Սիմոնեան մամլոյ հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացինք նշեց որ բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի հարեւան երկիրներու՝ Վրաստանի, Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ Ազգային Ժողովի նախագահներու հետ։ Ան նաեւ բանակցած է Եւրոմիութեան ներկայացուցիչի, Ռուսաստանի Դաշնային Խորհուրդի նախագահի եւ Քաթարի խորհրդարանի նախագահին հետ։
«Ինչպէս Անատոլու Գործընկերութեան տրուած հարցազրոյցին նշած եմ, մենք այս պահուն սուր չլուծուած հարցեր չունինք ու կ՚ակնկալենք եւ կը սպասենք, որ ցամաքային սահմանը վերջապէս կը բացուի։ Այս մասին բազմաթիւ խոստումներ տրուած էին արդէն»։
Պոլսահայ մամուլի ներկայացուցիչներու հետ զրոյցի պահուն լրագրողները ուղղեցին զանազան հարցումներ, յատկապէս Նուման Քուրթուլմուշի հետ ունեցած զրոյցներուն, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին մէջ Պաքուի դերակատարութեան եւ 7 Յունիսին մօտալուտ ընտրութիւններուն մասին։
Արծարծուած նիւթերէն մէկն ալ պետական համակարգի եւ Մայր Աթոռի միջեւ շարունակուող լարուածութիւնն էր։
Պոլսահայ լրագրողները հետաքրքիր էին նաեւ Իրանի Կազզայի եւ առհասարակ Մերձաւոր Արեւելքի տարածքին խաղաղութիւնը վերականգնելու եղանակներու մասին լուսաբանութիւններ լսելու։
Արդարեւ կ՚անդրադառնանք սոյն հարցումներու մասին խորհրդարանի նախագահի պատասխաններուն։
Անդրադառնալով «Ժամանակ»ի խմբագրապետ Արա Գօչունեանի Նուման Քուրթուլմուշի հետ առնչուած հարցումին՝
«Մօտաւորապէս 1,5-2 տարի առաջ ես նամակ գրեցի Ատրպէյճանի, Վրաստանի, Թուրքիայի Ազգային ժողովի նախագահներուն։ Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հետ անձամբ խօսեցայ եւ ըսի որ այսպէս նամակ գրած եմ ձեզի, կ՚ակնկալեմ ձեր պատասխանը։ Բայց տարի ու կէս անց ինծի համար դրական անակնկալ մը եղաւ եւ Թուրքիայի Ազգային Ժողովի նախագահը Քուրթուլմուշը յայտարարեց, որ նման նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած է եւ այդ միայն միջ խորհրդարանական համագումարի մասին կը խօսի, որովհետեւ չուզէր այլ գործադիրի ոլորտ մտնել։ Կ՚ենթադրեմ որ միջանկեալ ինչ որ քայլ է, որ կ՚առնուի, որովհետեւ շատ երկար է եւ շատ ալ ձգձգուով խնդիր է սահմանի հետ կապուած որոշումը։ Մեր համար կարեւոր է որովհետեւ Հայաստան չի կրնար տարածաշրջանէն դուրս մնալ։ Մենք մեր խնդիրները եւ մեր հարցերը պէտք է քննարկենք անմիջական հարեւաններու հետ» ըսաւ Սիմոնեան։
«Ակօս»ի խմբագրապետ Եդուարդ Տանձիկեան ալ նշեց որ համոզուած է թէ Թուրքիան բնականոնացման եւ սահմաններու բացման խնդիրին մէջ կը սպասէ Հայաստան-Ատրպէյճանի խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը։
