Թունթ սուրճ մը պատուիրեց։ Ապա պայուսակէն հանեց պզտիկ պահարանը եւ ծխախոտը ոլորեց բարակ թուղթի մէջ։ Չաճապարեց վառելու համար։ Որոշ ժամանակ փորձեց Պոլսոյ եւ Լոս Անճելըսի միջեւ ժամերու տարբերութիւնը հաշուելու։ Հրաժարեցաւ զանգահարելէ եւ բջջային հեռախօսով շարադրեց «Հայրիկ Վեհանը լաւ չէ» նախադասութիւնը։ Այս անգամ ալ չաճապարեց յղումի նշանին սեղմելու համար։ Ջնջեց գրածները եւ շարադրեց աւելի յստակ պատգամ մը. «Ալզհայմըրը արագ կը յառաջանայ Վեհանի մօտ»։
Կ՚ուզէր խնդրին լրջութիւնը իմացնել կարելի եղածին չափ նուազ ցնցիչ բառերով։ Այս վերջինին վրայ յաւելեց «Վեհանը լաւ չէ հայրիկ» մը եւ ուղարկեց, այս անգամ առանց երկար մտմտալու ժամերու տարբերութեան մասին։
Մատուցողը հազիւ թէ սուրճի բաժակը թողած էր սեղանին վրայ, թրթրաց Նիկոլի բջջայինը։ Ռոզն էր զանգահարողը։ Տեսակապով միացած էր աղջկան։
Ողջոյնի կարճ բառեր փոխանակելէ ետք յուզումնախառն մտահոգութեամբ հարցուց «Ի՞նչ եղած է Վեհանոյշ մայրիկին»։
Այս հարցումը Նիկոլ ալ իրեն կը հարցնէր վերջին ժամանակներուն։ Ինք ալ կը դժուարանար տեսած կամ լսածներուն հաւատալու։ Շաբաթուայ մը ընթացքին այսքան մեծ փոփոխութիւն ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ։
Կարելի եղածին չափ պարզ ու յստակ նախադասութիւններով պատմեց ծեռանոցի բժիշկին հեռախօսէն ետք ապրածները։ Ձայնը դողդողաց, նոյնիսկ հեծկլտուք մը ցնցեց զինք, երբ փոխանցեց բժիշկի «Թերեւս յաջորդ այցելութեան ձեզ ալ չճանչնայ» գուշակումը։ «Հապա հայրիկս ի՞նչ կ՚ընէ» հարցուց, ձայնին մէջ մտահոգութեան նոյն շեշտադրումով։ «Կողքս է, ինք ալ սա պահուն հեռախօսով հօրեղբօրդ հետ կը խօսի։ Որքան որ լսեցի թռիչքներու մասին կը խօսէին։ Հըլը մէյ մը գլուխնիս հաւաքենք, դարձեալ կը խօսինք»։ Ռոզի այս խօսքերէն ետք աւարտեցաւ հեռախօսազրոյցը եւ Նիկոլ վերադարձաւ իր մէնութեան։
Քիչ առաջ ոլորած ծխախոտը տարաւ շրթներուն, վառեց եւ նոյն պահուն արցունքի երկու շիթեր սուզուեցան այտերէն վար։ Այդ արտասուքը նկատեց նաեւ տարեց մատուցողը, որ մաքուր թուղթէ թաշկինակ մը երկարելով հարց տուաւ «Ինչո՞վ կրնամ օգնել»։ Կարծես այս հարցումը բաժակը յորդեցնող կաթիլը ըլլար, Նիկոլ այլեւս կարիքը չզգաց լարուած պրկուածութիւնը զսպելու եւ սկսաւ հեծկլտալով լալ։
Մատուցողը համարեա մատներուն վրայ, անձայնօրէն հեռացաւ, որպէսզի ազատօրէն լայ ու սրտի նեղութիւնը դուրս բերէ այդ արցունքներով։ Երբ վայրկեաններ անց, խաղաղեցաւ այդ լացի նոպան, մատուցողը նոյնպէս մատներուն վրայ մօտեցաւ եւ բաժակ մը ջուր դրաւ սեղանին վրայ։
Անկերծ մտերմութեամբ, սրտաբուխ ժպիտով մը յայտնեց իր շնորհակալութիւնը։
Այդ պահուն միտքէն իսկ չէր անցներ թէ տարեց մատուցողը իր ալ դասաւանդած համալսարանի փիլիսոփայութեան բաժնի շրջանաւարտ է։ Տարիներու հոլովոյթով ստացած է ակադեմական կոչումներ եւ փրոֆ. Տիտղոսով դասաւանդած շրջանին ալ, ստորագրած աղերսագրի մը պատճառաւ, կառավարութեան որոշումով վտարուած համալսարանէն։
