զգուշացումներս իրենց տեղը զիջեցան հիացմունքի եւ զօրակցութեան արտայայտութիւններու։ Ներկաները պատրաստակամութիւն ցոյց տուին յաղթահարելու ներկայիս Թուրքիոյ հետ կապուած սփիւռքեան ծանր բեռը եւ նոր կարելիութիւններ ստեղծելու մեզի համար, որոնք մեր ծագումը այդ հողին կը կապենք։
Ծրագիրին հանդէպ խանդավառութիւնը տարածուեցաւ Լոս Անճելըսի սահմաններէն անդին, եւ այժմ կը պատրաստուինք ցուցահանդէսը Լոնտոն տանելու՝ համագործակցելով Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) հետ։
Ցուցահանդէսը նուիրեցի մեծ մեծ ծնողներուս՝ Ովսաննային եւ Գրիգորին, որոնց պատմութիւնը իմ մէջ վերադառնալու փափաքը սերմանեց։ Յետադարձ հայեացքով՝ կ՚երեւակայեմ, թէ նենէս պիտի ուզէր, որ մենք ոչ միայն յիշէինք, այլեւ այդ ամբողջ ողբերգութեան վրայ նոր բան մը ստեղծէինք։ Պոլսոյ հայերը ինծի ցոյց տուին, որ հակառակ աներեւակայելի կորուստին՝ այդ մէկը կարելի է։ Անոնք մնացին, եւ իրենց ներկայութեամբ կը մարմնաւորեն մասնիկ մը՝ մեզմէ իւրաքանչիւրէն։
Մարալ Թաւիթեան Լոս Անճելըսէն լրագրող է եւ Հարաւային Գալիֆորնիոյ Համալսարանի Հայագիտական Ինստիտուտի փոխտնօրէնն է



