Հրանդ Տինք սպանութեան 19-րդ տարելիցին յիշատակուեցաւ
"Բայց ան չհրաժարեցաւ իր հաւատացած ճամբէն։ Չհեռացաւ երկրէն…"
Թերթիս հիմնադիր եւ հրատարակութեան ընդհանուր տնօրէն Հրանդ Տինք, սպանութեան 19-րդ տարելիցին առթիւ, ոգեկոչուեցաւ իր նահատակութեան վայրին՝ «Ակօս»ի նախկին խմբագրատան առջեւ։
Այս տարի եւս կայացած ոգեկոչման հանդէսին մասնակցեցաւ ստուար բազմութիւն մը։ Տարուան յիշատակութեան խօսքը արտասանեց Փոխ Խմբագրական Վարիչ եւ տեսողական գործերու տնօրէն Լէտա Էօզպէր։
Էօզպէր. «Իննամեայ դուստրիս Լէային քու խաղաղասիրութիւնդ կը պատմեմ յաճախ։ Միասին կ՚այցելենք այս խմբագրատունը։ Այստեղը հիմա այլեւս 23,5 Հրանդ Տինքի Յիշողութեան Վայրի վերածուած է։ Քու սենեակդ կը շրջինք աղջկանս հետ։ Այն սենեակը, որ նոյնութեամբ պահուած է։ Արուեստագէտ Սարգիսի երախաներուն համար պատրաստած հայելիին մատնահետքեր կը թողունք։ Եթէ այս վայրը չըլլար ես քեզ ինչպէ՞ս պիտի պատմէի աղջկանս։ Հիմա իւրաքանչիւր այցելութեան քեզի նօթեր կը գրէ այս սենեակին մէջ։ Յաճախ հարցումներ կը հարցնէ քու մասիդ։ Կը կարօտնայ քեզ։ Կարծես հարազատ պապը ըլլաս, որ երբեք չէ տեսած քեզ։» ըսաւ։
«Ակօս»ի նախկին խմբագրատան պատշգամբէն ողջոյն բոլորին
Ես Լետա Էօզպէրն եմ։ 30 տարի է, որ կ՚աշխատիմ «Ակօս»։ Հրանդ Տինքի մեզմէ պոկուելուն 19-րդ տարելիցն է եւ «Ակօս»ի հիմնադրութեան 30-րդ տարեդարձը։ Խառն զգացումներ պատած են զիս։ Մէկ կողմէն բարկութիւն եւ թախիծ, մէկ կողմէն ալ հպարտութեան զգացումները կ՚ապրիմ։ Ձեզի իմ ճանչցած Հրանդ Տինքը եւ «Ակօս»ը պատմել կ՚ուզեմ։
Ուղիղ 30 տարի առաջ պարոն Հրանդ, Աննա Թուրայ, Լուիզ Պաքար, Տիրան Պաքար, Յարութիւն Շեշետեան, Սարգիս Սերովբեան, Սենտի Զուրիկօղլու, Սեդրակ Տաւութհան, Արուս Եումուլ, Նուէր Լազօղլու եւ Յարութ Էօզէրի հետ միասին, այս թերթը հիմնելու որոշում առին։ Աննա Թուրայ լրագրող էր։ Այս դաշտի մէջ փորձառութիւն ունէր։ Իր լրագրող բարեկամները ծանօթացուց պարոն Հրանդի հետ եւ անոնց աջակցութիւնը ապահովեց։ Այդպէսով է, որ վարպետս Իւմիթ Քըվանչ, Քեմալ Կէօքհան Կիւրսես, Էնտեր Էօզքահրաման եւ մեր այժմու խմբագրապետ Եդուարդ Տանձիկեանի ուղիները, խաչաձեւուեցան «Ակօս»ի հետ։
Կը նախատեսուէր թրքերէն հրատարակուելով ընթերցողներու լայն հատուածի մը ուղղեալ թերթ մը հիմնել։ Ինծի համար ամէն ինչ սկսաւ պարոն Հրանդի առաջարկով եւ իմ ալ փխրուն միջավայրի մը մէջ աշխատելու ցանկութիւնով։ Կարճ ժամանակի մէջ, նախ գրաշարութիւնով եւ ապա էջադրութիւնով շրջապատուած եղայ խիստ արժէքաւոր մարդկանց հետ։ Վարպետի ու աշկերտի յարաբերութեան մէջ ընթացան