Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի թրքական կողմի յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչ յայտարարեց որ «Թրքական Օդային Գիծեր»ը 2026ին թռիչքներու պիտի սկսի Պոլիս-Երեւան-Պոլիս թռիչքներով։
Առաջին թռիչքը պիտի կատարուի 11 Մարտ 2026ին։ «Թրքական Օդային Գիծեր»ու կայքէջին վրայ զետեղուած են թուականները, շաբթուան բոլոր օրերը թռիչք պիտի կատարուի։




