Ուրախառիթ հանդիպում երեք ակադեմականներու հետ
Արտակարգ ուրախութիւն էր խմբագրատան մէջ հիւրընկալել Հայաստանէն ժամանած երեք երիտասարդ ակադեմականները։ Սալվինէ Մարկոսեան, Նելլի Խաչատուրեան եւ Մարիամ Յարութիւնեան Գիտութիւններու Ակադեմիոյ սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու հնագիտութեան եւ ազգագրութեան բաժնի կրտսեր գիտաշխատողներ են։
Ինստիտուտը ցարդ այցելութիւններ կատարած է աւելի քան 20 երկիրներ։
Թերեւս ալ ճիշդ այս հանգամանքն է որ արտակարգ ուրախութիւն պատճառած է մեր մօտ, քանի որ հայ ակադեմական շրջանակներու, մանաւանդ ալ սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու յամառ թերացումն է անտեսել Պէյրութ եւ Հալէպէ դուրս մնացած Միջին Արեւելքի եւ Թուրքիոյ գաղութները։ Չես գիտեր ինչպիսի դրդումով Հայաստանի թէ պետական եւ թէ ակադեմական շրջանակները երբ սփիւռք կ՚ըսուի, իսկոյն կը մտաբերեն հիւսիսային Ամերիկան եւ ապա Եւրոպական երկիրները։ Թերեւս այս ալ ունի իր տրամաբանութիւնը, քանի որ սոյն երկիրներէ ներս այլասերումը եւ ձուլումը հասած է ամենաբարձր մակարդակի։
Վերջին հաշուով նկատեցինք թէ նախ «Ակօս»ի խմբագրատուն եւ ապա «Արաս» հրատարակչատուն եւ «Եսայեան» միութիւն կատարած այցելութիւնները խոր տպաւորութիւն թողած են մեր հիւրերուն վրայ եւս։
Մեզի համար շատ հաճելի հանդիպում մըն էր այս, քանի որ աոթած է նոր բարեկամութիւններ հաստատելու ակնկալութիւնը հայրենի երկրի երիտասարդ ակադեմականներու հետ։

