Լրագրողական փոխանակման ծրագրի շրջանակներուն Թուրքիա այցելած հայ լրագրողներու խումբին հնարաւորութիւն ընձեռուեց տեղին պարզել, թէ ինչ աշխատանքներ կը տարուին թրքական կողմէն՝ երկաթուղին գործարկելու ուղղութեամբ։
Հայ լրագրողներու խումբը Կարս քաղաքէն գնացքով ուղեւորուեցան Աքյաքա քաղաք, մօտ 57 քմ. երկարութեամբ ճանապարհի ուղեւորութիւնը տեւեց մօտ 50 վայրկեան, իսկ արդէն Աքյաքա կայարանէն դէպի Կիւմրի երկաթուղային ճանապարհով ընդամէնը 18-20 քմ. է, որ հնարաւոր կ՚ըլլայ անցնիլ 30-40 վարկեանին, սակայն սահմանի փակ ըլլալու պատճառով Աքյաքայէն դէպի Կիւմրի հասնելն այս պահուն անհնար է։
Աքյաքայի քաղաքապետ Էրկիւտէր Թոփթաշ զրոյցի ընթացքին նշեց թէ՝ լաւատես է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին։