գործերը։ «Ակօս»ի միջոցաւ անհամար մարդիկ ճանչցայ եւ շատ բան սորվեցայ։ Աշխատավայրը կարծես ինստիտուտ մըն էր։ Սարգիս Սերովբեանը քայլող հանրագիտարան մըն էր կարծես, որուն գիտական պաշարը անգտանելի էր գրադարաններու մէջ։ Դպրոցական տարիներու գրականութեան դասերու պահուն գործերը կարդացած էի Երուանդ Կոպէլեանին։ Ռուբէն Մաշոյեանը հայերէն լեզուի մասնագէտ մըն էր։ Ամբողջ կեանք մը թատրոնին նուիրած նուիրեալ մը Յակոբ Այվազ եւ անոնց կողքին ոմանք լրագրութիւն ուսանող, ոմանք ինձ նման լրագրութեան հակում ունեցող, արտադրելու, իրենց խօսքը ըսելու անհամբեր երիտասարդներ… Պահպանողական համայնքի մը կաղապարները գերազանցող հայ երիտասարդութիւն մը։
Պարոն Հրանդի գլխաւորած խմբագիրներու անձնակազմին զանազան շրջաններ Սարգիս Սերովբեան, Երուանդ Կոպէլեան, Սեւան Տէյիրմենճեան, Տիրան եւ Ծովինար Լոքմակէօզեան, Մարալ Տինք, Լուսյէն Քոփար (հայերէնի բաժին), Սանտի Զուրիկեան, Գարին Գարաքաշլը, Պիլկէ Ճերեն Շեքերճիլեր, Թալին Պիւյիւքքիւրքչիւեան, Լորա Պայթար, Մայտա Սարիս (Մշակոյթ եւ գեղարուեստ), էջադրութեան առումով իմ երկրորդ վարպետը Նուրան Աղան, Սերտա Արսլան, Էլմոն Էրսարաչ, Լեռնա Ասուրլուօղլու, Պելինտա Գարաճա, Թալին Սարրաֆ, Սեւան Աթաօղլու, Պիմեն Զարդար, Արիս Նալճը, Արման Թայրան, Ազնիւ Ճիւնիւն, Ճահիտ Տեմիր, Արտեմիս Շահման, Սեդա Չալըշ, Աքսել Չիտեմ, Հայճան Տինք, Սարգիս Կիւրեհ, Արեւ Սունա, Ռոմինա Քավաք, Սերենա Էօլմեզօղլու, Վանիա Ուլուչ, Նարեկ Ռէիսեան, Սեւան Գազանճը, Պարոյր Գույումճեան (Համայնքային լուրեր- թղթակից-լուսանկարիչ), Լինտա Զարդարօղլու (գրաշարում եւ էջադրութիւն) երկար շրջան մը միասին աշխատեցանք եւ արձագանգ բերող էջեր արտադրեցինք։
Բոլորս ալ լրագրողութիւն կը սորվէինք։
Այս անձնակազմի վայրաշարժը պարոն Հրանդն էր։ Ան գտնուած վայրին ներուժ կը պարգեւէր։ Աշխատանքի պահուն զգացական էր։ Բարկութիւնն ալ, ուրախութիւնն ալ իրեն յատուկ եղանակով լի ու լի կ՚ապրէր։ Առանց նախապատրաստութեան լուր հետապնդող թղթակիցին կօշիկ ալ շպրտած է, սխալ լուրը էջադրող խմբագիրը աթոռին նստած ձեւով մինչեւ թերթին դուռը քաշքշած է ալ։
«Ակօս»ը բազմաթիւ կիներու կեանքին ուղղութիւն տուաւ
Ինծի համար շատ կարեւոր յատկանիշներէն մէկն ալ կիներու պայքարի հանդէպ գերզգայնութիւնն է։ «Ակօս»ի մէջ ալ յաջողեցաւ կիներու գերակայութիւնը ապահովող կառոյց մը գոյացնելու։ Թղթակիցէն խոհարար, հաշուապահէն խմբագրապետ, կրաֆիքէն սիւնակագիր բազմաթիւ կիներ իրենց վաստակով յատուկ երանգ տուին թէ՛ աշխատանքի միջավայրին եւ թէ հրատարակութեան։ Ներառեալ ես «Ակօս»ը մեզմէ շատերուն կեանքին ուղղութիւն տուաւ։ Մեզմէ ոմանց համար աշխատանքի կեանքի մէկ հանգրուանը, ոմանց համար ալ տուն դարձաւ։
