Թուրքիոյ Փիլիսոփայական Ընկերակցութեան նախագահ եւ Փիլիսոփայական Կազմակերպութիւններու Համաշխարհային Դաշնակցութեան պատուոյ նախագահ Փրոֆ. Տոքթ. Իոաննա Քուչուրատի մահացաւ Մալթեփէի Համալսարանի Բժշկական Ֆակուլտէտի Հիւանդանոցին մէջ։
Թուրքիոյ երեւելի փիլիսոփաներէն մէկը եւ մասնաւորապէս մարդկային իրաւունքներու, մարդու փիլիսոփայութեան ու բարոյագիտութեան մարզերուն մէջ իր աշխատանքներով ծանօթ Փրոֆ. Տոքթ. Իոաննա Քուչուրատի 89 տարեկան էր։
Քուչուրատիի համար արարողութիւնը կատարուեցաւ 4 Հոկտեմբեր, Կիրակի օր, ժամը 11.00-ին, Մալթեփէի Համալսարանի մէջ։ Նոյն օր յուղարկաւորութեան արարողութիւն կատարուեցաւ Շիշլիի Յոյն Ուղղափառաց Գերեզմանատան մէջ։
Քուչուրատիի մահէն ետք բազմաթիւ համալսարանականներ, մարդկային իրաւունքներու պաշտպաններ, քաղաքական գործիչներ, հիմնարկութիւններ եւ ընկերակցութիւններ ցաւակցական ուղերձներ հրապարակեցին։
Հաճեթեփէ Համալսարանի Փիլիսոփայութեան Բաժինի յայտարարութեան մէջ յիշուեցաւ, որ Իոաննա Քուչուրատի հիմնած էր բաժինը 1969 թուականին եւ պաշտօնավարած էր մինչեւ իր թոշակի անցնելու տարին՝ 2003, եւ որ մեծ ներդրում ունեցած էր փիլիսոփայութեան՝ Թուրքիոյ մէջ հաստատութենականացման գործին մէջ։
Մալթեփէ Համալսարանի ռեկտորի պաշտօնակատար Փրոֆ. Տոքթ. Եուսուֆ Աքսար իր ուղերձին մէջ նշեց. «Մալթեփէ Համալսարանի հիմնադրութենէն ի վեր ակադեմական կեանքին արժէք աւելցուցած մեր թանկագին ուսուցիչը, փիլիսոփայ եւ ակադեմական Փրոֆ. Տոքթ. Իոաննա Քուչուրատի իր մտածումներով, ակադեմական աշխատանքներով եւ պատրաստած աշակերտներով միշտ յատուկ տեղ պիտի ունենայ մեր համալսարանի ակադեմական յիշողութեան մէջ»։
Արդի Կեանքը Աջակցելու Ընկերակցութեան յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ Քուչուրատի մարդկային իրաւունքներու, փիլիսոփայութեան եւ բարոյագիտութեան մարզերուն մէջ իր աշխատանքներով կարեւոր ներդրում ունեցած է Թուրքիոյ մէջ արդի մտածողութեան զարգացման համար եւ որ ան 17-րդ «Արդի Կեանք Հանրապետութիւն» մրցանակի դափնեկիրն է։
Մարդկային Իրաւանց Ընկերակցութիւնն ալ ցաւակցական ուղերձ հրապարակեց. «Փրոֆ. Տոքթ. Իոաննա Քուչուրատի լաւ գիտնական եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան մըն էր։ Ուսուցչուհի Իոաննա Քուչուրատի մեր ընկերակցութեան բազմաթիւ աշխատանքներուն մեծ նպաստ բերած է։ Մարդկային իրաւունքներու շարժումին եւ փիլիսոփայական շրջանակին կը յայտնենք մեր ցաւակցութիւնը»։



