«Ինֆոքոմ»-ի հաշուարկով՝ 2026-ի սկիզբէն մինչեւ Հոկտեմբերի վերջ Հայաստանի զինուած ուժերը ունեցած են 43 զինուորականի կորուստ՝ բոլորն ալ ոչ մարտական հանգամանքներով։ Այս ընդհանուր թիւը, սակայն, կ՚ընդգրկէ նաեւ զինուորական ծառայութեան հետ ուղղակի կապ չունեցող մահերը։
Հելսինքեան քաղաքացիական համաժողովի Վանաձորի գրասենեակին համաձայն՝ մինչեւ Յուլիս 21 արձանագրուած 30 մահերէն 11-ը պաշտօնապէս կապուած էին զինուորական ծառայութեան, իսկ մնացեալ 19-ը՝ այլ հանգամանքներու հետ։ Այս տարբերութիւնը անհրաժեշտ է նկատի ունենալ մահերուն պատճառներն ու բանակին մէջ տիրող պայմանները գնահատելու ատեն։
Վերջին ողբերգութիւնը պատահած է Հոկտեմբեր 31-ին, երբ Պաշտպանութեան նախարարութեան զօրամասերէն մէկուն մէջ յայտնաբերուած է 19-ամեայ զինուոր Տիգրան Ստեփանեանի դիակը՝ հրազէնային վէրքով։ Մահուան հանգամանքները պարզելու համար քննութիւն բացուած է։
Զինուորներու մահերը երկար ատենէ ի վեր մտահոգութիւն կը պատճառեն իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն։ Հելսինքեան քաղաքացիական համաժողովի Վանաձորի գրասենեակը բազմիցս ահազանգած է բանակին մէջ անձնասպանութիւններու, սպանութիւններու եւ այլ ողբերգական դէպքերու մասին՝ պահանջելով կանխարգելիչ ազդու միջոցներու որդեգրում եւ պատասխանատուութիւններու յստակացում։
Պարզուած պատկերը խորապէս տխուր է եւ անընդունելի, մանաւանդ ռազմական գործողութիւններու բացակայութեան ներկայ պայմաններուն մէջ։ Զինուորներուն կեանքն ու անվտանգութիւնը պաշտպանելը պէտք է ըլլայ պետութեան առաջնահերթ պարտաւորութիւններէն մէկը։ Իւրաքանչիւր նման մահ մարդկային ողբերգութիւն մըն է, ընտանիքի մը համար՝ անփոխարինելի կորուստ։ Ան չի կրնար պարզապէս վիճակագրական նոր թիւ մը դառնալ կամ մոռացութեան մատնուիլ պաշտօնական ցաւակցութենէ մը ետք։ Անհրաժեշտ են անաչառ քննութիւններ, պատասխանատուութիւններու ճշդում եւ, ամէնէն առաջ, նոր ողբերգութիւններու կանխման վճռական քայլեր։
«Նոր Յառաջ»ի սոյն լրատուութիւնը կարդալէ ետք ակամայ կը տարուինք Հայաստանի Հանրապետութեան զինուժէ ներս տիրող անկարգութիւններու եւ հրամանատարներու կաշառակերութեան խնդրին։ Բանակի ձեւաւորումէն այս կողմ տիրող անկարգութիւնը կարելի չէ եղած ամբողջովին արմատախիլ ընել, քանի մեղաւորները յատուկ պաշտպանութեան կ՚արժանանան բանակի շարքերէ ներս տիրող աստիճանակարգի պայմաններուն։ Անպատժելիութիւնը նորանոր յանցագործութիւններու գետին պատրաստող գլխաւոր գործօնն է։ Օրէնքի եւ մարդու իրաւունքներու գերակայութիւնը հասարակութեան մէջ հիմք չեն ունենար եթէ յստակօրէն հաստատուած չըլլան պետական-պաշտօնական կառոյցներու մէջ։
Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները կը հպարտանան սահմանային բախումներու հետեւանքով զոհեր չարձանագրելու խնդիրով։ Սակայն տասը ամիսներու ընթացքին ոչ մարտական պայմաններու տակ գրանցուած 43 կեանքի կորուստը լուրջ պատասխանատուութիւն կը բեռցնէ բանակի հրամանատարութեան կողքին, իշխանութեան շրջանակներուն ալ ուսերուն։



