ԼՈՒՍՅԷՔ ՔՈՓԱՐ
Ընդդիմութիւնը կրցա՞ւ ազատօրէն արտայայտուիլ։
Ի հարկէ կրցաւ արտայայտել իր բոլոր տեսակէտները։ Որեւէ հարցի մէջ ոչ մէկ դժուարութիւն կար, ունէին ազատութիւն, եւ ընդդիմութիւնն ալ։ Ընդդիմութիւնն ունի իր հեռուստաընկերութիւնները, անգամ կառավարութենէն աւելի, ունի թերթեր... Հիմնական խնդիրը ընդդիմութեան մէջ է, որովհետեւ մէկ մասը կ’ուզէ կաշառքով ձայն գնել, եւ երբ պաշտօնեաները կ’ուզեն կասեցնել ատիկա, ընդդիմութիւնը կ’ըսէ՝ բանտ նետուեցանք։ Բայց եթէ դուն կրկին խախտեցիր... Փող պէտք է, փողով ձայն պէտք է տալ. դուն պետութեա՞ն դէմ ես, քաղաքացիի՞ն դէմ ես, օրէնքի՞ն դէմ ես։ Ես խնդիր չեմ տեսներ, եւ ինձ հետ խօսած մարդիկ ազատօրէն կը քննադատեն Վարչապետը, ազատօրէն կը հայհոյեն Վարչապետին, հոն խնդիր չկայ, ես չեմ տեսներ։
Ատրպէյճան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման ընթացքին Փաշինեան Թուրքիոյ կողքին կանգնած անձ մըն է։ Եթէ ուրիշ առաջնորդ ընտրուած ըլլար, ի՞նչ կ’ըլլար, այս հաւասարակշռութիւնը կը խախտուէ՞ր։
Փաշինեանի շրջապատին մէջ անգէտ մը չկայ, այսինքն՝ եթէ ուրիշ մը ընտրուի, հակառակ մտածողութեամբ անձինք կ՚ընտրուին. ասոնք, օրինակ, հաշտութեան համաձայնագրին, Եւրոպային մօտենալուն, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ կարգաւորմանը հակառակ անձինք են: Եթէ այս երեքէն մէկը իշխանութեան գայ, խնդիր կ’ունենանք։
Լեռնային Ղարաբաղի հարցին պատճառով, եւ այն երեք անունները ալ կ’ուզեն Ղարաբաղի հարցը կրկին բոցավառել. ատիկա ոչ միայն Ատրպէյճանի հետ հաշտութիւնը կը վտանգէ, այլ նաեւ Ատրբեջանէն նոր պահանջներու ծագման կ’առաջնորդէ։ Այն երեք անունները ո՞վ են. Սամուէլ Կարապետեան, Ռոբերտ Քոչարեան եւ Գագիկ Ծառուկեան։ Բոլորն ալ օլիգարք, բոլորն ալ միլիարդատէր, բոլորն ալ հիմնականին մէջ Եւրոպայէն աւելի Ռուսիոյ հետ աւելի հանգիստ յարաբերութեան մէջ։ Անցեալին կապեր ունէին, հիմա ալ ունին, եւ ատիկա ապագային վտանգ կը ստեղծէ։
Փաշինեանի սկսած ճամբան, որ է իրական անկախութիւն եւ Եւրոպային, անվտանգութեան քաղաքականութեան մարզով մօտենալ, այս հարցին մէջ ես ոչ Եւրոպային կը վստահիմ, ոչ ալ Ամերիկային, բայց Ռուսիոյ ալ չեմ վստահիր. հարցն այն է, թէ Հայաստանի ապագան, անվտանգութիւնը մտածողները —անվտանգութեան համար երկու բառ կ՚ օգտագործեմ, արեւմտահայերէնով «ապահովութիւն», արեւելահայերէնով «անվտանգութիւն»— մարդիկ Հայաստանի ապագան մտածելով արեւելք՞ թէ արեւմուտք կ’ըսեն։ Ես այսպէս չեմ մտածեր. նախ Հայաստանէն սկսինք, Հայաստանին ինչ պէտք է, որ ինքնուրոյն, ինքնիշխան եւ ազատ երկիր ըլլայ։ Հիմա, ատոր համար ի՞նչ են վտանգները: Սպառնալիքը միշտ հաշուեցինք. Ատրբեջան, Թուրքիա։ Այսինքն՝ Ատրբեջանի հետ հիմնախնդիրները լուծես, սպառնալիքի զգացումը այնքան մեծ չ՚ըլլար, եւ ոչ Ռուսիոյ, ոչ Ամերիկայի, ոչ ալ Եւրոպայի այնքան կարիք կ'ունենաս։
Թրամփ եւ Եւրամիութեան երկիրները Փաշինեանի իրենց աջակցութիւնը ի մի կերպ ցուցաբերեցին։ Սակայն Իրանի ղեկավարութիւնը մինչ այժմ ոչ մէկ մեկնաբանութիւն ըրաւ։
Ճիշդը ատիկա էր, ուրիշ երկիրներ չպէտք է խառնուէին։ Ժողովուրդն ինքը պէտք է որոշէ, եւ արդիւնքը ինչ ալ ըլլայ, քանի ընտրութիւնը արդար եւ ազատ եղած է, պէտք է ընդունիս։
Եթէ Սամուէլ Կարապետեան ընտրուած ըլլար, ի՞նչ կ՚ըլլար։ Թուրքիան փոքր ինչ կ՚անհանգստանա՞ր։
Այո, որոշ մտահոգութիւն պիտի ունենար։ Այս իմաստով, Փաշինեանի քաղաքականութեան մէջ Թուրքիոյ հետ կարգաւորումը հիմնական հարց մըն է, ինչ որ, Կարապետեանի համար ատիկա հիմնական չէ։ Պաշտօնական մակարդակով կրնայ խօսիլ, երբեմն կ՚երթայ կու գայ, բայց ճշմարտութեան մէջ շատ հետաքրքրուած պիտի չ՚ըլլար։




