Երբ ԱՄՆ, Եւրոպա եւ Թուրքիա կ՚ողջունէին երբեմնի ահաբեկիչ Ճոլանիի գլխաւորած Ճիհատիստներու Սուրիոյ իշխանութիւնը նուաճելու արշաւը, շատեր լուրջ կասկածներ կը սնուցէին այդ իշխանափոխութեան հետեւանքներու մասին։ Արդարեւ նման մտահոգութիւնները մերթ ընդ մերթ իրականութեան կը վերածուին ալեւիադաւաններու կամ քրիստոնեաներու դէմ գործադրուող բռնութիւններով։ Որքան ալ Ճոլանի սափրէ իր մօրուքը, փողկապ կապէ վզին եւ արեւմտեան երկիրներ կատարած այցելութիւններով փորձէ տիրանալ օրինականութեան, իր անմիջական շրջանակը կը մնայ պահել արմատական իսլամի յատուկ վայրագ դիմագիծը։ Վերջերս այդ ջիղն է որ շարժման անցաւ, այս անգամ թիրախաւորելով Սուրիոյ քրիստոնեաները։
Ներկայ դրութեան մէջ կայծ մը իսկ բաւարար է պայթեցնելու վառօդով լեցուն տակառը։ Մինչեւ որ քաղաքական կամքը ներկայացնող բանակայիններ ապահովեն որոշ զսպուածութիւն, ճիհատական հրոսախումբերը դիւրաւ կը յաջողին սարսափի մթնոլորտ ստեղծելու։
Այդ էր որ պատահեցաւ քանի մը օրեր առաջ եւ իբրեւ թէ անվտանգութեան ծառայողներու հանդիսատեսութեամբ մոթոսիքլեթաւոր հրոսախումբեր խուժեցին քրիստոնէից թաղը, կրակեցին աջ ու ձախ եւ ստեղծեցին սարսափի պատկեր մը։
Շնորհիւ ապադարձ բռնութեան բացակայելուն, մեծ թիւով զոհուածներ չեղան եւ բանակայիններու վրայ հասնելով նախայարձակները դիմեցին փախուստի։ Երկրի քրիստոնեայ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին կատարուածի հանդէպ եւ պահանջեցին աւելի լուրջ կանխամիջոցներ, նման բնոյթի դէպքերու արգելք ըլլալու համար։



