Ինչպէս որ կողքի սիւնակներուն վրայ նշած ենք, Իրանի ուղղեալ պատերազմը իզուր հանեց բազմաթիւ կանխատեսումներ։ Անոնց կարգին էր դէպի հարեւան երկիրներ, յատկապէս Հայաստան եւ Թուրքիա գաղթականներու հոծ բազմութեան մը ապաստանիլը։ Այս կանխատեսումը չիրականացաւ եւ սահմանի վրայ եռուզեշը գոյացաւ ո՛չ թէ Իրանէն փախչելու, այլ ընդհակառակ Իրան վերադառնալու ձեւով։
Թէ Հայաստանէն եւ թէ Թուրքիայէն բազմաթիւ իրանցիներ իրենց ընտանիքներուն միանալու մարմաջով փութացին սահմանի անցակէտը։
Թրքական լրատուամիջոցներ այս երեւոյթը կը հաստատեն սահմանի անցակէտէն կատարած հաղորդումներով։ Իսկ Հայաստանի պարագային սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան լուսաբանութիւններ տուաւ այս նիւթի շուրջ։
«Իրանի մէջ պատերազմական իրավիճակով պայմանաւորուած՝ դէպի Հայաստան իրանահայերու արտառոց հոսք չկայ»:
Սինանեան նշած է, որ թուային յստակ տուեալ չունին, թէ քանի իրանահայ այս օրերուն եկած է Հայաստան:
«Բայց իրանահայերու՝ դէպի Հայաստան որեւէ արտառոց հոսք, որ կը տարբերուի նախորդ ժամանակահատուածներէն, չունինք: Որպէս այդպիսին, իրանահայերու շարժ դէպի Հայաստան չկայ», ըսած է ան:
Ան վստահեցուցած է՝ անընդհատ կը փորձեն կապի մէջ մնալ Իրանի հայ համայնքի հետ, երբեմն կը յաջողին կապ հաստատել:
«Մարդիկ կը փորձեն վտանգաւոր վայրերէն հեռու մնալ, տներուն են, յոյս ունին, որ շուտով այս ամէնը կը վերջանայ», նշած է Սինանեանը:
Անոր խօսքով՝ չհաստատուած տեղեկութիւններ կան իրանահայերու շրջանին 2 թեթեւ վիրաւորի մասին:
«Խօսք կար թեթեւ վիրաւորում ստացած 2 իրանահայերու մասին, սակայն շատ դժուար է այդ ամէնը հաստատել», ըսաւ Սինանեան:
Մի այլ անակնկալ ալ իրանցիներու իրենց երկրի ղեկավարութեան դէմ դրսեւորած դժգոհութեան բոլորովին հանդարտիլն է։ Ապարդիւն մնաց նաեւ ազգային փոքրամասնութիւնները, յատկապէս ալ քիւրտերը գրգռելով իշխանափոխութեան հասնելու ծրագիրը։ Յայտնի է որ գաղութագիրական բնոյթի այս արտաքին յարձակումի օրերուն ոչ ոք յանձն կ՚առնէ երկրի պաշտպանութիւնը ներսէն խորտակելու դաւաճան ընթացքը։