Փրոֆեսորի իր նախընտրութիւնն էր սրճարանի մէջ որպէս մատուցող աշխատել։ Այսպէսով կապի մէջ պիտի մնար պաշտօնակիցներէն մինչեւ ուսանողներ, ակադեմական միջավայրի հետ։ Չէ որ անոնցմէ շատեր կը յաճախէին այս սրճարանը, համալսարանէ դուրս յատուկ հանդիպումներու համար։ Միայն նշանակուած ռեքթէօրը չէր գար հոս, անոր ալ երեսը թող սատանան տեսնէր։ Ան իր պաշտօնակոչած մէկ, երկու անձերէ զատ, բարեւելիք մէկը իսկ չունէր այս համալսարանին մէջ։ Վարորդի քշած սեւ պաշտօնական ինքնաշարժով կու գար համալսարան, իր գրասենեակին մէջ կը լսէր շողոքորթ մատնիչները, զրպարտութեան նամակներ կը փոխանցէր որոշ դատախազներու եւ ապա նոյն կերպով, առանց մէկու մը բարեւելու կը վերադառնար իր ունայն կեանքին։
**
Ոչ Ժիրայրն ու Ռոզը, ոչ Արմանը, կինը կամ Նիկոլը՝ նոյնիսկ Ստեփան Չիզմեճեանը, ծերանոցի բժիշկը եւ անձնակազմը պատրաստ էին Վեհանոյշի մատնուած պայմանները ընկալելու։
Նշանակութիւն չունի թէ մէկը 18 տարիներ առաջ տեսած ըլլայ, իսկ ուրիշ մը ամիս մը, կամ նոյնիսկ շաբաթ մը առաջ, նոյնն էր, բոլորն ալ կը հաւատային թէ Վեհանոյշ առ յաւէտ այդպէս պիտի մնայ, ինչպէս որ գիտէին։
Կեանքը սակայն անակնկալներով կը փորձէ մարդկանց եւ այդ անակնկալներն ալ հետզհետէ կը դառնան փորձութիւն, որուն կուտակումով ալ փորձառութիւն։
Ծերանոցի բժիշկը ճիշդ ալ այս միտքերով կարիքը զգաց աւելի փորձառութիւն ունեցողին խորհուրդները լսելու։ Զանգահարեց բժշկական ուսանողութեան տարիներու դասընկերոջ, որ աւելի վերջ մասնագիտացած էր ճերիաթրիի մարզին մէջ եւ կ՚աշխատէր մի այլ հիւանդանոց։
Երբ ծերանոցի բժիշկը պարզեց խորհրդակցութեան կարիքի պատճառը, մասնագէտը առաջարկեց ինք այցելել հիւանդանոց, թէ հիւանդը եւ թէ հիւանդանոցը տեսնելու համար։
«Ալզհայմըր է, բացայայտ ալզհայմըր»։ այս հաստատումը ըրած պահուն աչքերը կը փայլէին մասնագէտին։ Ոգեւորուած էր Վեհանոյշը տեսնելով։ «Հայեացքը, մարմնի կեցուածքը ամէն ինչ բնորոշ է ալզհայմըր ըսելու համար։ Տեմանսը այսպէս չըլլար, ան բոլորովին տարբեր երեւոյթ է»։
Այս ախտաճանաչումէն ետք շնորհակալութիւն յայտնեց իր պաշտօնակցին, նման դէպք մը տեսնելուն պատճառ դառնալուն համար։
«Այս տեսակ շատ դէպքեր տեսած եմ, բայց այսքան արագ յառաջանալու առումով եզակի դէպք մը կայ մեր առջեւ։ Ուրեմն կրնամ հետեւցնել թէ վատթարացումը եւս շատ արագ պիտի ըլլայ։ Շուտով պիտի կորսնցնէ կուլ տալու յատկութիւնը։ Հետզհետէ շնչառութեան համար իսկ գործիքներու կարիք պիտի ունենայ։ Անհաւատալի արագութեամբ կը սպառին ուղեղի բջիջները։ Նոյնիսկ ռոնթկենեան շողանկարով կարելի է հետեւիլ ուղեղի ծաւալի փոքրացման»։
Ծերանոցի բժիշկը իր լսածները յաջորդ օր բառ առ բառ փոխանցեց Նիկոլին։




