Սայաթ Նովա Երգչախումբի շրջանակներու, Զաման եւ Թովմասեան ընտանիքներու, ինչպէս նաեւ Եշիլգիւղի Վարժարանի համար 21 Յունիս կիրակի օրը ամբողջութեամբ ձօնուած էր Մելիքճան Զամանին, իր մահուան Ա. Տարելիցի լրման առիթով։
Ընտանիքի անդամներ, դպրոցական պաշտօնակիցներ, երգչախումբի ընկերներ նախ մէկտեղուեցան Քուրուչեշմէի Երեւման Սուրբ Խաչ Եկեղեցին, հոգեհանգստեան պատարագի երգեցողութեամբ։ Ապա շիրիմի այցելութիւն կատարուեցաւ Պալըքլըի Գերեզմանատունը։
Այս հոգեւոր միջոցառումներէ ետք Պոյաճըգիւղի Սուրբ Երից Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սայաթ Նովա Երգչախումբի համերգային ծրագիրը։
Վոսփորի բարձունքի այս գողտրիկ եկեղեցին ամբողջովին լեցուն էր Մելիքճանի յիշատակը յարգելու փութացած ժողովուրդով։
Նարօտ Էրքոլ նախքան յայտագրի սկիզբը սեղմ տողերով նկարագրեց օրուայ իմաստը, շեշտելով թէ 11 Յունիսի Քարտէշ Թիւրքիւլերի համերգի մասնակցութենէ ետք այս երկրորդ անգամ է, որ հանդիսատեսին կը ներկայանան իրենց սիրելի ընկերոջ՝ նախկին խմբավար՝ Մելիքճան Զամանի բացակայութեամբ։
Ապա գործադրուեցաւ խմբերգային երաժշտութեան խնամեալ յայտագիր մը, նախ Մասիս Թաշը եւ ապա Արեն Սելվիօղլուի խմբավարութեամբ։ Սայաթ Նովա Երգչախումբի երիտասարդ կազմը ներկայացուց Կոմիտաս Վարդապետէ, Արամ Խաչատուրեանէ եւ այլոց գործերէ բաղկացող յայտագիր մը, որ իր աւարտին հասաւ ներկաներու յոտնկայս հետեւած Հայրապետական մաղթանքով։
Հայր Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան համերգի աւարտին արտասանեց հուսկբանքը, թարգման հանդիսանալով բոլորի զգացումներուն։ Ան յիշատակեց նախ Մելիք Կավրիլոֆը, որ երկար տարիներ այս երգչախումբի խմբավարութիւնը ստանձնելէ ետք իր տեղը թողած էր մի այլ Մելիքի՝ Մելիքճան Զամանին եւ հիմա ալ Արենը եւ Մասիսը եկած են այդ նուիրեալ պաշտօնը շարունակելու դժուարին գործը յանձն առնելու։ Հայր սուրբը շնորհաւորեց կատարուած աշխատանքը եւ յարատեւ յաջողութիւն մաղթեց խումբի անդամներուն։



