Սրբանկարի անակնկալը
Հռոմի ամենահին եկեղեցիներէն մէկն է այս, որուն որմնանկարները վերջերս մեծ վերանորոգութեան ենթարկուեցաւ։ Աշխատանքի աւարտին դիտողներ զարմանալով նկատեցին հրեշտակի կերպարին երկրի վարչապետուհի Ճորճիա Մելոնիի նմանութիւնը։
Իտալական Սան Լորենզօ Ին Լուսինա Տաճարի մէջ սրբանկարի մը վրայ կատարուած նորոգութիւնը, երբ աւարտեցաւ, բովանդակ Իտալիան ցնցող գայթակղութեան մը գետին ստեղծուեցաւ։

Հռոմի ամենահին եկեղեցիներէն մէկն է այս, որուն որմնանկարները վերջերս մեծ վերանորոգութեան ենթարկուեցաւ։ Աշխատանքի աւարտին դիտողներ զարմանալով նկատեցին հրեշտակի կերպարին երկրի վարչապետուհի Ճորճիա Մելոնիի նմանութիւնը։
Այժմ թէ՛ եկեղեցական շրջանակները եւ թէ Մշակոյթի նախարարութիւնը հետազօտութիւններ կը կատարեն որմնանկարի նախկին բնօրինակի եւ այժմու բաղդատութեան համար։
Ոմանք կը կարծեն թէ կատարուածը սրբապղծութիւն է եւ նմանութիւնը վերանորոգող անձնակազմի նախասիրութիւնը։
Միւս կողմէ Վարչապետուհին սոց ցանցի գրառումով յայտարարեց թէ նպատակ չունի հրեշտակի նմանելու։

