«Սփիւռքեան Հեռանկարներ» Վերլուծական Հարթակի Մեկնարկ
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը այս շրջանին հանդէս կու գայ նոր նախաձեռնութիւնով մը, որով սկիզբ կ՚առնէ «Սփիւռքեան հեռանկարներ» վերլուծական հարթակը։
«Սփիւռքեան հեռանկարներ»-ը վերլուծական հարթակ մըն է որ հասարակական գիտութիւններու ոլորտին մէջ նոր հետազօտութիւններ կը հրապարակէ՝ կեդրոնանալով Հայկական Սփիւռքի եւ Հայաստանի վրայ, միաժամանակ հանդէս գալով որպէս հանդիպումի վայր՝ առաջնորդներու, քաղաքականութիւն մշակողներու եւ փորձագէտներու: Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին կողմէ իրականացուած նախագիծերը պարարտ հող մը ստեղծեցին այս նախաձեռնութեան համար, իսկ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները անհրաժեշտ դարձուցին նման վերլուծական հարթակի մը ստեղծումը։
«Սփիւռքեան հեռանկարներ»-ը նպատակ ունի հայկական իրականութիւնը հասկնալ աւելի լայն միջազգային շրջարկի մը մէջ: Սփիւռքի մէջ իսկ հիմնուած այս նախաձեռնութիւնը կը ներկայացնէ սփիւռքեան տեսակէտները ազգային հարցերու վերաբերեալ՝ դուրսէն ներս մօտեցում մը բերելով, միաժամանակ հայկական Սփիւռքին հնարաւորութիւն տալով վերականգնել իր սեփական անկախ մտածողութիւնը ազգային հարցերու հանդէպ։ Անոր առաքելութիւնն է «խթանել նորարար հասարակագիտական հետազօտութիւնները, վերլուծութիւնները եւ ռազմավարական մտածողութիւնը, որ փոխակերպող են, բաց են աշխարհին եւ որոնց թիրախը հայութիւնն է»։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել՝ www.diasporanperspectives.org

