Երկրի սահմանադրութեան մէջ թէեւ նշուած է քաղաքացիներու բողոքի իրաւունքը, բայց այդ իրաւունքի գործադրութիւնը կամայական որոշումներով կ՚առկախուի կուսակալներու հրահանգներու միջոցաւ։ Այս օրերուն ուշադրութեան կիզակէտին է Անգարայի կուսակալի այդ բնոյթով յարուցած արգելքները ի դէմ իրաւունք կամ արդարութիւն պահանջողներուն։
Ոստիկանութիւնը ստացած հրահանգին բերմամբ, երբ կը փորձէ ցրել ցուցարարները ինքն նոյնիսկ երբեմն կը դժուարանայ արցունքները զսպելու։