Հայաստանի իշխանութիւնը ինչպէ՞ս կը մեկնաբանեն այս խնդիրը։ Արդեօք ընտրութիւններն ալ սպասման պատճա՞ռ մըն են։
«Անկեղծ ըսեմ ես չգիտեմ ճշգրիտ ինչը կը սպասեն։ Որովհետեւ ամենասկիզբէն կը յայտարարուէր որ Ղարաբաղեան հիմնախնդիրը, քանի դեռ չէ լուծուած սահմանը չի բացուիր։ Յետոյ իրենք յայտարարեցին Ղարաբաղի հիմնախնդիրը լուծուած է։ Յետոյ ըսին պայմանագիրը։ Մենք պայմանագիրը քննարկեցինք եւ եկանք համաձայնութեան։ Դժուար ու երկար գործընթաց էր, բայց եկանք համաձայնեցանք։ համաձայնութիւն գոյացուցինք 17 կէտերու վրայ։ Գացինք նախաստորագրեցինք այդ պայմանագիրը, ձեռնուեցանք, բայց նորեն փոփոխութիւն մը չեղաւ։ Յետոյ Ատրպէյճանը սկսաւ Հայաստանի հետ առեւտուր ընելու։ Պարզուած պատկերը բաւական անարդար է, երբ նոյն Ատրպէյճանը իր լոպիին, իր ազդեցութեան միջոցներով կը խոչընդոտէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները։ Այս պահուն հիմնական խնդիրներու թերեւս առաջնայինը այնտեղ դեռ մնացած 19 հոգիներն են եւ անյայտ կորածներու ճակատագրի վերաբերեալ տեղեկութեան փոխանակումը։
Լիայոյս ենք որ սա ժամանակի խնդիր է եւ կը սպասենք, որ այդ տեղի կ՚ունենայ։ Այժմ նոր սահմանադրութեան նախագիծ կը հրապարակենք եւ յայտնի կը դառնայ ու մենք կը սպասենք մի գուցէ անկէ ետք այդ մէկ անգամէն տեղի կ՚ունենայ։
Ես կը կարծեմ որ շատ մօտ ապագային մենք կը տեսնենք սահմանի բացումը եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը։
Մենք մեր կողմէն եւ անոնք իրենց կողմէ ամէն ինչ ըրած ենք։ Ես ձեզ հետ կիսուեմ, երբ թուրք գործընկերներուս հետ կը խօսինք անոնց մօտ տպաւորութիւն մը կայ որ ըսելու բան մը չունին։ Ես կը կրկնեմ, այդ լոպիի ազդեցութեան պատճառով է։ Որուն Թուրքիան գերի է։ Քիչ մը տարօրինակ կը հնչէ, բայց ըստ երեւոյթի յարաբերութիւնները գերի մնացած են։
«Լոյս» մետիայի անունով ալ Էտկար Իկիդեան հարցուց հետեւեալը՝
Հանրապետութեան եւ Կաթողիկոսութեան միջեւ լարուածութիւն մը կը տիրէ։ Հիմա ո՞ր հանգրուանին հասած էք եւ արդեօք լուծում մը կամ յոյս մը կայ, որ այդ լարուածութիւնը ձեւով մը նուազի։
«Հայաստանի իշխանութեան եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ չլուծուող որեւիցէ վէճ ու խնդիր չկայ։ Նման բան գոյութիւն չունի։ Խօսքը անհատներու մասին է։ Կը կարծեմ որ ոչ դուք եւ բոլորը կը համաձայնին որ պետութիւնը եւ եկեղեցին պէտք է երկկողմ անջատ ըլլան։ Պետութիւնը չմտնէ եկեղեցւոյ գործերուն մէջ եւ եկեղեցին չմտնէ պետութեան գործերուն մէջ։ Պէտք է ըսեմ, որ այն