Տեսածները ու լսածները երկար ժամանակ զբաղեցուցին Վեհանոյշի միտքը։ Իրականութեան մէջ ցարդ յիշուած պատահարները տարիներու, բազում տարիներու անցեալէն վերայայտնուած պատկերներ էին պարզապէս։
Ներկայ ժամանակներուն վաղուց անդենական գացած էին թէ Վարուժան Քէօսէեանը, թէ Պօղոս եւ Ալիս Վարժապետեանները։ Ծերանոցի պատասխանատու բժիշկն ալ փոխուած էր Տոքթոր Պալըմեանին յաջորդեց մի այլ հեզահամբոյր անձնաւորութիւն՝ Տոքթոր Թերճանը, բայց ան ալ բոլորեց իր շրջանը եւ թոշակառու դարձաւ։
Խնամակալութեան կազմը նոյնպէս փոխուեցաւ տարիներու ընթացքին։ Իր եկած շրջանին պարոն Փիլօ Աթանն էր հոգաբարձութեան ատենապետը։ Բարի ու հեզ մարդ մը, որ իր նախասիրութիւնը չէր զոհեր տիտղոսին կամ կոչումին պահանջներուն։ Օրինակի համար չէր վարաներ իր գրասենեակին մէջ միս խորովելէ, ձմեռնային խաւուրմա պատրաստելու համար։
Երբ հարկ ըլլար, ինք եւս կ՚ընկերակցէր օրուայ Պատրիարքին, ընդհանրապէս ալ Շնորհք Սրբազան Գալուստեանին, դէպի Անգարա կատարած պաշտօնական այցելութիւններու ընթացքին։
Հանրապետութեան շրջանին յատկապէս ալ հայ համայնքի ազգային ժողովի լուծարումէն ետք, իբրեւ անգիր կանոն, ընդունուած էր որպէս կարեւորագոյն հաստատութիւն, Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետը ընդունիլ նաեւ համայնքի աշխարհիկ ներկայացուցիչ։
Փիլօ Աթան իր ատենապետութեան շրջանին թէեւ միշտ ստանձնեց իրեն վիճակած պարտականութիւնը, բայց երբեք չգործածեց այդ կոչումը կամ տիտղոսը, իբրեւ պիտակ։ Չըսաւ որ ինք ազգին աշխարհիկ պէտք է։
Կը փոխուին ժամանակներ, կը փոխուին դէմքեր, անուններ, որոնց հետ կը փոխուի նաեւ հասկացութիւններն ալ, ընկալումները, մտայնութիւնները…
Տիկին Վեհանոյշ ինքնամփոփուեցաւ իր մտքերուն։ Պահ մը յիշողութեան մէջ հոսեցան տարիները։ Քանի տարիներ անցած էին այս դռնէն ներս իբրեւ մնայուն բնակից մտնելէն ետք։
Այդ մտածումով արդէն դուրս կու գար ժամանակի ընկալումէն։ Երբեմն այնպէս կը թուէր թէ քիչ ետք Պերճ Էրզիեանը դուրս պիտի ելլէ իր սենեակէն, ջերմ պիտի բարեւէ զիրեն ու դանդաղ քայլերով պիտի ուղղուի դէպի ընդհանուր ճաշարան։ Գիտեր թէ երկար տարիներ անցած է անոր ալ բացակայութենէն։ Բայց նորէն ալ չէր կրնար արգելք ըլլալ մտքի այդ տեսակի մոլորութիւններուն։
Յուշերու նման զուգորդումները իսկոյն վերյիշումներու շատ իրական պատկերներով վերակենդանացման պատճառ կը դառնային։
Այս անգամ ալ պատահեցաւ այդ վերյիշումը եւ Վեհանոյշի աչքերուն առջեւ կարծես շարժանկարի տեսարան մը ըլլար, պատկերացաւ այն օրը, երբ Պերճ Էրզիեան իր քրոջ եւ անոր ամուսնոյն ընկերակցութեամբ դուրս կու գար ծերանոցէն, իր վերջին անհատական ցուցահանդէսին ներկայ գտնուելու համար։
