Հայաստանը կրկին ընտրեց Նիկոլ Փաշինեանը եւ անոր «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը: Ընտրական յանձնաժողովը յայտնեց, որ բոլոր ձայները բացուեցան, եւ արկղերէն դուրս եկաւ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ի մօտ 50 տոկոս ձայն: Խորհրդարան մտան երեք կուսակցութիւն: Չորրորդ կուսակցութիւն՝ «Բարգաւաճ Հայաստան»-ը, 4 տոկոս շեմին դիմաց 3,996 տոկոս ձայնով շատ փոքր տարբերութեամբ չկրցաւ մտնել խորհրդարան:

Ընտրութիւններու վերջնական ոչ-պաշտօնական արդիւնքները հրապարակուեցան: Վարչապետ Փաշինեանի «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը երրորդ անգամ յաղթանակ տարաւ:
Ձայներու 49,81 տոկոսը ստացած իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը խորհրդարանի մէջ ապահովեց մեծամասնութիւն եւ նոր կառավարութիւն կազմելու իրաւունք ձեռք բերաւ: «Հզօր Հայաստան» դաշինքը դուրս եկաւ որպէս գլխաւոր ընդդիմադիր ուժ, մինչ «Հայաստան» դաշինքը եւս անցաւ խորհրդարան ներկայացուած ըլլալու համար պահանջուող շեմը: «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը չի կրցաւ անցնիլ խորհրդարան մտնելու համար սահմանուած 4 տոկոս շեմը: Ձայնի մասնաբաժինը մնաց 3,996 տոկոսի վրայ:
Պաշտօնական տուեալներու համաձայն՝ այժմ Հայաստանի Խորհրդարան կրնան մտնել երեք կուսակցութիւն: 105 տեղանի խորհրդարանի աթոռները բաշխուեցան հետեւեալ կերպով.
• Քաղաքացիական պայմանագիր – 64 աթոռ
• Հզօր Հայաստան դաշինք – 29 աթոռ
• Հայաստան դաշինք – 12 աթոռ
Օրէնքով Հայաստանի չորս ամենամեծ ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներու համար յատկացուած լրացուցիչ աթոռներու մասին՝ այդ աթոռներէն երեքը տրուեցան ամենաշատ ձայն ստացած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան, իսկ մէկ լրացուցիչ աթոռ՝ «Հզօր Հայաստան» դաշինքին:
Ընտրական յանձնաժողովը պաշտօնական վերջնական արդիւնքները կը հրապարակէ բոլոր անկանոնութիւններու մասին պնդումները քննելէ եւ բողոք կամ առարկութիւնները քննարկելէ ետք:
Փաշինեան. «Պատերազմի
կուսակցութիւնները
պարտուեցան»
Մէկ կողմէ, գիշերուայ ժամը 02:00-ին, երբ ձայներու դեռ 10 տոկոսը բացուած էր, մամուլի ասուլիս գումարած եւ իր յաղթանակը հռչակած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան նախագահ եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, 2025-ի պետական բիւջէի քննարկումներու համար գացած Ազգային Ժողովին կարճ յայտարարութիւն մը կատարեց:
Փաշինեան ըսաւ. «Հայ ժողովուրդը իր ձայներով պաշտպանեց պետութիւնը, անկախութիւնը, ապագան, խաղաղութիւնն ու Հայաստանի Հանրապետութիւնը»:
Փաշինեան, ակնարկելով ընդդիմադիր առաջնորդներ Կարապետեանին, Քոչարեանին եւ Ծառուկեանին, ըսաւ. «Եռագլուխ պատերազմի կուսակցութիւնը պարտուեցաւ» եւ շարունակեց. «Սա կարեւոր, բայց վերջնական արդիւնք չէ, քանի որ կը հաւատամ, թէ ժողովուրդն իր կամքը յստակ արտայայտեց, որ եռագլուխ պատերազմի կուսակցութիւնը եւ անոր ուղեկցող յանցաւոր-օլիկարխական համակարգը պէտք է վերացուի Հայաստանի Հանրապետութենէն, եւ, անշուշտ, ասիկա քաղաքական մեծամասնութեան եւ կառավարութեան ամենակարեւոր օրակարգերէն մէկը կ'ըլլայ, եւ պէտք է իրականացնենք զայն առանց ուշացման, շատ վճռական եւ որոշ քայլերով»:
Փաշինեան իր ելոյթը աւարտեց՝ նշելով, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը «խորհրդարանէ ներս մեծամասնութիւն կ'ունենայ, կառավարութիւն կը կազմէ, եւ յառաջիկայ ամիսներուն այս քննարկումները կը շարունակուին»:
Աշխարհի առաջնորդներէն
շնորհաւորական ուղերձներ
Փաշինեանին
Հայաստանի Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ընտրական յաղթանակը շնորհաւորուեցաւ բազմաթիւ առաջնորդներու կողմէ, այդ թուին Ֆրանսայի Նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, Ուքրաինայի Նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսկի, Յունաստանի Վարչապետ Կիրիաքոս Միջոթաքիս, Եւրոպական Յանձնաժողովի Նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայըն եւ Եւրոպայի Խորհուրդի Նախագահ Անտոնիօ Քոշտա: Առաջնորդները շեշտեցին ընտրութիւններու ժողովրդավարական բնոյթը եւ ուղերձներ ղրկեցին Հայաստանի հետ համագործակցութեան ամրապնդման եւ Եւրոպային մերձեցման գործընթացի աջակցութեան վերաբերեալ:
«Բարգաւաճ Հայաստան»-ը
ձայների վերահաշուարկ կ'ուզէ
Կայացած ընտրութիւններուն ստացած 3,99 տոկոս ձայնով 4 տոկոս շեմէն ներքեւ մնացած «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը, «տարբեր թուաբանական մանիփուլեացիաներ» կատարուած ըլլալու պնդումով, ձայներու վերահաշուարկ կ'ուզէ:
«Բարգաւաճ Հայաստան»-ի խօսնակ Իվետա Թոնոյեանը պնդեց, որ ընտրութիւններուն «շատ մեծ մասշտաբով» անկանոնութիւններ կատարուած են:
Խօսնակը իր յայտարարութեան մէջ նշեց, որ ձայներու վերահաշուարկի եւ ենթադրուող ընտրական խախտումներու քննութեան շարունակման համար պիտի օգտուին բոլոր առկայ օրինական մեխանիզմներէն: Նաեւ ըսաւ, որ կ'աշխատին վերջնականացնել այն ընտրական կայքերու ցուցակը, ուր վերահաշուարկ պիտի պահանջուի:
Յայտարարութիւնը եկաւ այն պահուն, երբ Գագիկ Ծառուկեանի «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան խորհրդարան մտնելու կամ չմտնելու անորոշութիւնը կը շարունակուէր: Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի կողմէ հրապարակուած նախնական արդիւնքներու համաձայն, կուսակցութիւնը ստացաւ 58.388 ձայն՝ ընդհանուր ձայներու 3,996 տոկոսը: Այս ցուցանիշը փոքր-ինչ ցածր է քաղաքական կուսակցութիւններու խորհրդարան մտնելու համար պահանջուող 4 տոկոս շեմէն:
«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը կը պնդէ, որ ձայներու հաշուարկին «տարբեր թուաբանական մանիփուլեացիաներ» կատարուած են, եւ կը պաշտպանէ, որ հրապարակուած թուերը աւելի մօտէն ստուգուին: Կուսակցութիւնը ճշգրիտ մանրամասներ չտուաւ ենթադրուող անկանոնութիւններու վերաբերեալ, սակայն ըսաւ, որ պիտի շարունակէ հետեւիլ Հայաստանի ընտրական օրէնսդրութեան շրջանակէն ներս բոլոր օրինական ճանապարհներուն:
Բացի այդ, Քոչարեանի գլխաւորած շարժումն ալ առարկութիւններ ներկայացուց արդիւնքներու մասին եւ պահանջեց ձայներու կրկին հաշուարկումը։ Նման դիմում մը կատարեց նաեւ ՀՅԴ-ի անունով Իշխան Սաղաթելեան։
Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն Հայաստանի ընտրութեան վերաբերեալ ուղերձ
Յունիս 7-ին կայացած, եւ Հայաստանի Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի հրապարակած նախնական տուեալներու համաձայն 50 տոկոս ձայնով Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ անոր «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան կողմէ շահուած ընտրութիւններու կապակցութեամբ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը շնորհաւորական ուղերձ հրապարակեց:



