11 տարի անցաւ։ «Ակօս»ի հայերէն էջերու հաշուով թիւ մը անգամ չեղաւ որ զինք յիշած չըլլանք։ Իւրաքանչիւր թիւին խմբագրութեան ժամանակ իրմէ հետք մը, լսածներէս փսոր մը, յուշ մը կու գար, մեր մտքին կը կառչէր։ Համոզուած ենք որ իր բացակայութիւնով մեր մէկ կողմը միշտ պակաս է։
Այսօր կը պատրաստուինք «Ակօս»ի հիմնադրութեան 30-ամեակը նշելու։ Նախ ձեզի հետ խօսիլ ուզեցի։ Այս առթիւ ուզեցի «Ակօս»ի հիմնադիրներէն եւ հայերէն էջերու բազմամեայ աւագ խմբագիր Պարոն Սարգիս Սերովբեանի տիկնոջ հետ զրուցել եւ իրմէ լսել թէ ի՞նչ էր Սարգիս Սերովբեանի եւ Հրանդ Տինքի բարեկամութեան անցեալը եւ ինչպէ՞ս սկսաւ անոնց համագործակցութիւնը։
Յստակ չեմ գիտեր թէ ի՛նչ առիթով եւ երբ ծանօթացան, բայց գիտեմ որ այդ ծանօթութիւնը բաւականին հին էր։ Գալով թերթի համագործակցութեան, կրնամ նշել 1995-ի վերջերը։ Հրանդ այս շրջանին զանազաններու հետ կարծիքներ կը փոխանակէր երկլեզու շաբաթաթերթ մը հրատարակելու մասին։ Սարգիսը խանդավառ կերպով ողջունեց այս գաղափարը։ Թերթի առաջին խմբագրատունը Տոլափտէրէ փողոցի վրայ շէնքի մը վերնայարկն էր։ Հրանդ այնտեղ խորհրդածութիւններ կ՚ունենար Լուիզ Պաքարի, Մեսրոպ Սրբազանի, որ աւելի ետք պիտի դառնար Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք եւ այլոց հետ։ Այդ հանդիպումներուն ներկայ կ՚ըլլար նաեւ Սարգիսը։
Ան իբրեւ մասնագիտութիւն սառնարաններու եւ լուացքի մեքենաներու սարքող եւ նորոգիչ էր։ Մինչեւ 60 տարեկան իբրեւ հմուտ վարպետ աշխատեցաւ այդ գործին մէջ եւ բազմաթիւ աշկերտներ ունեցաւ, որոնք ապագային եւս դարձան վարպետներ։
Ահռելի ընթերցասէր մըն էր եւ նոյնիսկ այդ աշխատանքի տարիներուն յօդուածներ կը գրէր «Քուլիս»ին շատ անգամ նիւթ ունենալով հայ դիցաբանութիւնը։
Կ՚երազէր ճաշարան մը բանալ, որուն մէջ պիտի գործակցէր Պերճ Քամբարոսեանի, Մարտիրոս Պալըքչըօղլուի եւ Եդուարդ Թովմասեանի, այսինքն բոլորին ծանօթ Թոմոյի հետ։ Չիրականացաւ այդ երազը, որուն փոխարինեց «Ակօս»ի այս նոր ու յուզումնալից ոդիսականը։ Յաճախ կ՚ըսէր. «Գիտցածներս պէտք է կիսեմ ուրիշներուն հետ ալ»։
Յաճախ կը հարցնէին «Հո՛ճա, ո՞ր համալսարանէն շրջանաւարտ էք»։ Ան ալ կը պատասխանէր հեզութեամբ՝ «Ես ինքնուս եմ»։
Գիտեմ որ Պարոն Սերովբեանի նախասիրութիւններէն էր պատմական Հայաստանի քաղաքները այցելել։ Վերադարձին ինծի փոքրիկ յուշանուէրներ կը բերէր։ Ապա այդ տպաւորութիւնները ընթերցողին հետ կը բաժնէր «Ակօս»ի էջերէն։ Դուք մասնակցա՞ծ էք այդ պտոյտներուն։
