Թուրքիոյ քաղաքական օրակարգը այս շաբաթ դարձեալ խիստ փխրուն էր։
Ժողովրդահանրապետական Կուսակցութենէ ներս դատական միջոցառումով ստեղծուած անելը, լուծումի մը չհասնելով տեղի տուաւ իշխանութեան պառակտումին։ Մէկ կողմէն օրինական կերպով ընտրուած կուսակցութեան վարչակարգը, միւս կողմէն դատական որոշումով այդ աթոռին բերուած դրածոյ կուսակցապետ մը եւ Վճռաբեկ Ատեանին քննարկումը իրաւական արձակուրդի աւարտին յետաձգելու որոշումը, միասնաբար ստեղծեցին խիստ անպատեհ միջավայր մը։
Դէպքը անպատեհ է ընդդիմութեան հաշւոյն եւ բոլորովին պատեհ իշխանութեան համար։
Տուեալ պայմաններու տակ ընտրուած կուսակցապետ Էօզկիր Էօզէլ երեքշաբթի օր հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն եւ ձեռնարկեց զատ կուսակցութեան մը հիմնադրութեան։ Կասկած չկայ որ կուսակցութեան պատգամաւորներու մեծամասնութիւնն ալ հետեւին կուսակցապետի եւ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութիւնը Խորհրդարանին մէջ ներկայացուի միայն քանի մը պատգամաւորներով։
Միւս կողմէ դատական հարցաքննութիւնները նոյն թափով կը շարունակուին այս կուսակցութեան նուաճած քաղաքապետարաններուն դէմ։
Վերջին քանի մը օրերու ընթացքին բերման ենթարկուեցան զանազան քաղաքապետներ եւ քաղաքապետարանի բարձրաստիճան պաշտօնակատարներ։
Ուշագրաւն այն է թէ դատախազներ այս հարցաքննութիւններուն կը դիմեն կարգ մը անյայտ մեղադրողներու բողոքները նկատի ունենալով։ Այս բոլորին տեղի տուողը շատ անգամ պնդում մըն է միայն, որ զուրկ է իրաւացի փաստերէ եւ հիւսուած է լսումներու վրայ։
Նոյն թափով կը շարունակուի դերասաններու, երգիչ-երգչուհիներու եւ այլ հանրածանօթ դէմքերու ուղղեալ մեղադրանքները, որոնք առնչուած են թմրեցուցիչ նիւթերու օգտագործման, ձեռքբերման եւ վաճառման խնդիրներով։
Բացի այս բոլորէն, հանրութեան ուշադրութիւնը զբաղեցնող խնդիր մը դարձած է «Բարեկամ» մարդասիրական միութեան շուրջ ծաւալող զեղծարարութիւնը։
Թուրքիոյ մէջ շատ են այս տեսակի միութիւնները, որոնք քարոզչութիւններով դրամահաւաք կը կատարեն շահագործելով հասարակութեան խղճի զգացումները։ Նոյնիսկ այդ տեսակի միութիւններու համար օտար երկիրներու մէջ կատարուած հարցաքննութիւնները ամենայն զգուշութեամբ կը քօղարկուին իշխանութեան շրջանակներէ եւ իշխանամէտ մամուլէ եկած ջանքերով։ Իսկ «Բարեկամ» մարդասիրական միութիւնը չունենալով նման պաշտպանութեան զրահ, նշաւակ դարձած է կրօնական շրջանակներէ հրահրուած հալածանքներու։
Այս բոլորի ետին տիրող սղաճը եւ հետզհետէ աճող աղքատութիւնը չեն արժանանար պատշաճ ուշադրութեա



