Գումգաբուի Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ «Զելա» Ոսկերչութեան միջեւ դատը նոր հանգրուանի մը հասաւ։ Վճռաբեկ Ատեանի որոշումէն ետք, թաղականութիւնը Սահմանադրական Ատեան դիմելով՝ դատին սկիզբէն վերսկսելուն համար նոր դատավարութեան մը դիմում ըրած էր։ 30 Յունիսին տեղի ունեցած առաջին նիստը, դատարանը յետաձգեց մինչեւ 3 Դեկտեմբեր։ Եկեղեցւոյ երեք կալուածներուն համար աճուրդի գործընթացը սկսած է 29 Յունիսին։
Վճռաբեկ Ատեանը, թաղականութեան եւ «Զելա» Ոսկերչութեան միջեւ շարունակուող դատին կապակցութեամբ Գումգաբուի թաղականութեան «Զելա» Ոսկերչութեան վնասը հատուցելու պարտաւորութիւն ունենալը հաստատեց։ Վճռաբեկ Ատեանի որոշումէն ետք, «Զելա» ոսկերչութեան վարչական խորհուրդի նախագահ Նորայր Իշլէր, Գումգաբուի թաղականութեան պատկանող որոշ կալուածներու վրայ արգելանք դրած էր։
Դատարանի կողմէ նշանակուած փորձագէտը, անցեալ տարի եկեղեցապատկան ինը կալուածները քննելով, միջին արժէքներ ճշտած էր։ Ինը կալուածները կը գտնուին Գոց Շուկայի ամենագործօն շրջաններուն մէջ։ Խանութի յատկանիշ ունեցող կալուածներուն համար փորձագէտներուն կողմէ գնահատուած արժէքներուն ընդհանուր գումարը կը հասնի 371 միլիոն 725 հազար ԹԼ.-ի։
Նոր դատավարութեան առաջին նիստը տեղի ունեցաւ 30 Յունիսին։ Նիստին մասնակցեցան Գումգաբուի թաղականութիւնը եւ Զելա Ոսկերչութիւնը։ «Ակօս»ի հետ խօսելով, Գումգաբուի Սուրբ Աստուածածին Աթոռնիստ Եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան «Ակօս»ին յայտնեց թէ, դատավարութիւնը յետաձգուած է 3 Դեկտեմբեր թուականին։ Ինը կալուածներէն վեցին համար նախազգուշական միջոցի որոշումը ի զօրու է մինչեւ Օգոստոս ամսուան կէսը։ Մոսկոֆեան աւելցուց թէ միւս երեք կալուածներուն համար աճուրդի գործընթացը կը շարունակուի, որոնք պիտի տեւեն մէկ շաբաթ։ Մոսկոֆեան նշեց թէ իրաւական ջանքերու համար աշխատանքներ կը տանին։ Մոսկոֆեան նաեւ ընդգծեց թէ, կալուածներուն ծախուելու պարագային, եկամուտը «Զելա» Ոսկերչութեան պիտի փոխանցուի։