Մի քանի անգամ այո։ Քամբարոսեաններու հետ մեր ինքնաշարժով մինչեւ Անի ճամբորդած ենք։ Տարիներ անց 2008-ին այս անգամ «ՀայՃար»ի պտոյտի մը ուղեցոյցն էր ամուսինս եւ կրկին անգամ Անի այցելեցինք։
Իր հետ շրջած քաղաքներէն կը յիշեմ Կարսը, Ատանան, Էլազըղը, Հաթայը, Մարտինը, եւ Տիյարպեքիրը։
Անգամ մըն ալ փոքր խումբով շրջեցանք Եգէական ծովու ծոցերը, հետեւելով Կապոյտ ճամբորդութեան ուղեգծին։
Այդ ճամբորդութիւնները կազդուրիչ եղած են Սարգիսի համար։ Կրնամ ըսել թէ այդ օրերուն աւելի առոյգ, աւելի առողջ կը զգար, քան սովորական ժամանակներ։
Տիյարպեքիրի տպաւորութիւնները ինչե՞ր են։
Բագրատի եւ Սեդայի հետ Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցւոյ բացումին գացինք։ Ելքին Բագրատ առաջարկեց լեարդի խորոված ուտել։ Իրեն ըսած էի որ «Այսօր մեր ամուսնութեան տարեդարձն է»։ Երբ ճաշէն ետք մատուցողները տարեդարձի կարկանդակը սեղան բերին կատարեալ անակնկալ մըն էր Սարգիսին համար։ Եկեղեցւոյ բացումին եկողներէն ծանօթ դէմքեր ալ նոյն ճաշարանը եկած էին եւ անմոռանալի օր մը անցուցինք։ Մինչեւ այսօր՝ երբ Տիյարպեքիրի Եկեղեցւոյ խօսքը ըլլայ այդ ապրումները կը յիշեմ...
Սարգիս նախքան եկեղեցւոյ բացումը Էօզճան Ալփէրի նկարահանած «Ապագան Երկար Կը Տեւէ» ֆիլմին մէջ մարմնաւորած էր այս քաղաքի խորհրդանշական անուններէն Անդրանիկ Զօրի՝ կամ աւելի ծանօթ անունով Անդօ քեռիի կերպարը։ Այդ նկարահանման օրերու ապրումները՝ ճաշած ճաշարանները՝ հանդիպած տեղացիները մէկ-մէկ ծանօթացուցած էր ինծի։
Քարերու հանդէպ յատուկ ուշադրութիւն ունէր Պարոնս։ Աւերակի մը,խոնարհած եկեղեցիի մը, կիսափուլ բերդի մը ստորոտէն քարի կտորներ կը հաւաքէր ու կը դիզէր «Ակօս»ի գրասեղանին վրայ պղնձեայ հին ափսէի մը մէջ։ Տան մէջ ալ այդ տձեւ քարերու բեկորներէն ունէ՞ր։
Ճիշդ ես։ Յատուկ ուշադրութիւն կ՚ունենար այդ քարերուն հանդէպ։ Եւ ո՛չ միայն քարերը, Աղի լիճէն բերուած, աղի կոյտ մը եւ հնամաշ պղնձեայ զանազան իրեր դեռ մը մնան Կղզիի տան մէջ։
Գիտեմ որ Պարոն Սերովբեանի գերզգայուն եղած նիւթերէն մէկն ալ խոհանոցն էր՝ մանաւանդ ալ ձէթով պատրաստուած ուտեստեղէնը։ Կը պատմէր մօրը պատրաստած տերեւի եւ ուլականջի տոլմաները։ Նաեւ կը յիշեմ որ անգամ մը խոստովանած էր. «Մանիշակը մամաս գերազանցեց» ըսելով։ Դուք ինչե՞ր կը պատմէք խոհարար Սարգիս Սերովբեանի մասին։
Կը սիրէր խոհանոցին մէջ ինծի օգնել։ Բայց կը մնար օգնականի դիրքին մէջ։ Տոլմային սոխերը ինք կը չարդէր, բայց եփելը ինծի կը մնար։ Քէօֆթէ որ պիտի եփենք, աղացած միսը ինք կը շաղուէր եւ ապա «ձեւը դուն տուր» կ՚ըսէր։
