Երբ երկու երկիրներու սահմանագիծը կը դառնայ անհաղորդ տարածք մը, բնականաբար կ՚ունենայ խորհրդանշական նոր իմաստ մը եւս։ Այդպիսին եղած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ պետական սահմաններու մերձակայքը։ Օրն ի բուն իրար տեսնող մարդիկ պետական սահմանագծի մը տարբեր կողմերը գտնուելով անհաղորդ դարձած են իրարու։
Երեւոյթը ուշագրաւ էր նաեւ գեղարուեստի ու գրականութեան ոլորտի մարդկանց համար եւս։ Արդարեւ «Ակօս»ի վաստակաւոր լուսանկարիչ Պերճ Արապեան ընկերակցելով «Ճումհուրիյէթ» թերթի աշխատակից Փընար Էօղիւնչի հետ ուղղուեցաւ սահմանամերձ Բագարան եւ Հալըքըշլաք գիւղերը՝ մին Հայաստանի եւ միւսը Թուրքիոյ սահմանագծին վրայ։
Պերճ Արապեանի այս ուղեւորութեան ընթացքին պատկերած լուսանկարները ամփոփուեցան «Գիւղ մը, գետ մը եւ երկու երկիրներ» խորագրեալ ալպոմի մը մէջ։
Յիշենք թէ այսօր երկու երկիրներու միջեւ բաժանուած գիւղը անցեալին ամբողջական միաւոր մը կը կազմէր, Ախուրեան գետի երկու ափերուն տարածուող իր դիրքով։
Սահմանամերձ կոչումի մի այլ բացատրութիւնն է կեդրոնախոյզը։ Սա իր հետ կը բերէ աչքէ հեռու ըլլալու հանգամանքը եւս։ Հոգեվիճակ մը՝ որ հաւասարապէս կը բաժնեն սահմանամերձ տարածքներու բոլոր բնակիչները, անկախ իրենց ազգային, կրօնական, լեզուական տարբերութիւններուն։ Լքուածութեան հոգեբանութիւնն է ան, որ ալ աւելի շեշտակի կը դառնայ տնտասական ծանր պայմաններով։

«Երկու կողմերուն ալ հանդիպեցանք խոժոռադէմ մարդկանց, որոնց այլամերժական հայեացքը զգալի էր մերթ իմ մերթ ալ Փնարի հանդէպ։ Մեր բարեբախտութիւնն էր օգտուիլ երկու տարիներ առաջ այս գիւղերուն մէջ աշխատակցող Ալի Սալթանի փորձառութիւններէն։ Անոր յանձնարարութեամբ ծանօթացանք Բագարանի մէջ Գոհար եւ Զոհրապ Ղազարեաններուն եւ Հալըքըշլաքի մէջ ալ Սայիմա եւ Ճեմալ Սարըտաղ ամոլին, որոնք մեզ հիւրընկալեցին իրենց ընտանեկան երդիքին տակ» կը պատմէ Պերճ Արապեան։
Վերոնշեալ ալպոմը պաշտօնական հրատարակութենէ մը աւելի յիշատակարանի մը բնոյթ ունի, որ Քեմալ Ճենկիզքանի, Եուսուֆ Ասլանի, Մուրատ Կերմենի եւ Տորա Կիւնելի լսուանկարներու անջատ հաւաքածօներով կը կազմէր ժամանակակից լուսանկարիչներու գործերէն բաղկացող շարք մը։