«Ակօս»ի հրատարակութեան սկսած տարիներուն համացանցը այսքան տարածուն չէր։ Դիւրին չէր գիտելիքներուն հասնիլը։ Հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի մասին թրքերէն գիրքերու թիւը շատ նուազ էր։ Այդ պատճառաւ ալ պարոն Հրանդ կը փորձէր բոլորն օգտակար ըլլալ։ Իր անցեալը որոնող, ընտանիքի հայ ծագումը իմացողներ, վերջապէս հայ ինքնութիւնը եւ մշակոյթը ճանչնալ ուզողներ զինք կ՚այցելէին։
90-ական տարիներու վերջաւորութեան այլեւս միայն թերթ չէինք հրատարակէր, այլ պարոն Հրանդի առաջնորդութեամբ կը զբաղէինք հայ համայնքի, հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի մասին սորվիլ ուզող ակադեմականներու, ուսումնասիրողներու եւ աշակերտներու հետ։ 1915-էն ետք, ընտանիքի անդամներուն հետ կապերը խզուածներն ալ այդ կապերը վերահաստատելու համար մեզմէ օգնութիւն կը պահանջէին։ Զօրակցութեան ակումբի մը վերածուած էինք։ Պարոն Հրանդ խաղաղութեան լեզուով խօսող եւ տարբերութիւններով հանդերձ միասին ապրելու գաղափարը իւրացնող, բոլորին աջակցելու տրամադրուած «Ակօս»ի պետն էր։
1993-ին հրատարակութեան սկսած «Արաս» հրատարակչատունը մեր քոյր հաստատութիւնն էր։ Այդ հաստատութեան հիմնադրութեան մէջ պարոն Հրանդն ալ պաշտօն ստանձնած էր։ Այստեղ կ՚ուզեմ յիշատակել անցեալ տարի յաւէրժութեան ճանապարհած, բոլորին սիրելի Թոմօ աղբարիկը՝ Եդուարդ Թովմասեանը։ Ան ալ պարոն Հրանդի նման իր գոյութիւնով շրջապատին եռանդ փոխանցող մէկն էր։
Պարոն Հրանդի կարեւորած նիւթերէն մէկն ալ Անաթոլիայի հասարակած մշակոյթը եւ երաժշտական գանձն էր։ Սարգիս Սորովբեանը եւ ինք միշտ կողք կողքի եղան թրքերէն, քրտերէն, հայերէն, վրացերէն, չերքեզերէն, լազերէն եւ դեր բազում լեզուներով երգող եւ այս տարի հիմնադրութեան 32 ամեակը նշող «Քարտէշ Թիւրքիւլեր»ի երաժիշտներուն հետ։
Պարոն Հրանդի ուշադրութեան կիզակէտին եղած է Թուրքիա- Հայաստան յարաբերութեան մասին լուրերը։ Մեծ եռանդով աշխատած էր Հայաստան-Թուրքիա ցամաքային սահմանի վերաբացման համար։ Լուրեր, յօդուածներ գրեց։ Քաղաքական գործիչներու հետ հանդիպելու պահուն ընդմիշտ այս նիւթը արծարծեց։ Կ՚երազէր սահմանի բացումը եւ երկու ժողովուրդներու հանդիպումը։
Կ՚երազէր որ եթէ սահմանը բացուի շուրջպար պիտի պարէ
Կ՚երազէր որ եթէ սահմանը բացուի, այդ օր քիւրտ վիպագիր Մեհմետ Ուզունի հետ շուրջպար պիտի պարէ, չստացուեց։
