25 Օգոստոս երեքշաբթի օր, ձերբակալուած են Հ.Հ. երկրորդ նախագահ Ռոպերտ Քոչարեանն ու անոր աւագ որդին՝ Սեդրակ Քոչարեանը։
Իրաւապահները խուզարկութիւններ եւ այլ քննչական գործողութիւններ կը կատարեն քանի մը տասնեակ հասցէներու վրայ։ Գործողութիւններ կը կատարուին նաեւ «Օրանժ Ֆիթնես» ակումբին եւ «Փլէյ Սիթի» զուարճանքի կեդրոնին մէջ, ինչպէս նաեւ անոնց տնօրէններու բնակարաններուն մէջ։
Ըստ շրջանառուող լուրերուն՝ այս կառոյցները կը պատկանին Քոչարեան ընտանիքին։
Քննութեան շրջանակին մէջ ընդհանուր առմամբ մինչեւ հիմա վեց անձ ձերբակալուած է։



