Սուրբ Կարապետի թաղականութեան լուսաբանութիւնը
Սուրբ Կարապետ Եկեղեցւոյ թաղականութիւնը Սկիւտարի Նուհ Գույուսու Պողոտային վրայ գտնուած իր հողամասը ծախեց Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան։ Այս մասին մամլոյ յայտարարութիւն մը կատարած Սկիւտարի Սուրբ Կարապետ Եկեղեցւոյ թաղականութիւնը նշեց, թէ հողամասը արդէն ապօրէն կերպով գրաւուած էր, չէին կրնար շահագործել եւ աւելին՝ հողամասին համար անշարժ գոյքի հարկ կը վճարուի։ Թաղականութիւնը յայտնեց, թէ վաճառքէն ստացուած գումարով նոր կալուած պիտի գնէ։
«Թաղականութեանս պատկանող հողամասի մը մեր կողմէ ծախուելէն ետք որոշ շրջանակներու մէջ սոցիալական ցանցերուն վրայ ապատեղեկատուական գրառումներ կը շրջին։ Ծագած է համայնքիս բացատրութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը։
Սկիւտարի Սուրբ Կարապետ Եկեղեցւոյ Դպրոցի եւ Գերեզմանատան թաղային խորհուրդը, վարչութիւնը ստանձնելէ ետք վերահասու եղած է Նուհ Գույուսու Պողոտայի վրայ գտնուած եւ ապօրէն գրաւման տակ գտնուող անշարժ սեփականութեան մասին։ Իսկոյն կատարուած են քննութիւններ։ Թաղականութեան պատկանող հողամասին մէկ երրորդը թաղականութեանս սեփականութիւնն է, իսկ մէկ քառորդը Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան սեփականութիւնը։ Տարածքի արժեւորման նպատակով շինարարական ընկերութիւններուն հետ զուգահեռ ընթացքի մէջ խօսակցութիւններ սկսած են։ Միւս կողմէ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան հետ ալ կապ հաստատուած է, ուր մեզի փոխանցուած է համատիրութեան վերացման (իզալէ-ի շույու) դատ բանալու հաւանականութիւնը։ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը բաժնետէր ըլլալով հարեւան ուրիշ մէկ հողամասով եւ մեծամասնութեան բաժնով տիրացող թաղականութեանս պատկանող հողամասը համատեղ գնահատելու նախագիծ մշակելու համար գնման առաջարկ փոխանցած է։
Պարզուեցաւ որ դատական գործողութենէ ետք կրնանք շատ աւելի նուազ գումարի մը փոխարէն տարածքի իրաւունքէն զրկուիլ։ Հետեւաբար աւելի տրամաբանական թուեցաւ կատարուած առաջարկին համակերպիլ։
Յաւելենք նաեւ թէ ստացուած գումարը պիտի շահագործուի հասութաբեր նոր կալուած մը գնելու համար» ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