«Ակօս»ի համարեա ամէն մէկ խորագիրը թէ՛ հայ համայնքի մէջ եւ թէ երկրի օրակարգին արձագանգ կ՚ունենար։ Երբեմն ալ այդ արձագանգը կը բացակայէր։ Այն ատեն շատ պատահած է, որ ընդվզիմ «մենք այս թերթը որո՞ւ համար կը հանենք» հարցնելով։ Ամէն անգամուն «նոյնիսկ մէկ հոգի կարդացած ըլլայ, ինծի համար նպատակի հասնիլ կը նշանակէ» կ՚ըսէր։
Նետը վաղուց արձակուած էր աղեղէն
Պարոն Հրանդ հետզհետէ երկրի լրատուամիջոցներուն ալ ուշադրութեան արժանացած էր։ Յաճախ կը հրաւիրուէր հեռուստաեթերներու։ Թերթեր եւ պարբերականներ իրեն հետ հարցազրոյցներ կը վարէին։ Թէ «Ակօս»ի էջերով եւ թէ այս զրոյցներով կ՚ապացուցէր թէ հայ համայնքը միաձայն ամբողջութիւն մը չէ, իր մէջ ունի նաեւ ընդդիմադիր շերտ մը։ Հետզհետէ հանրածանօթ դարձած էր։ Այնքան մտերիմ կը զրուցէր որ կը դպչէր հետեւողներու զգացումներուն։ Համակարծիք չեղողները անգամ յարգանք կը տածէին իրեն հանդէպ։ Խաղաղութեան լեզուով կը խօսէր։ Կանխատեսող էր։ Ահա այդ մարդոց վրայ ազդեցութիւն գործող կերպարը, միջոց մը ետք ուրիշներուն ալ ուշադրութիւնը գրաւեց։ Սկսաւ սպառնալիքներու արշաւ մը։ Բայց ան չհրաժարեցաւ իր հաւատացած ճամբէն։ Չհեռացաւ երկրէն… Բացի ընկերներէն եւ բուռ մը թուրքիացի մտաւորականէ ոչ ոք կար իր կողքին։ Նոյնիսկ համայնքը եւ Պատրիարքարանը զինք եւ թերթը մեկուսացուցին։ Դժուար ընթացք մըն էր։ Մենք ալ մօտէն կը հետեւէինք անցուդարձերուն։ Ինչ որ ըսենք, ինչ որ ընենք անիմաստ է։ Նետը վաղուց արձակուած էր աղեղէն։
Ի՞նչ եղած էր եւ ինչպէ՞ս։ Չէ որ ամէն ինչ փոխուած էր այլեւս։ Փլած էին կարծրատիպերը։ Ամէն ինչ պիտի կրնայինք խօսիլ այլեւս։ Մեր պապերու ապրածները անցեալին մնացած էին։ Բայց եղաւ։ Հրանդ Տինքը չկար այլեւս։ Շուարած էինք, շուարած եւ բարկացած։ Եղածէն իրենք զիրենք պատասխանատու համարող անմեղ մարդիկ կային շուրջս։ Ամէն մէկը բան մը ընել կ՚ուէր, ձեւով մը թերթին օգնել։ Հայ համայնքը նոյնպէս զարմանքի մէջ էր։ Ապա արտագաղթողներ շատ եղան։ Գործընկերներուս կէսէն աւելին այդ գաղթողներու շարքէն էին։
«Ակօս»ը վառ պահելու ջանքը տիրեց բոլորիս
19 տարի առաջ 19 Յունուար 2007, Հրանդին մեզմէ պոկուած այդ սեւ օրը։ Կը յիշեմ թէ այդ պատշգամբէն թերթի երկրորդ տպագրութիւնը ի ձեռին դէպի վար կը նայէի։ Անհաւատալի բազմութիւն մը կայ այստեղ։ Այդ օր եւ գիշեր փորձեցինք եղելութիւնը դատել։ Ապա մեր ձեռքի ամենաթանկագինը՝ «Ակօս»ը վառ պահելու ջանքը տիրեց բոլորիս։ Առանց խմբագրատունէն դուրս գալու աշխատանքը շարունակող քանի մը հոգի էինք միայն։ Պարոն Հրանդէն ետք խմբագրապետի պաշտօնը ստանձնող Էթյեն Մահչուպեան ապա Ռոպէր Քոփթաշ եւ աւելի վերջ ալ Եդուարդ Տանձիկեան այդ դժուար ժամանակներուն շատ բան տուին «Ակօս»ին։ Շատեր անցան «Ակօս»ին ծառայելով։ Երանի բոլորն ալ յիշեմ մի առ մի։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը յիշողութեանս մէջ է ու նաեւ սրտիս։