Զատիկին նախորդող չորեքշաբթի օր «Ակօս»էն տուն որ կու գար չէօրեքի բուրմունքը պատած կ՚ըլլար չորս դին։ Այլեւս չէր համբերեր եւ կը համտեսէր։ Ռուսական աղցանի մայոնէզը ինք կը պատրաստէր։
Գիտեմ որ շատ տղամարդիկ կը սիրեն խոհանոց մտնել՝ բայց դուրս կու գան ետեւնին ահռելի գործ թողելով։ Սարգիսը այդպիսին չէր։ Նոյն խնամքով կը հաւաքէր նաեւ տարտղնած խոհանոցը։ Մօրս մահէն ետք թոփիկի պատրաստութիւնն ալ ինք ստանձնեց։ Լաւ լաքերտա կը սարքէր։ Մաքրուած ձուկը երեք օր ջուրի մէջ կը պահէր, ապա աղով կը պատէր եւ սառնարան կը վերցնէր։ Իր մեծ հաճոյքը ուտելէ աւելի իր ձեռքով պատրաստածները ուրիշներու հետ կիսելն էր։
Կը կարծեմ Պարոնս մեզմէ շատ աւելի կանուխ գիտակցած էր իր հիւանդութեան։ Կտակի նման թելադրանքներ կ՚ընէր. «Բագրատը արեւելահայերէն բառեր շատ կ՚օգտագործէ, ուշադիր եղիր եւ կարգ մը բառերուն թոյլ մի՛ տար»։ «Նոթ առ, այս, այս, այս... բառերը սխալ կը գրես, ուղղէ՛» ըսել սկսաւ։ Ամէն ինչ նոթ առի, արցունքը աչքիս սխալներս սորվեցայ։ Դուք ալ տան մէջ նշմարեցի՞ք այս տեսակի փոփոխութիւններ։
Ո՛չ, ինծի բան չըսաւ։ Ես խորհուրդ տուի բժիշկի երթալու։ Բժիշկը քննեց, արեան ճնշումը քիչ մը բարձր գտաւ եւ երբ առիթ մը գոյացաւ. «Կասկած մը ունիմ, բայց դեռ երախաներուն բան մի՛ ըսեր» ըսաւ։ Ապա ինք «Ակօս» գնաց եւ ես ալ տուն վերադարձայ։
Ախտաճանաչումը յստակացած պահուն արդէն բաւականին ուշ էր։ Հիւանդութեան չորրորդ փուլին հասած էինք։ Բժիշկ Պարգեւ Պալըմեանը մեր ընտանեկան բարեկամն է նաեւ։ Զիս զգուշացուց ըսելով որ հիւանդութիւնը օրէ օր պիտի ծանրանայ եւ ես անզօր պիտի մնամ, մտածեցի Զատիկէն ետք հիւանդանոց դիմելու մասին։
Բայց ափսոս Զատիկն ալ չտեսաւ։ Ծաղկազարդի օրով մահացաւ։ Այս տարի Ծաղկազարդը ճիշդ մեռած օրուան կը զուգադիպի։ Եթէ քիչ մը եւս ապրէր պիտի նշէինք ծննդեան 80-ամեակը։ Կը մխիթարուիմ այն խորհուրդով թէ երկար չտառապեցաւ։ Փետրուարին սկսաւ եւ Մարտին ամէն ինչ աւարտած էր։ Աստուած ողորմի…
Այսօր Սարգիս Սերովբանի մահով թերթս զուրկ մնաց Հայոց դիւցազնաբանութեան վերաբերող գրութիւններէ։ Ըստ ձեզ ի՞նչ կ՚ուզէիք որ երած ըլլար եւ չեղաւ։
Ի՞նչ ըսենք, կեանքը այսպէս է։ Տարբեր հայեացք՝ տարբեր տեսանկիւն ունէր։ Կը ճամբորդէր, լեռ ու ձոր կը մագլցէր, կ՚ուսումնասիրէր եւ ապա կը գրէր։
«Երանի թէ այս ալ գրած ըլլար» ըսելու փոխարէն անտիպ գործերուն լոյս տեսնելը կը փափաքէի։ Օրինակ, իր մեծմօր՝ Զարիկ Եաեայի կեանքը գրած էր։
Վերջապէս Սարգիսը 80 տարուայ կեանք մը ապրեցաւ, որուն բաւականին երկար մէկ հատուածը կիսեցինք իրար հետ։ Ունեցանք երկու զաւակներ եւ այդ բոլորին համար միշտ երախտապարտութեամբ պիտի յիշեմ իմ սիրելի ամուսինս։




