Վարժապետեաններու, Վարուժան Քէօսէեանի, Վեհանոյշի Ազգին Տան բոլոր բնակիչներու հասարակ յայտարարը արտագաղթած որդիներն ու դստերն էին։
Իրենց յառաջացած տարիքին բոլորն ալ զրկուած էին զաւկական խնամքէն։ Ճիշդ էր որ խնամքի կարիք ունէին, բայց զիրենք տանջողը այդ կարիքէն շատ ու շատ աւելի ճնշող կարօտի զգացումն էր։ Հազիւ նկարներու միջոցաւ կը հետեւէին թոռներու մանկութենէ դէպի պատանութիւն անցնելուն։
Յաճախ իրարու կը պատմէին իրենց զաւակներուն եւ թոռներուն-թոռնուհիներուն մասին։ Այսպէսով զրոյցը կը շարունակուէր Մարսէյլէն, Պոսթըն, Ուաթըրթաւն կամ Նիւ Ճրզի։
Մէկզ միւսի մասին տեղեկութիւններն ալ նոյն եղանակով իմանալի կը դառնար։ Այդ զրոյցները կը վերակենդանացնէին նոյնիսկ առյաւէտ հեռացողները այս աշխարհէն։ Օրինակի համար Տիրանը կամ Աստղիկը՝ Վարուժանին կինը, ծանօթ դէմքեր դարձած էին ընկերական այդ միջավայրի մէջ։
Համարեա բոլորն ալ այցելած էին իրենց զաւակները, յագեցուցած կարօտի զգացումը եւ անհամբերութեամբ սպասած ետ դարձի թուականը։ Շտապած էին տուն դառնալու համար։ Մերժած էին իրենց հարազատներուն «Քիչ մը եւս մնացէք» առաջարկները։
Այդ օրուայ յետմիջօրէին պարոն Վարուժան Քէօսէեան աւարտած էր իր ամենօրեայ աշխատանքը հիւանդանոցի արխիւէն, աւելի ճիշդ արխիւէն մնացած, ոչնչանալէ փրկուած փաստաթուղթերու դասաւորման ծանր ու պատասխանատու գործը։
Միայն քանի մը տարիներ առաջ էր, երբ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի տնօրէն Սարգիս Շահպազի կարգադրութեամբ այս կարեւորագոյն հաստատութեան արխիւային նիւթերը հսկայ պարկերու մէջ ուղարկուեցան երկրի թուղթ արտադրող մեծագոյն գործարանը՝ «Սեգա», իբրեւ թուղթի հումք վերամշակելու համար։
Հիմա պարոն Քէօսէեան կամաւոր լծուած է այդ արխիւի մնացորդացը դասաւորելու։ Կարծես արդարացումը ըլլար «չկայ բարիք, չունենայ չարիք» հաստատումին, այդ աշխատանքի շրջանին երեք անգամ փոխեցին իր սենեակը, ամէն անգամուն քիդ մը եւս թեթեւցնելով գրադարանի պարունակութիւնը։ Իսկ գրադարանի պարունակութիւնը միայն գիրքեր չէին։ Կորսուեցան նաեւ բազմաթիւ անտիպ էջեր, որոնք վերջին ընթերցումէ մը ետք պատրաստ էին տպագրութեան։ Երբ աշխատողներէն մէկը ձեռագիրներու տրցակ մը վերջին պահուն աղբակոյտէն գտած ու հասցուցած էր իրեն, 83 ամեայ պարոն Վարուժան ապրած ծանր ցնցումով չէր կրցած արցունքները զսպել։
Ծերանոցի մէջ այդքան ալ դիւրին չէ նոյն ճակատագիրը բաժնողներուն բարեկամանալը։ Սակայն Վեհանոյշ, Վարժապետեաններ եւ Վարուժան Քէօէեան յաջողեցան այդ բարեկամութիւնը հաստատել, քանի ունէին իրար լսելու համբերութիւն։ Մանաւանդ տիկին Վեհանոյշ փորձելով տնազուրկ ամերիկացի իր բարեկամին հետ ստեղծած երկխօսութիւնով, դիւրաւ կրնար հաղորդակցիլ մարդկանց հետ, պայմանաւ որ գոյանայ փոխադարձ հանդուրժողութիւն։
Միշտ չէր որ բոլորը մէկտեղուած ըլլան, Վարժապետեաններու բացակայած մէկ պահուն Քէօսէեանը պատմած էր Պարոն Պօղոսի բարերարութիւնները։ «Ան սովորական բարերարներէն կը տարբերի այս առումով թէ, միայն քիչեր գիտեն իր առատաձեռնութեան մասին։ Ես անձամբ վկայ եղած եմ թէ այս հաստատութեան մէջ քանի քանի հայ բժիշկներու նուիրած է Բարսեղ Թուղլաճեանի «Արեւմտահայերը» ուսումնասիրութեան հատորները։ Իւրաքանչիւրը 100 ԱՄՆ տոլար արժող այդ քառահատորները նուիրեց այնպիսիներուն, որոնց տան մէջ առհասարակ գրադարան մը իսկ չկար։ Զինք մղողը հեղինակին օգնելու տրամադրութիւնն էր պարզապէս»։ Վեհանոյշի համար յայտնութիւն էին Քէօսէեանի պատմածները։
Իրեն մօտ գոյացած տպաւորութիւնը թոյլ չէր տուած նման պատկերացումի։ Պօղոս Վարժապետեանի կերպարը կը ներկայանար հնամաշ, բայց միշտ մաքրամաքուր տարազով։ Երեւոյթ մը՝ որ մտածել կու տայ տիկին Ալիսի հոգատարութիւնը իր ամուսնոյն հանդէպ։
«Պարոն Պօղոս նոյն առատաձեռնութիւնը ցուցաբերեց նաեւ, երբ հիւրահամերգներու համար քաղաք այցելած էր Հայաստանի Ակադեմական Երգչախումբը, խմբավար Յովհաննէս Չեքիճեանի հետ։ Այդ ժամանակ ալ համերգասրահի առաջին կարգերէն տասնեակներով տոմսեր գնեց, համայնքային վարժարաններու ուսուցիչներուն համար։ Այստեղ մղիչ միտքը ոչ թէ համերգներու կազմակերպիչ Սահակեան Միութեան աջակցիլ կամ զարգացնել հայ ուսուցիչի երաժշտական ճաշակը։ -Արժանապատւութեան խնդիր է, ուսուցիչը պէտք է առջեւի կարգերը նստի- ըսած էր եւ ամենասուղ տոմսերը ղրկած ուսուցիչներուն։ Հետաքրքրական է, ինչպէս Թուղլաճեանի հատորները ստացող բժիշկները, ուսուցիչներն ալ չիմացան թէ ուրկէ եկած էին այդ սուղնոց տոմսերը»։
Այս բոլորը լսելով Վեհանոյշ ակամայ մտածեց –Աստուած իմ ի՞նչ բարձր հոգիներ կան այս երդիկին տակ, որոնց արժանիքին մասին տեղեկութիւն չունին ոչ հոգաբարձութիւնները, ոչ ալ անոնց հետ միշտ արհամարհական ոճով խօսող պաշտօնէութիւնը։
(Շարունակելի)




