Ս.Ս.Ճ.Ն.Ե. Սանուց Միութիւնը պատշաճ կերպով տօնուեց Բարեկենդանը
Բարեկենդան՝ Պահքը կանխող ուրախութեան տօն
Երբ 14 Փետրուար Շաբաթ երեկոյեան, Սկիւտարի Սէմէրճեան, Ճեմարան, Ներսէսեան Երմոնեան Սանուց Միութեան հասայ, ուրախ եռուզեռ մը կը տիրէր միութեան բոլոր սենեակներուն մէջ։
Անոնք խնամքով պատրաստուած էին քանի մը ժամէն հասնելիք հիւրերուն եւ մեծ յուզումով կը սպասէին խրախճանքի ժամը։
Յայտնի էր որ Բարեկենդանի պատրաստութիւնը այս շէնքին մէջ տեւած էր օրերով եւ ահա հասած էր ի պատասխան գնահատանքը ստանալու ժամը։
Սրահը, զարդարած էին պաճուճանքներով, տեսակ տեսակ դիմակներով, գոյնզգոյն փուչիկներով եւ խրախճանքի վայել ճոխ սեղաններով։ Առանց բացառութեամբ ծպտուած անդամները դիմաւորեցին մօտ 150 հիւրեր, որոնք Բարեկենդանը միասին նշելու համար ընտրած էին իրենց Սանուց Միութեան սրահը։
Հետաքրքիր տարազներով, սրահ մուտ գործող անձինք՝ ուրախութեան, ժպիտներու, քրքջանքներու առիթ ընծայեց։
Օրուայ մեներգիչն էր Յակոբ Չալվուշեան։ Գեղաձայնով երգիչը թէ՛ հայերէն եւ թէ թրքերէն երգացանկով շէնցուց սրահը։ Անոր ուրախ, զուարթ երգերը յաճախ ընդհատուեցան հայկական պարերով եւ խաղերով։
Գիշերուայ հիւրերն էին երգչուհի Նալան Ասլան եւ Ալեն Պիւյիւքքույումճեան։ Նալան Ասլանին երգած երկու երգերուն յաջորդեց սրթաքի եւ զէյպետիքօ պարերու վարպետ՝ Պիւյիւքքույումճեանի պարը։ Ան յունական մենապարով հրապուրեց հոծ բազմութիւնը։
Շուրջպարերով, երգերով, խաղերով շարունակուող երեկոն ուրախութեամբ ու զուարճանքով ներշնչեց բոլորիս սիրտերուն Բարեկենդանի ոգին։ Մինչեւ կէս գիշերուայ ուշ ժամերուն տեւող խրախճանքէն բոլորս բաժնուիլ չուզեցինք։
Նշեմ որ սա երկար տարիներէ ի վեր Սանուց Միութիւններու մէջ իմ տեսած ամենալաւ Բարեկենդանի ոգին էր։
Աստուած գալ տարուան արժանի ընէ բոլորիս։

