Այս պատմական նախագիծը իրականացած է «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանի, UCLA համալսարանի Promise Հայկական հիմնարկի Հայոց Ցեղասպանութեան հետազօտական ծրագիրի (AGRP) եւ Հայկական ֆիլմերու հիմնարկութեան միացեալ ջանքերով։
Հայոց Ցեղասպանութեան ռահվիրայ հետազօտող Փրօֆ. Վահագն Տատրեանի (1926-2019) այս հսկայական կարեւոր հաւաքածուն իր բովանդակութեամբ այժմ հանրութեան կը ներկայանայ ամբողջութեամբ թուայնացուած։ Արխիւը կը բաղկանայ պաշտօնական փաստաթուղթեր, անձնական նամակագրութիւններ, արխիւային թերթեր, անտիպ ձեռագիրներ ու հետազօտական նշումներ, որոնց աղբիւրներն են Օսմանեան, գերմանական, բրիտանական, ֆրանսական, ամերիկեան եւ հայկական արխիւային վաւերագրեր։ Թուային թանգարանը-Հարթակը օժտուած է արհեստական բանականութեամբ աշխատող «Ask Dadrian» (Հարցուր Տատրեանին) յատուկ գործիքով, որը հետազօտողներուն թոյլ կու տայ բնական լեզուով հարցումներ ուղղել արխիւին եւ վայրկեանական կապեր գտնել հազարաւոր էջերու միջեւ։ Այս թուային թանգարան-արխիւի բացումով՝ Փրոֆ. Տատրեանի կեանքի վաստակն ու ցեղասպանագիտական բացառիկ աղբիւրները անվճար եւ բաց կը դառնան ամբողջ կրթական ու գիտական աշխարհին համար։
դ


