Պոլսահայ գեղանկարչական ոլորտի կարեւորագոյն դէմքերէն կը համարուի անուանի արուեստագիտուհի Վերժին Շապճը։ Շապճը այս օրերուս կը պատրաստուի անհատական նոր ցուցահանդէսի մը, որու բացումը պիտի կայանայ 7 Նոյեմբեր շաբաթ երեկոյ, Նշանթաշը՝ Կալերի Ատայի մէջ։
Ցուցահանդէսի բացման նախորդող օրերուն ուրախութիւնը ապրեցանք իր ներկայութիւնը վայելելու «Ակօս»ի խմբագրատան մէջ։
Բացի ցուցահանդէսի մասին տեղեկութիւններ փոխանցելէ ան պատմեց նաեւ իր կենսագրութեան կարեւոր հատուածները։ Իրմէ լսեցինք արտերկրի մէջ այցելած քաղաքները, այդ վայրերու տպաւորութիւնով արտադրած գործերը եւ վերջապէս ալ այս վերջին ցուցահանդէսին համար կատարած աշխատութիւնը։
Վերժին Շապճը Կալերի Ատայի ցուցահանդէսին պիտի ներկայացնէ 42 իւղաներկ կտաւներ, որոնք ամբողջական պատկերացում մը պիտի տան արուեստագիտուհիի անցած գեղարուեստական ճամբորդութեան մասին։



