«Սուրիչի» հարթակի նախաձեռնութեամբ 20 Սեպտեմբեր կիրակի երեկոյ բանախօսութիւն մը կայացաւ Պալատի մէջ, նիւթ ունենալով Սամաթիա թաղի հայկական դիմագիծը։ Միջոցառման ատենախօսն էր Բագրատ Էսդուգեան։
Էսդուգեան Սամաթիոյ եւ առհասարակ Պոլսոյ պատմական թերակղզիի անցեալը բնութագրեց Օսմանեան Մեհմետ Բ. Կայսրի քաղաքը արշաւած 1453 թուականէն։ Ան նշեց թէ նախքան Օսմանեան ներխուժումը, բաւական չնչին եղած է հայու գոյութիւնը Կոստանդնուպոլսոյ մէջ։
«Թրքական եւ հետզհետէ Օսմանեան իշխանութիւններու ծաւալապաշտ ռազմավարութիւնը ուշադրութիւն չէ դարձուցած իր գրաւած քաղաքներու զարգացումով։ Անոնք դէպի արեւմուտք իրենց արշաւման երթին կը պաշարէին քաղաքներ, համբերութեամբ կը սպասէին պաշարուած քաղաքի դիմադրութեան կարողութեան նուազումը, ապա կը գրաւէին զայն։ Քաղաքին տիրանալէն ետք զինուորներուն կ՚արտօնուէր եռօրեայ թալան եւ ապա քաղաքի մեծամեծներուն հետ բանակցութիւններու ճամբով կը ճշտուէր տարեկան հարկի քանակը։ Այդ մէկը ապահովելէ ետք թուրքերուն երթը կը շարունակուէր միշտ դէպի արեւմուտք, դէպի նոր քաղաքի մը պաշարումը։ Պոլիսը բացառութիւն եղաւ, քանի որ Օսմանեան Սուլթանը այդ արշաւումէն ետք ինքզինք տեսաւ իբրեւ Բիւզանդիոնի նոր կայսրը եւ քաղաքն ալ իր կայսրութեան մայրաքաղաքը։ Այս ընկալումը իրականացնելու համար կարիք ունէր երկու բանի՝ մին քաղաքի յոյն բնակչութեան կողքին ունենալ իրեն հաւատարիմ երկրորդ տարր մը եւ ապա մայրաքաղաքը նոր դիմագիծով վերակերտելու համար մասնագէտ աշխատուժ։ Այդ երկուքին ալ լուծումը գտաւ հայոց ներգաղթով։ Պռուսա քաղաքի հոգեւոր առաջնորդ Յովակիմը կարգեց իր հրովարտակով հիմնուած Պատրիարքարանի առաջին աթոռակալը։ Իսկ Պատրիարքարանը հիմնեց Սամաթիոյ մէջ, տեղւոյն բիւզանդական պազիլիք տաճարը փոխանցելով հայոց»։
Էսդուգեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ նաեւ թաղամասի գաղթականներ ընդունելու պատմական անցեալին։
«Պատահական չէ որ ցեղասպանութենէ ետք պատմական Հայաստանէն մազապուրծ փրկուած հայերը պատսպարուին այս թաղի եկեղեցւոյ շրջափակին կառուցուած գաղթակայանին մէջ։ Մօրենական կողմէ իմ մեծ ծնողներս ալ այս թաղը ոտք դրին, յիշեալ գաղթակայանէն անցնելով»։
Ան ապա անդրադարձաւ 1950-60-ական տարեթիւերուն Եոզղատէն, 1966-ի երկրաշարժէն ետք Մշոյ Վարդօ աւանէն եւ 1970-80-ական տարեթիւերուն Սասունէն գաղթած ընտանիքներու Սամաթիա հաստատուելու երեւոյթին։ «Այս հոսանքի վերջին օրինակները եղան անկախացումէ ետք Հայաստանէն եկողները, որոնք դարձեալ բնակութիւն հաստատեցին Գումգաբուի կողքին Սամաթիոյ մէջ ալ»։
Շուրջ 1,5 ժամ տեւող զրոյցի ժողովավարն էր Տոքթ. Պերքեն Տէօնէր։
Զրոյցի աւարտին ներկաներու ուղղած հարցումներով օրակարգի եկան Սամաթիոյ, Գումգաբուի եւ Կետիկփաշայի անուանի դէմքերը՝ Հրաչեա Աճարեանէն Սարգիս Չերքեզեան, Գէորգ Պոյաճեանէն Քէօր Ակոբ, Զիլճիեաններ եւ տակաւին բազում դէմքեր։
Կ՚արժէ երկտողով մը անդրադառնալ նաեւ հանդիպման վայրին, որ Պալաթ թաղի մէջ պատմական բնակարան մըն է, ի հիմանէ վերանորոգուած, բայց մեծ բծախնդրութեամբ պահպանուած իր ներքին ու արտաքին հին տեսքով։



