ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարներուն կը ներկայացուի Հայաստանին՝ անդամավճարներու պարտքերուն համար կազմակերպութեան մարմիններուն մէջ ձայնի իրաւունքէն զրկելու որոշման նախագիծը, յայտարարեց Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, կազմակերպութեան անդամ երկիրներու 10 Նոյեմբերին կայացած արտաքին գործոց նախարարներու ժողովէն ետք:
Նշենք, որ 2024-էն ի վեր Երեւան դադրեցուցած է իր անդամավճարներուն փոխանցումները:
Միաժամանակ, Լաւրով նշեց, որ Հայաստան ՀԱՊԿ-էն եւ Եւրասիական Տնտեսական միութենէն դուրս գալու պաշտօնական դիմում չէ ներկայացուցած եւ աւելցուց. «Հայաստանը ՀԱՊԿ-էն դուրս պիտի չդնենք»:
«Ըստ իս, երբ Նիկոլ Փաշինեանը կ՛ըսէ՝ «Ես, ի հարկէ, կ՚երթամ Եւրոմիութիւն, ինձմէ հանրաքուէ կը պահանջուի, որ հայ ժողովուրդը որոշէ՝ որտեղ է իր համար լաւ՝ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը՞, թէ՛ ԵՄ-ը, ես այդ ընտրութիւնը կ՛ընեմ, երբ պաշտօնապէս յայտ կը ներկայացնեմ, եւ ինձ անոր վերաբերեալ կը պատասխանեն», այդ մէկը այլեւս ընտրութիւն չի նկատուիր, այլ ժողովուրդը կանգնեցնել կատարուած փաստի առջեւ», պնդեց Լաւրով:
Ան նաեւ հարց տուաւ, որ եթէ ՀԱՊԿ-ը Հայաստանի ապահովական պահանջները չի բաւարարեր, ապա Հայաստան ինչու չի հեռանար անկէ։
2022-ին Հայաստանի վրայ տեղի ունեցած ատրպէյճանական յարձակումէն ետք, երբ ՀԱՊԿ-ը ոչ միայն օգնութիւն չցուցաբերեց Հայաստանին, այլ նաեւ քաղաքական գնահատական չտուաւ հայկական տարածքներու բռնագրաւման, պաշտօնական Երեւանը դադարեցուց ՀԱՊԿ-ի աշխատանքներուն մասնակցիլը։
Փաշինեան եւ Մաքրոն
քննարկեցին Հայաստան-Ֆրանսա
գործընկերութեան վերաբերող հարցեր
Էլիզէի պալատին մէջ 10 Նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հանդիպումը:
Ֆրանսայի նախագահը ողջունեց Հայաստանի վարչապետին այցելութիւնը եւ մասնակցութիւնը Փարիզի Խաղաղութեան համաժողովին: Ան նշեց, թէ այդ հանդիպումը լաւ առիթ մըն է քննարկելու երկկողմանի ռազմավարական յարաբերութիւններու օրակարգը:
Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը եւ կարեւոր նկատեց բոլոր ուղղութիւններով կապերու զարգացումն ու ընդլայնումը:
Զրուցակիցները քննարկեցին երկկողմանի փոխգործակցութեան վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ ենթակառուցուածքներու եւ այլ ուղղութիւններով համատեղ ծրագիրներու ընթացքին:
Քննարկուեցան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան հետագայ զարգացման, որոնց կարգին մուտքի վիզաներու ազատականացման գործընթացին եւ Եւրոպական Միութեան աջակցութեամբ իրականացուող բարեփոխումներու ընթացքին վերաբերող հարցեր։
Փաշինեան եւ Մաքրոն միտքեր փոխանակեցին նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներու եւ տեղի ունեցող գործընթացներու շուրջ:
Փաշինեան Ֆրանսայի մէջ մասնակցեցաւ Փարիզի Խաղաղութեան 9-րդ համաժողովին: Նոյեմբեր 10-11-ին տեղի ունեցող համաժողովը այս տարի կը կրէ «Ինքնիշխանութենէ դէպի համագործակցութիւն» խորագիրը: Քննարկումներու առանցքը կը կազմեն միջազգային տագնապները, անվտանգութեան մարտահրաւէրները, տնտեսական համագործակցութիւնը, նոր արհեստագիտութիւններն ու կլիմայական խնդիրները:
Վարչապետ Փաշինեան
ժամանեց Անթալիա
Վարչապետ Փաշինեան Փարիզեան հանդիպումներէն ետք ժամանեց Անթալիա, այս անգամ մասնակցելու համար Միացեալ Ազգերու Կլիմայի Փոփոխութեան 31-րդ Համաժողովի (COP31) ընթացքին կայանալիք Առաջնորդներու Գագաթնաժողովին։
Արմենփրեսի փոխանցումին համաձայն՝ Փաշինեան Թուրքիա այցելութեան մասին տեղեկութիւնը կիսած է իր Ֆէյսպուքի էջէն։ Հայաստանի վարչապետը Անթալիոյ միջազգային օդակայանին մէջ դիմաւորուած է Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան փոխնախարար Սերտար Չամի կողմէ։ Առաջնորդներու Գագաթնաժողովէն առաջ Փաշինեանը դիմաւորած են նաեւ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշը եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանը։
Փաշինեանի այցելութեան ընթացքին նախատեսուած է նաեւ, որ ան երկկողմանի հանդիպումներ ունենայ օտար գործընկերներու հետ։
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան, Սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ Փաշինեանի հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին, Հայաստանի վարչապետը հրաւիրած էր COP31-ի Առաջնորդներու Գագաթնաժողովին։ Նոյեմբերի 9-20-ին Անթալիա կայանալիք COP31-ի շրջանակին մէջ՝ Նոյեմբերի 11-12-ին, աշխարհի առաջնորդներու մասնակցութեամբ կը կայանայ Առաջնորդներու Գագաթնաժողովը։
Նոյեմբերի 11-ին, կայացած է Էրտողան-Փաշինեան հանդիպումը։ Երկու երկիրներու հրապարակած պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ նշուած է, որ երկու առաջնորդներն ալ շեշտած են մինչեւ օրս ձեռնարկուած քայլերը, ձեռք բերուած համաձայնութիւնները, ինչպէս նաեւ առեւտրական եւ տնտեսական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման կարեւորութիւնը։



