«Ակօս» իր նախորդ համարով ահազանգած էր Թուրքիոյ Կրթութեան նախարարութեան վերջին միջամտութեան դէմ։ Արդարեւ նախարարութեան քննիչները այցելած էին փոքրամասնութիւններու պատկանող դպրոցներ եւ պահանջած էին թէ վերջ տրուի հիւր աշակերտի կարգավիճակին։ Ինչպէս ծանօթ է այդ կարգադրութիւնը եղած էր տասնամեակ մը առաջ եւ մեր վարժարաններուն արտօնուած էր Հայաստանի քաղաքացի աշակերտներ արձանագրել հիւր աշակերտի հանգամանքով։ Անոնք պիտի կրնային հետեւել դասաւանդութիւններուն, պիտի կրնային մասնակցիլ քննութիւններուն, բայց աւարտին զրկուած պիտի ըլլային պաշտօնական վկայականէ կը։ Այսպէսով իրենց դէմ փակուած կ՚ըլլար ԲՈՒՀ-եր յաճախելու իրաւունքը։
ՄազլումՏէր Մարդասիրական Միութեան կեդրոնական վարչութիւնը այս մասին «Ակօս»ին յայտնած է թէ իրենք արդէն կը բողոքէին աշակերտներու վկայական ստանալու իրաւունքին դիմաց յարուցուած արգելքէն։
«Հիմա աւելի լուրջ խնդիրի մը հետ դէմհանդիման կը գտնուինք, քանի որ բոլորովին կ՚արգիլուի այդ աշակերտներու իրենց համայնքային դպրոցները յաճախելու իրաւունքը» ըսուած է ՄազլումՏէրի յայտարարութեան մէջ։
Յաւելենք նաեւ թէ քննիչները այդ աշակերտներուն ուսման համար մատնացոյց ըրած են պետական վարժարանները եւ յատուկ, այսինքն վճարովի դպրոցները։ Այս ալ կ՚ապացուցէ թէ արգելքի մտայնութիւնը հիմնուած է հայ աշակերտը, հայ վարժարանէ զրկելու չարամտութեան վրայ։
Նիւթի հետ առնչուած համայնքային հաստատութիւններու միութեան կրթական յանձնախումբը 17 Օգոստոս երկուշաբթի երեկոյ, ժողով մը գումարած է Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ։ Ժողովին ներկայ գտնուած են համայնքային վարժարաններու տնօրէնները եւ հիմնադիրի ներկայացուցիչները։
Բացի հայաստանցի աշակերտներու դէմ յարուցուած այս սահմանափակումէն, օրակարգի եկած է նաեւ հայերէնի եւ կրօնքի դասապահներու ուսման ծրագիրները։
Պարտինք յիշել թէ Կրթութեան Նախարար Եուսուֆ Թեքին կարճ ժամանակ առաջ այցելած էր Պատրիարքարան եւ այստեղ հանդիպում մը ունեցած էր կրթական մշակներուն հետ։ Ան այդ այցելութեան ժամանակ բացատրութիւններ տուած էր գործող կառավարութեան կողմէ մշակուած ուսման նոր ծրագրին մասին։ Ան ըսած էր թէ բացի գիտելիքներու փոխանակումէն, դպրոցներէն կը պահանջեն բարոյական արժէքներով հզօրացած հաւատացեալ նոր սերունդ մը։
Ժողովին մասնակցած էր նաեւ Տրդատ Աւագ Քահանայ Ուզունեան, որ իր կարգին բացատրութիւններ տուաւ կրօնքի ուսման ծրագրի նոր պահանջներու պատշաճեցման գործընթացին մասին։
Ժողովի օրակարգի նիւթերէն մէկն ալ յատուկ խնամքի կարօտ երախաներու մատնուած դժուարութիւններն էին։ «Յոյս» միութեան վարչայինները անդրադարձան յատկապէս արձանագրութեան շրջանին յայտնուող դժուարութիւններուն եւ պահանջեցին որ դպրոցներու վարչութիւնները եւ տնօրէնութիւնները աւելի ընդգրկող մերձեցում ունենան յատուկ խնամքի կարօտ աշակերտներու հանդէպ։
Այս պահուն անպատասխան կը մնայ նախարարութեան շրջանակներուն գործադրած այս ճնշումներու դէմ հակազդեցութեան որ միջոցներուն, որու կողմէ գործադրուելու մասին հարցումները։
Յայտնի է որ փոքրամասնութիւններու պատկանող վարժարանները անգամ մը եւս թիրախը կը դառնան կարգ մը պետական պաշտօնեաներու կամայական արգելքներուն։ Անգամ մը եւս կը տեսնենք թէ համայնքի վերնախաւը նման կամայականութեան դէմ ի վիճակի չէ հասարակական իրաւունքները պաշտպանելու։
Կասկած չկայ թէ գործող իշխանութեան օրով պատմութեան տխուր մէկ շրջանը կը բոլորենք, երբ կը յօժարինք պարտադրուածը առանց առարկութեան կուլ տալու, յանուն կեղծ համերաշխութեան։