ձայնը, որուն բարձրացուցին շատ ու շատ եկեղեցականներ եւ յայտարարեցին որ «Այո, խնդիր կայ եկեղեցւոյ մէջ»։ Այդ այն է որ ինչի մասին մենք շատ ժամանակ, շատ տարիներով խօսած ենք։ Նոյնիսկ յեղափոխութենէն ետք, երբ որ շարժումներ կային «Նոր Վեհափառ» եւ այլն, Հայաստանեան իշխանութիւնները մենք տեղ չտուինք այդ խօսակցութիւններուն։ Ի դէպ ըսեմ, դիմած են մեզի այդ ժամանակահատուածին։ Բայց մենք ոչ աջակցած ենք, եւ ոչ ալ մտած ենք այդ տեսակի վէճերու մէջ։ Որպէսզի այդ սկզբունքը, այսինքն երկու կառոյցներու տարանջատուածութիւնը պահենք։ Բնական է որ վարչապետը որպէս խոր հաւատացեալ, որպէս Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հետեւորդ չի կրնար անտեսել, այն դէպքերը եւ իրադարձութիւնները, որ տեղի կ՚ունենան պարկեշտութենէն դուրս, որոշ հոգեւորականներու մասնակցութեամբ։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը չի կրնար ունենալ երկու Արտաքին Գործերու Նախարարութիւն։ Չի կրնար բարձրաստիճան եկեղեցականը որոշէ, որ ի հեճուկս այն բանի որ ինքը նաեւ Գանատայի քաղաքացի է եւ դառնայ վարչապետ։ Բարձրաստիճան եկեղեցական չի կրնար քաղաքագրուած ըլլայ օտար երկրի գործակալական քաղաքականութեան։ Մենք երկիր կը կառուցենք ուր այսօր ներգաղթը շատ մեծ թիւ կը կազմէ։ Մի տարուայ ընթացքին մօտաւորապէս 10 հազար հայ մարդ մտած է Հայաստան, քան դուրս եկած է։ Մենք կը խօսինք սփիւռքի մասին, որ մեր համար կարեւոր է, բայց ունեցած ենք ներգաղթ։
Կը կարծեմ որ լուծումը հետեւեալն է, միանշանակ փոփոխութիւններ պէտք է տեղի ունենայ։ Սա անշրջելի իրողութիւն է։ Կը վստահեցնեմ ձեզ որ ընտրութիւններէ ետք այդ հարցը կը լուծուի։ Եկեղեցին կ՚ըլլայ, եւ պէտք է ըլլայ Հայաստանեան պետութենէն անջատ եւ նոյնպէս պէտք է չմտնէ մեր պետական գործերուն մէջ։
«Ակօս»ի խմբագիրներէն Լուսյէն Քոփար՝
Իմ հարցս խաղաղութեան մասին է։ Իրանի, Կազզայի, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութիւնը հաստատելու համար, ի՞նչ պէտք է ընենք։
«Ես Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահն եմ։ Իմ առաջին ցաւը այն է, որ յանկարծակի Հայաստանին այդ չկպնի որեւիցէ ձեւով։ Իմ ամենամեծ վախը այն է, որ յանկարծակի Հայաստանը ներքաշեն որեւիցէ գործընթացի մէջ։ Փառք Աստուծոյ առաջին անգամ մեքն ինչ որ ձեւով դուրս մնացած ենք։ Նայեցէք Իրանը 14 հարեւան ունի, չէ հարուածած Հնդկաստանին ու Փաքիստանին որոնք որ ադոմային զէնք ունին եւ չէ հարուածած նաեւ Հայաստանին։ Մենք իրենց հետ կ՚աշխատինք։ Փառք Աստուծոյ անոնց հետ չլուծուած խնդիր չունինք։ Յոյս ունիմ որ շուտով կ՚աւարտուի, կարծես նման նշաններ կայ։ Իրենց վերաբերմունքը մեր նկատմամբ նոյնպէս դրական է։ Մենք հազար տարի իրար հետ ապրած ենք եւ հազար տարի ալ ապրելու ենք։