Շաբաթ օրուայ մը յետմիջօրէին էր։ Փանկալթը թաղի մէջ ատամնաբոյժ Լեւոն Պոյաճըօղլուի եւ «Պիլիմ» տարրալուծարանի միասնաբար գործածած սպասման սենեակը վերածուած էր ցուցասրահի։
Այս ցուցահանդէսի գաղափարը ծագեցաւ, երբ հնավաճառ Արմենակ Տետէօլու իմաց տուաւ թէ Էրզեանէն բազմաթիւ գործեր հասած են իրեն եւ կ՚ուզէ որ անոնք վաճառէ այդ գործերու արժէքը գիտցող մարդկանց։
Փորձով ծանօթ իրողութիւն էր, Պոլսահայոց մօտ Էրզիեանի գործերուն որոշ ուշադրութիւնը երբեք չէր պակսած։ Այդ համոզումի վկայութիւնը անոր նախապէս կազմակերպուած ցուցահանդէսներն էին։ Ընդհանրապէս միութիւններու մէջ եղած այդ ցուցահանդէսները միշտ բարձր գնահատուած էին։ Յայտնի է որ, վերջինն ալ պիտի ունենար արժանի արձագանգը։
Կանխատեսումը այդպէս էր թէեւ, բայց արդիւնքը գերազանցեց բոլոր կարծիքները։ Ցուցահանդէսը ծանուցուած էր համայնքային մամուլի միջոցաւ։ Մեծ թիւով ներկայութիւնը անսպասելի էր թէ ցուցահանդէսի կազմակերպիչներուն եւ թէ արուեստագէտին համար։ Արդէն բաւականին նեղ տարածքը այնքան բազմամարդ էր որ, մարդիկ իրարու ուսերու վրայէն կը փորձէին դիտել ցուցադրուած նմոյշները։
Վեհանոյշ յիշեց նաեւ այդ օրուայ գիշերուայ ժամերուն Էրզեանի վերադարձը ծառանոց։ Բաւական յոգնած երեւոյթ ունէր։ Հազիւ յաջորդ առաւօտ կը պատմեր իր ապրածները։ «Կեանքիս ամենարդիւնաւէտ ցուցահանդէսն էր։ Չէր գիտեր թէ քանի գործ վաճառուեցան, բայց աւարտին բաւական լուրջ գումար յանձնեցին ինծի» ըսած էր իր բարեկամներուն։
Պարզուեցաւ թէ իր յոգնութեան պատճառը, միայն քանի մը ժամերու ընթացքին այդքան շատ մարդկանց շնորհաւորանքը լսելէն, բոլորին պատասխան մը տալէն յառաջացած էր, այլ ոչ թէ մարմնական աշխատանքէն։
Այս ապրումները վերյիշելու պահուն կրկին շփոթեցաւ ժամանակի ընկալումը։
-Նիկոլը պիտի գար, ե՞րբ էր այդ, յառաջիկայ շաբաթուայ համար ըսա՞ծ էր, թէ աւելի ուշ։
Ժամանակի ընկալման մասին շփոթը լուրջ խնդիր չէր անցեալի պատահարներու հաշւոյն, բայց կարելի չէր շփոթիլ այն ժամանակները, որոնք ապագայի մասին են։ Մտահոգութեամբ միջոցէ մը ի վեր սկսած էր այդ տեսակի ծրագիրները գրել ծոցատետրի մը մէջ, իբրեւ ապահովութեան միջոց մոռացութեան։
Եկուր տես որ հետզհետէ յաճախակի դարձած էր ծոցատետրի կորսուիլն ալ։
Վերջապէս ծերութիւնը թակած էր Վեհանոյշի դուռն ալ, բայց ան նպատակ չունէր այս տեսակի դժուարութիւններու անձնատուր ըլլալու։




