Վասպուրականի ազգագրական պարերու աշխատանոց-ներկայացում
Հայոց աշխարհագրութեան մէջ Վասպուրական կոչումով կ՚ակնարկուի Վանայ Լիճը շրջապատող տարածքը, որ կը ներառէ Վանը, Բաղէշը եւ Մուշը։ Ան այս դիրքով անմիջական հարեւանն է նաեւ Տարօնի։
«Պիրարատա Տանս» նախաձեռնութեան հեղինակներն են Լեւենդ Սոյ եւ Զիլան Քաքի։ Սոյն զոյգը այս նախաձեռնութիւնով կ՚ուզեն Անաթոլիայի, Միջագետքի եւ Պալքանիան թերակղզիի ժողովուրդներու աւանդական պարերը մասնակիցներուն փոխանցել եւ այդ ձեւաչափերով ալ բեմադրութիւններ պատրաստել։
Անոնք այս անգամ իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած են Վասպուրականի հայկական ազգագրական պարերու վրայ։
Լեւենդ Սոյ աւարտած է Պողազիչի Համալսարանի Տարրագիտութեան Ճարտարագիտութեան բաժինը։ Ան տակաւին համալսարանի տարիներէն մասնակցած էր Ֆոլքլորի ակումբի պարային աշխատութիւններուն։ Մօտ 30 տարիներէ ի վեր գլխաւորութեամբ «Քարտէշ Թիւրքիւլեր» նախագծին, զանազան գեղարուեստական եւ պարային նախաձեռնութիւններու մասնակցած է։ 2019-էն այս կողմ ալ «Պիրարատա Տանս» նախաձեռնութիւնով պարի ուսուցում կը ջամբէ։
Զիլան Քաքի նոյն համալսարանի Հոգեբանութեան բաժինը աւարատած է։ Անոր ալ պարային հակումներու առաջին օրրանը եղած է համալսարնի ֆոլքլորի ակումբը։ Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք մաս կազմած է «Քարտէշ Թիւրքիւլեր» նախագծին իբրեւ պարող, բեմադրող եւ լուսաւորման մասնագէտ։
1915-ին յաջորդող տարիներուն, երբ Վասպուրականի հայութիւնը ցրուեցաւ աշխարհի չորս կողմը, իր հետ տարաւ նաեւ բնօրրանի ազգագրական երգ ու պարը։ Այդ զանգուածը օտար հողերու վրայ կրկին արմատներ արձակեց, յաղթահարեց բազում դժուարութիւններ եւ յաջողեցաւ իր ուրոյն գոյութիւնը պահել։ Ինչպէս ինքնութեան իւրաքանչիւր վերակառուցման պայմաններուն, Վասպուրականի ազգագրական պարերն ալ այլ մշակութային տարրերու հետ որոշ շփումներ ունեցան թէ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան, թէ Խորհրդային շրջանի եւ թէ վերանկախացման ժամանակահատուածներուն։
Այդ նոյն պարերը իրենց ծաղկած հողերուն վրայ ալ շարունակեցին գոյութիւն պահել, որոշ ձեւափոխումներ ապրելով Թուրքիոյ հանրապետութեան ազգային պետութիւն հիմնելու գործընթացին մէջ։
«Կորանի», «Գերցի», «Մայրոքէ», «Փափուրի» կամ «Եարխուշտա»յի նման պարերուն Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ կատարուող բեմադրութիւնները եւ անոնց երբեմնի երանգները բաղդատական քննարկումի մը պիտի ենթարկուին աշխատանոցի մը ձեւաչափով։ Այս աշխատանոցի միջոցաւ պարերու ճամբով երթ մը պիտի կատարուի հասարակական յիշողութեան արահետներու վրայ։ Մերթ պարերու քայլերը, մերթ եղանակները մէյմէկ ուղեցոյց պիտի ըլլան այս բաղդատութեան մէջ։
Աշխատանոց-ներկայացումով պիտի պարզուի ազգագրական պարերու իբրեւ մշակութային տարր, պատմական անցուդարձերուն ազդեցութեան տակ ինչպիսի փոփոխութիւններու ենթարկուելուն, յարատեւութիւնը ինչպէս ապահովելուն մասին որոնումներ պիտի կատարուի անցեալի եւ ներկայի վերաբերեալ վիտէօ նմոյշներու քննարկումով։
Վասպուրական-Վանի պարային յիշողութեան աշխատանոցը պիտի կայանայ 8 Փետրուար, կիրակի 14,00-20,00 ժամերու միջեւ, «բոկոտներու ընկերութիւն» պարախումբի աշխատանոցի մէջ։
Մասնակցիլ ցանկացողներ պարտին արձանագրուիլ [email protected] հասցէի միջոցաւ։