Միեւնոյն ժամանակ մենք կը համագործակցինք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ։ Մասնաւորապէս Թրամփի ուղի, այդ նախաձեռնութիւնը որ հայ-ամերիկեան ֆիրմա է, եւ մենք ամէն ինչ իրենց հետ կը խօսինք։
Մեծ պատերազմ է։ Իրաւունքի ուժը այլեւս չի գործեր աշխարհին։ Մենք միշտ մեր իրաւունքներու մասին խօսած ենք, բայց մեր շերեփը թղթէ եղած է։ Այդ թղթէ շերեփը նոյնիսկ հաշուի չեն առներ որեւիցէ մէկը։ Հիմա Ռուսաստանի, Եւրոպայի, ԱՄՆ-ի, Իրանի պէս հսկայ երկիրներ իրար կը հարուածեն ու ես կը կարծեմ որ մենք պէտք է ըսենք «Մեզի մի նկատէք», «Մեզի հետ գործ չունիք», «Մենք այստեղ չենք», «Մենք այսօր բացակայ ենք», «Մենք չենք եկած»։
Հայաստանը այլեւս խաղաղութեան ուղին բռնած է։ Մեր տղաները, մեր աղջիկները պէտք է ապրին։ Մարդիկ պէտք է ապրին։ Այսօր մեր մօտ Հայաստանէն ինքնաթիռի տոմս գնելը եւ թռնելը որեւիցէ եւրոպական երկիր, կոպեկներ արժեն։
Հերիք չէ՞ մենք կոտորուինք, մատաղ ըլլանք։ Ազատ ենք։ Այսօր գործարարը չգիտէր Հայաստանեան հարկայինի պետի անունը, վարչապետի անվտանգութեան պետի անունը, ոստիկանապետի անունը որեւիցէ մէկուն անունը չգիտէ։ Որովհետեւ իրենց պէտք չէ, իրենք պէտք է աշխատին, պէտք է արտադրեն, պէտք է ապրին խաղաղութեան մէջ։
Այսօր ես այս քարտէզը կպցուցած ման կու գամ։ Որովհետեւ սա պատգամ է։ Սա հէնց խաղաղութեան մասին է։ Որովհետեւ մենք Սեպտեմբերի 21-ին կը նշենք Հայաստանի անկախութեան օրը։ Ես հարց կու տամ «Որն է այդ Հայաստանը, որ կը նշէք անկախութեան տօնը։ Ի՞նչ ձեւ է։ Սա այսօրուանը չէ՞»։ Չի կրնար Հայաստանը ժէօլէի պէս հեղուկ բան մը ըլլալ։ Մէկուն կը հարցնես ո՞րն է Հայաստանը կը պատասխանէ «Ատանան եւ Կարսը մէջը», «Լաւ Ղարաբաղն ալ մէջը կա՞յ» կը պատասխանէ «Այո»։ Կը հարցնես «Ջաւախքն ալ մէջը կա՞յ», կրկին կը պատասխանէ «Այո»։ Մէկը 99 միլիոնանոց, իսկ միւսը 11 միլիոնանոց երկու հարեւաններուդ չես կրնար ըսել «Մէկ օր գամ քու տունդ ձեռքէդ խլեմ», իսկ միւս օր ըսես «Այսօր գամ քու տունդ ձեռքէդ խլեմ»։ Չես կրնար այդպէս ապրիլ։ Եթէ այսպէս ըսես, յետոյ ալ կ՚ըսես «Վայ եկան մեզ կոտորեցին», «Վայ մեզ սահմանը չբացին»։
Հիմա ես քեզ կ՚ըսեմ։ Կարելի է ապրինք։ Պատմութեան ընթացքին ծեծ կերած ենք։ Մահ տեսած ենք… Այդ մարդիկ մեռած են, որ մենք Հայաստան ունենանք։ Իսկ մենք ունինք Հայաստանը։
Մեր սահմաններուն երկու տարիէ ի վեր երախայ չէ զոհուած։ Այս է խաղաղութիւնը։
«Մարմարա»ի խմբագիրներէն Նայիրա Սիւզմէ ալ հարցուց հետեւեալը՝
