Հայաստանի մէջ քանի կը մօտենայ 7 Յունիս թուականը ընտրութեան մասնակցողներու մեկնարկած քարոզարշաւն ալ թափ կը ստանայ մերթ ընդ մերթ տեղի տալով որոշ լարուածութիւններու։
Քանի մը օր առաջ շրջանառութեան դրուեցաւ վիտէյօ ժապաւէն մը, ուր դիմակաւոր զինեալներ Վարչապետ Փաշինեանին կը սպառնային սպանութեամբ։
Տեսանիւթի յայտնուելէն ետք Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան շրջանակներ, հարցաքննութեան դիմեցին դիմակաւորներու ինքնութիւնը պարզելու համար։
Տեսանիւթի մէջ անոնցմէ մէկը Վարչապետը պատասխանատու կը համարէր Արցախի հայաթափումէն եւ բազում անգամներ կ՚անարգէր ստախօս ըսելով։
Հարցաքննութեան Յանձնախումբի մամլոյ յայտարարութեան համաձայն կասկածեալները այս նկարահանումը ուղիղ եթերի ընթացքին հրապարակելու համար թափանցած են համակարգչային ցանցերուն։
Յանձնախումբը այս նկարահանումը որակած է վարչապետի կեանքի անվտանգութեան ուղղեալ սպառնալիք մը ըլլալով։
Դիմակաւորը ըսած է թէ «Գիտենք թէ ե՞րբ եւ ո՞ւր կ՚երթաս։ Իւրաքանչիւր քայլիդ համար հաշիւ պիտի պահանջենք»։ Յայտարարութեան մէջ նշուած է որ հարցաքննութիւնը կ՚ընդանայ սպանութեան ձեռնարկելու, համակարգչային ցանցերը կացինահարելու եւ ապօրէն կերպով զէնք ու զինամթերք պահելու մեղադրանքով։
Փաշինեան իր քարոզարշաւի ժամանակ անդրադարձաւ այս նկարահանման՝ ըսելով թէ դիմակներու ետեւ պահուըտելով իրենք զիրենք ուժով ցոյց տալու կ՚աշխատին։ Եթէ հանեն այդ դիմակները, մենք պիտի տեսնենք ռազմաճակատէն փախչողները, նոյնիսկ մեր զինուորներուն թիկունքէն կրակողները։
Միւս կողմէ կարգ մը քաղաքական շրջանակներու համաձայն այս նկարահանումը ռուսական բնոյթ ունի եւ կը միտի բնակչութեան մէջ լարուածութիւն ստեղծելու եւ ներքին պառակտում հրահրելու։ Իսկ ոմանք ալ կը պնդեն թէ այս նկարահանման ետին իշխանութեան ձեռքը կայ, որ կը նպատակադրէ Փաշինեանի շուրջ զօրակցութիւնը ամրապնդելու։
Ըստ երեւոյթի նման բնոյթի դէպքերը յառաջիկայ օրերուն ալ աւելի ծաւալելու բնոյթ ունին։ Արդարեւ Լոռիի մարզի մէջ ալ որմազդները պատրելու մեղադրանքով սերման ենթարկուած են վեց անձեր։
Վարչապետի պնդումով նման դէպքերու հեղինակները կը վարձատրուին 200 հազար դրամով, որ մօտաւորապէս կը համապատասխանէ 510 ԱՄՆ տոլարի։ Այս ծիրէն ներս Երեւանի մէջ ոստիկանութիւնը 15 հացէներ խուզարկեց, զէնք ու զնամթերք փնտռելու համար։
Այս բոլորին մէջ յատուկ նշանակութիւն ունի Արմէն Յովհաննիսեանի մահը, որ որմազդները պատրելու մեղադրանքով բերման ենթարկուած եւ ապա փոխադրուած էր հոգեբուժարան։



