Հայ-ռուսական լարուած յարաբերութիւններու լոյսին տակ, վերընտրուելէն ետք առաջին անգամն ըլլալով 1 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը Պիշքեքի մէջ։
Հանդիպումին ընթացքին Փութին ըսաւ, որ Հայաստանի ձգտումը՝ դէպի Եւրոպական Միութիւն, երկրի օրինական իրաւունքն է, սակայն այս մէկը բարդութիւններ կը ստեղծէ, նաեւ՝ Հայաստանի ԵԱՏՄ-ի մէջ մնալուն։ «Որքան շուտ Հայաստանը կողմնորոշուի Եւրոպական Միութեան անդամակցելու հարցով, այնքան լաւ։ Մոսկուայի մէջ պէտք է հասկնանք՝ ինչպէ՛ս զարգացնել հետագայ յարաբերութիւնները», նշեց ան։
Անդրադառնալով մէկուկէս տարի առաջ Հայաստանի Ազգային ժողովին ընդունած օրէնքին, որ կ՛ազդարարէ Երեւանի։ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացի մեկնարկը, Ռուսիոյ նախագահը յայտնեց, որ Հայաստանի՝ այլ կազմակերպութեան անդամակցելու գործընթացին սկսելու մասին օրէնքի ընդունումը արդէն կը նշանակէ գործող կազմակերպութենէն դուրս գալու յայտարարութիւն։
Փութին անգամ մը եւս առաջարկեց՝ «Հայաստանի ժողովուրդին կարելիութիւն տալ ընտրելու Եւրոպական Միութեան անդամակցելու հարցով, մարդոց հարցնելու, թէ ի՞նչ կ՛ուզեն»։
Ասոր զուգահեռ, Ռուսիոյ նախագահը շեշտեց, որ Ռուսիա Հայաստանի հիմնական տնտեսական գործընկերն է, տարեսկիզբէն մինչեւ օրս երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը կազմած է 2.5 միլիառ տոլար: Ան նաեւ մատնանշեց Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան արդիւնքները. այդ ընթացքին հանրապետութեան համախառն ներքին արտադրութիւնը եռապատկուած է, իսկ հայկական ապրանքներու արտածումը աւելցած 10 անգամով։
«Ռուսիա միշտ հանդէս կու գայ Հայաստանի հետ բարեկամական եւ փոխշահաւէտ յարաբերութիւններու զարգացման օգտին, ինչ որ կը համապատասխանէ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն հիմնարար շահերուն», նշեց ան։
Փաշինեան իր կարգին յայտարարեց. «ԵԱՏՄ կարգաւորումներով որեւէ երկրի կազմակերպութենէն դուրս թողնելու գործիքակազմ չկայ։ Անոր համար պետութիւնը ինքը առնուազն վեց ամիս առաջ պէտք է ծանուցէ կազմակերպութեան։ Մենք նման ծանուցում չենք փոխանցած ԵԱՏՄ-ին: Իրավիճակին պէտք է նայիլ այդ ելակէտէն»։
Ան դիտել տուաւ, որ Երեւանի համար կարեւոր է ունենալ այլընտրանքներ, ինչ որ՝ «մեր օրինական իրաւունքն է։ Բայց այդ չի նշանակեր, որ մենք դժգոհ ենք ԵԱՏՄ-էն՝ չնայած այնտեղ կան խնդիրներ»։
Փաշինեան պնդեց, որ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան օրէնքի ընդունումով Հայաստան չէ խախտած ԵԱՏՄ-ի մէջ որեւէ պարտաւորութիւն. «Այդ հարցը այնքան չէ հասունացած, որ դրուի ժողովրդական հանրաքուէի, մենք այդ օրէնքը ընդունած ենք, որպէսզի հանրաքուէ չանցկացնենք»։
Փութինի հետ հանդիպումէն ետք Փաշինեան յայտարարեց. «Շատ լաւ հանդիպում ունեցայ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Եւ պայմանաւորուեցանք անկեղծ եւ կառուցողական խօսակցութիւնը շարունակել Մոսկուա կատարելիք իմ յառաջիկայ այցի ընթացքին։ Պէտք է արձանագրել, որ Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւնները երկու երկրներու համար չափազանց կարեւոր են, եւ մենք շատ խնամքով կը վերաբերենք այդ յարաբերութիւններուն, ՌԴ-ն ալ նախագահ Փութինի գլխաւորութեամբ խնամքով կը վերաբերուի»։
«Բայց նաեւ պէտք է արձանագրել, որ նոր միջավայրին, նոր պայմաններուն այդ յարաբերութիւնները վերաձեւակերպելու անհրաժեշտութիւն կայ եւ այդ վերաձեւակերպման արդիւնքին յարաբերութիւնները կ՚ըլլան աւելի լաւ, աւելի կառուցողական, աւելի փոխշահաւէտ եւ աւելի ջերմ», յայտնեց վարչապետը։



