Նախարարական նոր նշանակումներ
Նախագահ Էրտողան 10 Փետրուարին հրապարակած որոշմնագիրով նոր նշանակումներ կատարած է երկու նախարարութիւններու համար:
Այսպէս Ներքին Գործոց եւ Արդարադատութեան նախարարութիւններէ ներս կատարուած են պաշտօնափոխումներ:
Ներքին Գործոց նախարար Ալի Երլիքայա իր պաշտօնը կը փոխանցէ Էրզրումի կուսակալ Մուսթաֆա Չիֆթճիի: Արդարադատութեան նախարար Եըլմազ Թունճ ալ իր աթոռը կը զիջի Իսթանպուլի նախկին աւագ դատախազ Աքըն Կիւրլէքի:
Այս վերջինը հասարակութեան մօտ բաւականին ծանօթ անուն մըն է, իր հետապնդած քաղաքական բնոյթի հարցաքննութիւններով: Մանաւանդ Ժողովրդահանրապետականներու կուսակցապետը եւ նոյն կուսակցութեան նախագահական թեկնածուն անցեալին շատ ծանր քննադատութիւններ ունեցած էին Կիւրլէքի դէմ: Անոնք նոյնիսկ չէին վարանած «շարժուն կիյոթին» ածականով յիշելու իր անունը: Արդարեւ կուսակցութեան հասցէին շինծու մեղադրանքներով յարուցուած բոլոր հարցաքննութիւններու ետին կը յիշուէր Աքըն Կիւրլէքի անունը: Իբրեւ թէ ականատեսներու վկայութեամբ, բայց շատ անգամ ալ զրպարտութեամբ մեկնարկող այդ դատական գործընթացները որքան ալ համոզիչ չըլլայ հասարակութեան լայն շրջանակի մը համար, միշտ գործադրուեցաւ «Դատարանները անկախ են» կարգախօսը պատրուակելով: Արդարադատութեան նախկին նախարար Եըլմազ Թունճի բերնին ծամօն եղած երկու կարգախօսէն մէկն էր այդ, իսկ երկրորդը «Թուրքիա իրաւաբանական երկիր է»:
Այս զոյգ նշանակումներով 2028-ի, կամ թերեւս ալ կանխահաս ընտրութիւններու ընդառաջ, նոր շրջան մը կը բացուի երկրի քաղաքական զարգացումներու առումով:
Յատկապէս Ներքին Գործոց Նախարարները կը ներկայացնեն ներկուսակցական որոշ խմբակներ: Այս երեւոյթը յստակ ցոլացումներ ունեցած է մօտ անցեալին եւս: Տակաւին յիշողութիւններու մէջ թարմ է նախկին նախարարներէն Սիւլէյման Սոյլուի եւ Նախագահ Էրտողանի փեսայի միջեւ նկատելի ճակատումը: Ով որո՞ւ մարդն է: Նման հարցադրումը եւ անոր շուրջ ծաւալող բամբասանքները անվերջանալի են նախարարութեան նրբանցքներուն մէջ:
Հիմա տեսնենք թէ նորանշանակ Մուսթաֆա Չիֆթճիի կերպարի ետին որո՞նց աստղը պիտի փայլի, ովքե՞ր օրակարգէ դուրս պիտի մնան:
Նմանապէս Աքըն Կիւրլէքի նախարարութեան օրով տակաւին ի՞նչ դաւադրական դատեր պիտի բացուին, ի՞նչ արգելքներ եւ սահմանափակումներ պիտի կատարուին:
Եթէ ոչ Մուսթաֆա Չիֆթճին, բայց Աքըն Կիւրլէք բաւական վիճայարոյց անուն մը ըլլալուն, աղմկալի եղաւ նաեւ անոր Խորհրդարանի մէջ երդման արարողութիւնը։ Իշխանութեան եւ ընդդիմադիր երեսփոխաններ ծեծի բռնուեցան, երբ ան ամպիոն բարձրացաւ երդումը կատարելու համար։
Թրքերէն ասացուածքը կ'ըսէ թէ Հինգշաբթիի գալուստը յայտնի է Չորեքշաբթիէն: Հետեւաբար նոր նշանակումները դիտելով դժուար է բարի յոյսեր սնուցել երկրի ժողովրդավարացման կամ մարդու իրաւունքներու բարելաւման ակնկալութիւններով:
Նոր դրութեան ուշագրաւ երեւոյթը այն է, որ նախարարներու փոփոխութիւնը պատճառաբանութիւն մը չունենար։ Ինչո՞ւ փոխուեցան Ներքին Գործոց եւ Արդարադատութեան նախարարները։ Յայտարարութեան մը բացակայութենէն զատ, նման հարցում մըն ալ չլսուիր։ Այս ալ նախագահական նոր վարչակարգի բնական ցոլացումն է կարծես։ Ամէն ինչ կ՚ընթանայ մենատիրական կամայականութիւնով։

