ԵՄԻԱ-ը որոշեց Օսման Քաւալայի դատավարական նիստի թուականը
Օսման Քաւալայի դէմ բացուած դատական գործընթացը քննելու համար դիմում կատարուած է ԵՄԻԱի Բարձրագոյն Ատեանին։
8 տարիէ ի վեր բանտարկուած «Անատոլու Քիւլթիւր»ի հիմնադիր եւ գործատէր Օսման Քաւալա, որ կը մեղադրուի «Կէզի» այգիի ցոյցերը կազմակերպելով, դիմումներ կատարած է Եւրոպայի Մարդկային Իրաւունքներու Ատեանին իր անարդար ազատազրկման կացութեան համար։ ԵՄԻԱ-ի նախորդ որոշումները ոչինչ նկատուած են Թուրքիոյ դատական մարմիններու եւ իշխանութիւններու կողմէ։
Օսման Քաւալայի դէմ բացուած դատական գործընթացը քննարկման դիմում համար դիմում կատարուած է ԵՄԻԱի Բարձրագոյն Ատեանին։
Դատավարական նիստը տեղի պիտի ունենայ 25 Մարտ 2026ին։ ԵՄԻԱի Մեծ պալատը մինչեւ 29 Յունուար 2026-թուականը վերջնաժամկէտ տուած է Թուրքիոյ՝ որպէս կողմ դիմելու եւ ներկայանալու համար։

