Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի հիմնադրութեան 174-րդ ամեակը ըստ աւանդութեան նշուեցաւ նախորդ հինգշաբթի Համբարձման Տօնին։ Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազանի նախագահած հոգեւոր արարողութենէ ետք սարքուեցաւ ընթրիք։ Այստեղ Հոգաբարձութեան Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, ելոյթ ունենալով բացատրութիւններ տուաւ վերջին մէկ տարուայ ընթացքին կատարուած գործունէութեանց մասին։ Ան նշեց որ մօտ 9 միլիոն ԱՄՆ տոլարի հասնող ներդրումներ կատարուած են, Հիւանդանոցը օժտելով սիրտ-անոթային հիւանդութիւններու վիրահատման սարքաւորումներուն համար։
Ատենապետը նշեց նաեւ թէ յառաջիկայ տարի պիտի սկսի հիւլէական բժշկագիտութեան բաժնի շինութիւնը։
Ան նաեւ նշեց թէ Հիւանդանոցը դիմագրաւած է 1344 կարօտեալ համայնքայիններու բուժման ծախսերը, որ կը գերազանցէ 13 միլիոն ԹԼ.։
Շիրինօղլու նաեւ նշեց թէ ինչպէս նախորդ տարիներ, այս տարի ալ Պատրիարքարանին կը յանձնեն հիւանդանոցի տարեկան հաշուետուութիւնը։



