Թուրք Օդային Ուղիներու Turkish Cargo-ն Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ կատարեց առաջին չուացուցակային բեռնափոխադրման թռիչքը։ Այս թռիչքով երկու դրացի երկիրներու միջեւ փոխադրական կապերուն մէջ արձանագրուեցաւ նոր զարգացում։
Turkish Cargo-ի հաղորդագրութեան մէջ գրուած էր՝ «Իսթանպուլ–Երեւան–Իսթանպուլ գծի առաջին թռիչքը կատարուեցաւ 2026 թուականի Նոյեմբեր 15-ին, Կիրակի օր։ Գործողութիւնը իրականացուեցաւ ընկերութեան տարածաշրջանային կառավարման եւ գործառնական խումբերու համատեղ աշխատանքով»։
Turkish Cargo-ն նաեւ յայտնեց, որ նոր երթուղին աւելի պիտի ընդլայնէ իր համաշխարհային լոճիսթիք ցանցը եւ երկու երկիրներուն միջեւ արդիւնաւէտ ու վստահելի բեռնափոխադրման ծառայութիւններ պիտի ապահովէ։
Բեռնատար թռիչքներու մեկնարկը տեղի ունեցաւ որպէս Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ շարունակուող ջանքերու մէկ մասը։ THY Cargo-ն նոր թռիչքներով նպատակ ունի զարգացնել Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ օդային փոխադրումները եւ ամրապնդել երկու երկիրներու միջեւ առեւտրական կապերը։