Արդեօք իշխանութիւնները ինչպիսի՞ քայլեր կ՚առնեն Հայաստանէն հեռացած մարդկանց ընտրութիւններու մասնակցութեան հետ առնչուած։ Ես երկքաղաքացի եմ եւ ինքս ինձ իրաւունք չեմ վերապահեր՝ որ քուէարկեմ։ Մանաւանդ որոշ երկիրներէն յատուկ մարդկանց պիտի բերեն, կը լսենք որ ընտրութիւններէն առաջ օթօպիւսներով, օդանաւերով մարդ պիտի բերեն քուէարկելու համար։ Այդ քուէարկումէն ետք անոր հետեւանքը պիտի մնայ Հայաստանի ժողովուրդին վրայ։ Ինչպիսի՞ քայլեր պէտք է մտածէ իշխանութիւնը՝ նման երեւոյթը կանխելու համար։
Նման փորձեր կ՚ընեն։ Ես համոզուած եմ որ անոնց մեծ մասը կու գայ, որ մեզ կրկին ընտրէ։ Միեւնոյն ժամանակ այո կը փորձեն Հայաստանը վերածեն գաղութի եւ դուրսէն եկած մեծահարուստ նշանակեն Ռուսաստանի եւ Կիպրոսի քաղաքացի է, որը որ հեռուէն տեղապահի պէս պէտք է ղեկավարէ Հայաստանը։ Ես վստահ եմ, որ Հայաստանի քաղաքացին թոյլ չի տար ասոր։
Տեսէք մենք մեծ սփիւռք ունեցող ազգ ենք։ Բայց պէտք է Հայաստան ապրիս եւ գոնէ մէկ անգամ Նիկոլի վրայ ջղայնանաս։ Կամ փողոցը փոսի մէջ իյնաս ջղայնանաս, գնահատես լաւը, ստանաս թոշակը եւ նայիս այդ թոշակը կը բաւարարէ քեզ թէ ոչ։ Այսինքն դուն ասոնք պէտք է ապրիս։
Իսկ ինչ կը վերաբերի սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու վրայ։ Սփիւռքը ինծի մարդ կրնայ տալ։ Կրնայ ձեզմէ մէկուն տղան կամ աղջիկը լաւ մասնագէտ ըլլայ եւ գայ Հայաստանի մէջ աշխատիլ, ապրիլ, երախաներ ունենայ եւ անոր հետ շատնանք եւ անոնցմով շէնցնել երկիրը։ Անընդունելի է սփիւռքին նայիլ որեւէ մի բան պոկելու համար։
Ուկրաինային, Մոլտովիային եւ Վրաստանին որոնք Եւրոմիութեան թեկնածու երկիրներ են, մենք մեր ցուցանիշներով՝ մարդու իրաւունքներու ոլորտին մէջ գերազանցած ենք զիրենք։ Օգտուինք այս ժամանակահատուածէն եւ երթանք առաջ։
Ալեն Սիմոնեան պատասխանելով Արա Գօչունեանին մի այլ հարցումին նշեց թէ՝ «Ռուսը եւ Ուկրաինացին հարազատ եղբայրներ են։ Հինգ տարիէ ի վեր իրար կը մորթեն։ Միլիոնէն աւելի մարդ մահացաւ կազի եւ տարբեր խաղերու համար։ Բայց մենք ի՞նչ ենք որ։ Ընդամէնը երեք միլիոն հայ մնացած ենք հայրենի երկրի վրայ։ Նայեցէք եզդիներուն, որ մեծ ազգ են, բայց պետականութիւն չունին։ Մենք պետականութիւն ունինք։ Այս խաղաղութիւնը չպահե՞նք։
Մամլոյ հարցազրոյցը շարունակուեցաւ Եւրոմիութեան անդամակցելու, Եւրոպայի տարածքին ազատ տեղաշարժի վերաբերեալ հարցումներով, որոնց գոհացուցիչ պատասխաններ փոխանցեց ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան եւ իր խօսքը աւարտին բերաւ «Մեր արժէքը ազատութիւնն է» կարգախօսով։




