Սահմանային բախումներ, եօթը զոհ
Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց թէ 11 Ապրիլի յետմիջօրէին Հայաստանի Տեղ գիւղի շրջակայքը ճարտարագիտական աշխատութիւններ կատարող հայ զօրամասի դէմ կրակած են եւ չորս զինուորներու մահուան պատճառ դարձած։
Ատրպէյճանի Պաշտապնութեան Նախարարութիւնն ալ իր կարգին դէպքը վերագրած է հայկական զօրամասի կրակոցին, որու հետեւանքով ատրպէյճանցի եկեք զինուոր մահացած են։
Կողմերը յայտնեցին թէ երեկոյեան ժամը 20.30-ի դրութեամբ համեմատաբար կայունութիւն ապահովուած է։ Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը հերքած է նաեւ հակառակորդի այն պնդումը, իբրեւ թէ Հայաստան օգտագործած է իրանեան արտադրութիւն ԱԹՍ։ Նախարարութիւնը նշած է որ Հայաստանի Զինեալ Ուժերու զինացանկին մէջ իրանեան ԱԹՍ գոյութիւն չունի։

