Սուրիոյ 2026-ի ուսման ծրագրի մէջ ասորերէնը չկայ
Ասուրիներու «Սապրօ» թերթը հրապարակեց Սուրիոյ ժամանակաւոր կառավարութեան կողմէ պատրաստուած ուսման ծրագիրը։
Ասուրիներու «Սապրօ» թերթը հրապարակեց Սուրիոյ ժամանակաւոր կառավարութեան կողմէ պատրաստուած ուսման ծրագիրը։
Որքան ալ կառավարութեան պետ Ահմետ Ալ Շարա յայտարարած էր թէ քրտերէնը պաշտօնապէս ճանչցուած է իբրեւ ազգային լեզու, ուսման ծրագրին մէջ լեզուի գործադրութիւնը կը դասաւորուի իբրեւ նախընտրութեան առարկայ։
«Սիրիյաք Փրես»ի հաղորդումով կառավարութիւնը կը ձգտի խորհրդանշական միջոցներու, գործնականի մէջ դժուարացնելով քրտերէնի կամ ասորերէնի դասաւանդումը։
Ասորիներու տարբեր հատուածները ներկայացնող կուսակցութիւններ եւ հասարակական կազմակերպութիւններ ալ կը պահանջեն ասորերէնի գործածութեան իրաւունքին օրինական երաշխիքը։