«Այսքան թուրքեր հայու մը համար կը քալե՞ն»
Թաղման օրը բազմահազար սգաւորներ, երբ կը հետեւէին դագաղին մենք վերը «Ակօս»ի խմբագրատան մէջ Հրանդ Տինքի յատուկ համարը պատրաստելով տարուած էինք։ Այդ օր ֆրանսահայ լուսանկարիչ Անթուան Ակուճեանի ներքեւի ծովածաւալ բազմութեան նայելով արտասանածը դրոշմուած է մտքիս մէջ։ «Այսքան թուրքեր հայու մը համար կը քալե՞ն»։ Այո՛ պարոն Հրանդ դուն քու թաղումով ալ փշրեցիր կարծրատիպերը։ Տարբեր, տարբեր միտքերով բազմահազար ժողովուրդ կողք կողքի եկան եւ քեզի համար քալեցին։
Իննամեայ դուստրիս Լէային քու խաղաղասիրութիւնդ կը պատմեմ յաճախ։ Միասին կ՚այցելենք այս խմբագրատունը։ Այստեղը հիմա այլեւս 23,5 Հրանդ Տինքի Յիշողութեան Վայրի վերածուած է։ Քու սենեակդ կը շրջինք աղջկանս հետ։ Այն սենեակը, որ նոյնութեամբ պահուած է։ Արուեստագէտ Սարգիսի երախաներուն համար պատրաստած հայելիին մատնահետքեր կը թողունք։ Եթէ այս վայրը չըլլար ես քեզ ինչպէ՞ս պիտի պատմէի աղջկանս։ Հիմա իւրաքանչիւր այցելութեան քեզի նօթեր կը գրէ այս սենեակին մէջ։ Յաճախ հարցումներ կը հարցնէ քու մասիդ։ Կը կարօտնայ քեզ։ Կարծես հարազատ պապը ըլլաս, որ երբեք չէ տեսած քեզ։
Պարոն Հրանդ կ՚ուզեմ ձեզի ձօնել քու մահէն կարճ ժամանակ ետք մեզմէ հրաժեշտ առած բանաստեղծ Զահրատի տողերը, որոնք թարգմանած էր «Ակօս»ի վաստակաւորներէն Օհաննէս Շաշքալ։
Իւղ
Դուք բոլորդ ծով –փոթորկոտ ու մեծ-
Ես այդ ծովուն մէջ
Ես այդ ծովուն մէջ իւղի մը կաթիլ
Այլատարր ու խորթ
Ես իւղի կաթիլ
Երազկոտ ծփուն մակերեսն ի վեր
Դուք բոլորդ ծով – փոթորկոտ ու մեծ –
Ծովը սրտիս մէջ
Նախքան խօսքս աւարտել, կ՚ուզեմ անդրադառնալ ներկայ պայմաններուն։ Թուրքիոյ մէջ մամուլի դէմ ճնշումները հետզհետէ կ՚աւելնան։ Բազմաթիւ լրագրողներ բանտարկուած են եւ համարեա ամէն օր նոր մէկը լոկ լրագրողութիւն ընելուն համար բերման կ՚ենթարկուի, կը ձերբակալուի ու կը դատուի։ Լրագրողութիւնը յանցանք չէ։
Անմեղօրէն բանտարկուած բարեկամներ, մարդկութիւնը դարձեալ առանց կին կամ երախայ խնայելու կ՚աքսորուի Կազզայէն եւ պետութիւնները դարձեալ կը դիտեն այս բոլորը։ Պայմանները ինչ որ ալ ըլլան այս զուլումի դէմ արդարութիւն պահանջելու պիտի շարունակենք։ Երբեք պիտի դադրինք մեր իրաւունքներու բռնաբարման դէմ առարկելէ։ Միասնաբար մարդավայել կեանքի մը համար պայքարելէ, երբեք պիտի չհրաժարինք։
Շնորհակալութիւն բոլորիդ։

