RFİ-ի համաձայն, նոր ծառայութիւնը պիտի արտադրէ բացառաբար Արեւելահայերէնով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական լեզուով, եւ առաջնահերթութիւն պիտի տայ սոցիալական կայքերուն, այդ թւում Ինսթաґրամ, Ֆէյսպուք եւ Թիքթոք։
«Հայ երիտասարդութիւնը, ինչպէս մեծ մասամբ աշխարհի բոլոր երիտասարդները, չափազանց կապուած է թուային աշխարհին։ Ա՛լ աւանդական մամուլ չի կարդար։ Հետեւաբար, եթէ կ'ուզենք հասնիլ այդ հանդիսատեսին, պէտք է անպայման անցնինք սոցիալական ցանցերու ճամբով»,— ըսաւ Ասթրիգ Ագոբեան, խմբագրութեան գլխաւոր խմբագիրը։
Թիմին հիմնական նպատակն է տեղեկացնել, փոխանցել լուրերը եւ ստուգել փաստերը նորարարական ձեւաչափերու միջոցով՝ Հայաստանի մէջ գտնուող թղթակիցներու վրայ յենուելով։
Լրագրող Լիլիթ Շահվերդեան, ծագումով Լեռնային Ղարաբաղէն, Հայաստան պիտի մեկնի, ուր երկրի մօտալուտ խորհրդարանական ընտրութիւնները պիտի լուսաբանէ ուղիղ եթերի ճամբով. այս կարգադրութիւնը ան «երկնային պարգեւ» բնութագրեց։
Փաստերու ստուգումը նոր ծառայութեան կեդրոնական սիւնն է։ Ագոբեան զգուշացուց, թէ ապատեղեկատւութիւնը արագ կը տարածուի այն հանդիսատեսին մէջ, որ «անպայմանօրէն չէ, որ պատրաստ է կեղծ տեղեկութիւններ ճանաչելու, հաշուի առնելով լրատւական դաշտի խոցելի վիճակը»։ Խմբագրութիւնը կ'ուզէ ապահոված ըլլալ ինչպէս ստուգուած լրատւութիւն, այնպէս ալ գործիքներ, որոնք հանդիսատեսը կ'օգնեն ճանաչել կեղծ լուրերը։
(hy.armradio.am)



