Սեւակ Պալըքճը սպաննուեցաւ 24 Ապրիլ 2011-ին, զինուորական պարտադիր ծառայութեան ընթացքին։ Հազիւ 23 օրեր մնացած էին այդ ծառայութիւնը աւարտելու համար։ Ոճրագործը՝ Քըվանչ Աղաօղլու եւս զինծառայող մըն էր եւ դէպքի պատահած օրը խորհրդանշական իմաստ ունէր։
Առաջին հերթին բանակայինները ոճիրը նկարագրեցին դժբախտ պատահար մը ըլլալով։ Ըստ իրենց եղածը «արկած»մըն էր պարզապէս։ Զոհուած զինուորի ընտանիքը եւ բարեկամները շուտով առարկեցին այս մեկնաբանութեան։ Սեւակի հայրը Կարպիս Պալըքճը պնդեց թէ կատարուածը ատելութեան դրդումով գործուած ոճիր մըն է։ Ծնողները համարեա բոլոր դատական նիստերուն մասնակցեցան, ներկայանալով Զինուորական Ատեանին։ Իրաւապաշտպաններ դիտել տալով դէպքի ականատեսներուն իրենց վկայութիւնները յաճախ փոխելու երեւոյթը, հարցական գտան շարունակուող դատավարութիւնը։
Այդ միջոցին Ռաքէլ Տինքի, Արատ Տինքի եւ Ուֆուք Ուրասի նման անուններու ալ մասնակցութիւնով կազմուեցաւ «Սեւակի համար արդարութեան նախաձեռնութիւն» մը։
Համարեա նոյն ժամանակներուն հայ երիտասարդներու կողմէ կազմուած «Նոր Զարթօնք» եւ «Ցեղապաշտութեան եւ Ազգայնապաշտութեան Դէմ» նախաձեռնութիւնը եւ բազմաթիւ մտաւորականներ կոչեր յայտարարեցին իրողութիւններու յայտնաբերման եւ արդար դատավարութեան պահանջով։
26 Մարտ 2013-ին, Զինուորական Ատեանը վճիռ կայացուց մեղադրեալ Աղաօղլուին դէմ գիտակցաբար թերանալով սպաննելու յանցանքին հետ առնչուած 4 տարի 5 ամիս եւ 10 օր բանտարկութեան։
Սոյն վճիռը ամբողջովին կ՚անտեսէր ատելութեան դրդումի վարկածը։
Սեւակ Պալըքճըի ընտանիքը խստօրէն դատապարտեց դատական վճիռը եւ յայտնեց թէ պիտի շարունակէ դատական պայքարը։
Արդարեւ Զինուորական Վճռաբեկ Ատեանը չեղեալ համարեց վճիռը եւ պահանջեց դատավարութեան կրկնութիւնը։
2016-ի յեղափոխութեան անյաջող փորձէն ետք փակուեցան Զինուորական Դատարանները եւ խնդիրը փոխանցուեցաւ Պաթմանի Քոզլուք գաւառի Հիմնական Պատժական Դատարանին։ Այս դատավարութիւնը սկսաւ 2018-ին եւ դատարանը ամբաստանեալը մեղադրեց դիտումնաւոր սպանութեան յանցանքով ու տնօրինեց 16 տարի, 8 ամսուան ազատազրկման պատժին։
13 Յուլիսին 2021-ին Վճռաբեկ Ատեանը հաստատեց այս վճիռը եւ դրաւ գործադրութեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանը այս երկրորդ վճիռը գնահատեց «ուշացած, բայց արդարութեան պահանջները մասամբ գոհացնող որոշում մը» ըլլալով։
«Նոր Զարթօնք» եւ այլ հասարակական կազմակերպութիւններ, Կարօ Փայլան եւ Սեզկին Թանրըքուլուի նման քաղաքական գործիչներ, այս ոճիրը դիտեցին իբրեւ ատելութեան հետեւանք։
Արդարեւ Սեւակ Պալըքճըի սպանութիւնը օրակարգի կը բերէր բանակի ծառայութեան ընթացքին զանազան եղանակներով մահացող շարքային զինուորներու եւ նման յանցագործութիւններու վայելած անպատժելիութեան սկզբունքի առկայութիւնը։
Կարպիս Պալըքճը որդւոյն սպանութենէն ուղիղ 11 տարի ետք 24 Ապրիլ 2022-ին, մահացաւ իր տան մէջ։ Ան այդ պահուն կը պատրաստուէր որդւոյն հոգեհանգստեան արարողութեան մասնակցելու համար տունէն դուրս գալու։
Կարպիս Պալըքճը թէ հայ համայնքի եւ թէ մարդու իրաւունքներու լայն շրջանակի մը համար դարձաւ արդարութեան պայքարի խորհրդանշական անուններէն մէկը։ Յաճախ յիշուեցաւ անոր բոլոր դատական նիստերու մասնակցելու կամքը եւ հասարակութեան կարծիք ձեւաւորելու ուղղեալ յամառ պայքարը։
24 Ապրիլի նախօրեակին մենք ալ ուզեցինք յիշատակել թէ տարաբախտ Սեւակ Պալըքճըն եւ թէ իր վշտահար հայրը՝ Կարպիս տայտայը։




