Ո՞րն է ազգային արժէքներու սահմանումը
Նախորդ տարիներուն յաճախ կրկնուած համերգներ արգիլելու գործընթացը դարձեալ օրակարգի վրայ է։ Պէշիկթաշի գաւառապետը արգիլեց մեթալ երաժշտութեան երկու տարբեր խումբերու համերգային ծրագիրը։ Այսպէս «Սլաութըր Թու Փրեվէյլ» եւ «Պեհեմոտ» խումբերը, իրենց երաժշտական սեռի մէջ միջազգային համբաւ ունեցող խումբեր են, որոնք կու գան Ռուսաստանէ եւ Լեհաստանէ, 10 եւ 11 Փետրուար թուականներուն «Զօրլու» համերգասրահի բեմէն իրենց ելոյթը կատարելու։
Բաւականին վիճելի է Պէշիկթաշի գաւառապետի պատճառաբանութիւնը, ըստ որու անոնց երաժշտութիւնը չի պատշաճիր ազգային արժէքներուն։
Իրականութեան մէջ արգելքի որոշումի ետին գործողը «Աքիթ» թերթի հրապարակումներն են։ Թերթը այս խումբերը թիրախաւորած էր սատանայապաշտ ըլլալու մեղադրանքով։
Իզուր էր «Սլաութըր Թու Փրեվէյլ» խումբի մենակատար Ալեքս Թերիպլի մեղանչումը, բացատրելու համար, որ ինք հաւատացեալ մըն է եւ նպատակ չունին Սատանա փառաբանելու։

